ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովել կարելի չ՚ըլլար՝ առանց Մենպիչէն ու Եփրատի արեւելքէն ԵՓԿ-ի եւ ՓԵՏ-ի դուրսբերման։
Նախագահ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ գագաթաժողովի մը։ Իր տեսակին մէջ չորրորդ հաւաքն էր այս մէկը, որու ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարները։ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով երկար ժամանակէ ի վեր որոնումներ կը կատարուին Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման ուղղութեամբ։ Այս երեք երկիրները Աստանայի գործընթացի երաշխաւորներն են։ Երէկ եւս ամենաբարձր մակարդակի վրայ շարունակուեցան անոնց բանակցութիւնները, որոնք աշխոյժ եւ ծաւալուն աշխատանքի մը առիթ հանդիսացան տարածքաշրջանային հրատապ հարցերուն առընչութեամբ։
Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի եռակողմանի հանդիպման առընթեր, իրարու հետ ալ ունեցան առանձին տեսակցութիւններ։
Նախագահ Էրտողան Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու ճանապարհին յուսադրուած են աւելի քան երբեք։ «Երբ ծովը անցած ենք, հիմա չենք կրնար խեղդուիլ գետի մէջ», ըսաւ ան։
Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրս բերուելուն ժամանակ այնտեղ պէտք չէ յառաջանայ ուժի պարապութիւն մը, ուստի գործընթացը յառաջ պէտք է տարուի համապատասխան ձեւով։ «Չենք փափաքիր, որ Սուրիոյ մէջ ծագին նոր մարդկային տագնապներ եւ ողբերգութիւններ», յայտնեց նախագահը Սոչիի երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։