Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԷՐ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԻՆԹԵՐՓՈԼԻ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի ոստիկանութիւնը շաբաթավերջին բերման ենթարկեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մը՝ 53-ամեայ Ֆարուք Ս.։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի հետ սահմանակից Բագրատաշէնի անցման կէտին վրայ տեղի ունեցաւ այս իրադարձութիւնը։ Ոստիկանութեան Բագրատաշէնի բաժանմունքը փետրուարի 16-ին, ժամը 20.30-ին բերման ենթարկեց այդ անձնաւորութիւնը։
Ոստիկանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տակաւին 12 յուլիս 2012 թուականէն ի վեր խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնը կը հետախուզուէր Գերմանիոյ իրաւապահ մար-միններուն կողմէ, գերմանական Ինթերփոլի միջոցաւ։ Ենթակային դէմ մեղադրանքներ առաջադրուած է Գերմանիոյ քրէական օրէնսգրքի մէկէ աւելի յօդուածներու հիման վրայ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019