ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա յայտնեց, որ նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ կազմակերպելու համար հանդիպում մը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Բանբերը նշեց, որ նման հանդիպման մը կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն առայժմ ստոյգ տեղեկութիւն չկայ թուականի շուրջ։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Երկու նախարարներու հանդիպումը զուգադիպեցաւ Արցախի շարժման 31-րդ տարեդարձի շրջանին։ Անոնք ընդգծեցին, որ այդ շարժումը ուղղուած էր Արցախի ժողովուրդի հիմնարար ազատութիւններու ու մարդու իրաւանց, իր հայրենիքին մէջ ապրելու եւ ազատ արարելու անբեկանելի իրաւունքի պաշտպանութեան։

Մնացականեան եւ Մայիլեան տեսակէտներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Տաւոսի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն մանրամասնութիւններ։ Ան նոյնպէս մանրամասնութիւններ ներկայացուց Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ ունեցած տեսակցութենէն։ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու Երեւան կատարած վերջին այցելութեան։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլու Պերտիմուհամմետովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին տարածքաշրջանային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հարցերը։

Փաշինեան Պերտիմուհամմետովի հետ ալ քննարկեց Հայաստանի եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ Երկու ղեկավարները կարեւորեցին առեւտրատնտեսական կապերու խթանման ուղղեալ աշխատանքներու իրականացումը։ Անոնք ընդգծեցին Հայաստան-Թիւրքմենիստան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019