ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐ

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը այս օրերուն Գերմանիոյ մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ անվտանգութեան ոլորտի մասնագէտներ։ Երէկ տեղի ունեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայտելպերկի համալսարանին մէջ։ «Ես ունիմ գաղափար եւ առաքելութիւն՝ Հայաստանը դարձնել յաջող գիտական ու փորձագիտական երկիր», ըսաւ ան համալսարանէն ներս։ Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Լիթվայի նախագահ Ռայմոնս Վէյոնիսի, Ալպանիոյ նախագահ Իլիր Մետայի եւ «Սիմենս» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամներէն Ռոլանտ Պուշի հետ։

Իր կարգին, Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ։ Այսպէս, նախարարը տեսակցեցաւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի, Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Հասան Շիւքրիի, Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Ֆիլիփ Էթիէնի եւ Անգլիոյ Եւրոպայի, Ամերիկայի հարցերով Պետական նախարար Էլըն Տանքընի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներէն Ռապըրթ Մենենտէզի հետ։

Հարկ է նշել, որ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած է Զօհրապ Մնացականեանի ելոյթը։

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019