ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
Քրիստոնէական բարոյականը զօրացած է Քրիստոսի գերագոյն անձնազոհութեան օրինակովը։ Ուստի Ան օրէնքին հնազանդելով չէ՛ որ կը քարոզէր, որեւէ շահու ակնկալութիւն Իր տեսութենէն դուրս միայն կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ, երբ «Ես ձրի պիտի տամ կենաց ջուրի աղբիւրէն», կ՚ըսէ Աստուած, ամէն անոնց՝ որոնք «մաքուր սիրտ» կրելու մտադրութեան մէջ չեն դեդեւիր երկիւղով, որոնք չե՛ն անհաւատիր իր փրկարար կոչումին, եւ որոնք «Պղծութենէ՝ կռապաշտութենէ եւ ստախօսութենէ» կը հրաժարին (ՅԱՅՏ. ԻԱ 6-8)։ Որովհետեւ պէտք է ըսել՝ թէ երբ այդ աշխարհիկ ստորին կիրքերը իրենց բովանդակ թափով մարդուս մէջ կը տիրապետեն, եւ մեր սրտին եւ խորհրդածութիւններուն կալուածը կը գրաւեն, ալ այն ատեն մարդ չի կրնար ինքզինք արդարութեան գաղափարին հետ հաշտեցնել, եւ արդարութեան հակառակորդը «սատանորդի» մըն է որ կը թիւրէ «Տիրոջ շիտակ ճամբաները» (ԳՈՐԾ. ԺԳ 10), եւ ոչ թէ Աստուծոյ որդի, քանի որ «Ով որ արդարութիւն չի գործեր, Աստուծմէ չէ՛» (Ա ՅՈՎՀ. Գ 10)։
Կազմուած հոգիին եւ մաքուր սրտին վրայ հիմնուած է նմանապէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ յաւիտենական կեանքի եւ գոյութեան իբրեւ պարգեւ, մարդոց խոստացուած երանութիւններուն ամբողջացումը պիտի ըլլայ։ Եւ պէ՞տք է ըսել, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը այդ «Կենդանի ջուրեր»ու ակունքին մէջ հարկ է որ փնտռենք, քանի որ Յիսուս զայն միշտ մեզ կը մատնանշէ. «Աստուծոյ արքայութիւնը ձեր մէջն է» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 21)։
Ժողովուրդը զայն կը փնտռէր իրմէ դուրս, իր շուրջը, այն բարեպաշտիկ հրահանգութիւներուն մէջ՝ որոնք մարդկութեան գերագոյն տենչանքները կը ծայրատէին, եւ ապականութիւններու տակ կը թաղէին «կենդանութեան ջուրերու ակունք»ը։
Պատրանքին խորտակումը, սխա՛լ համոզումներու հանդէպ իրենց հիասթափումը, իրենց «կորսնցուցած սրտերուն գիւտը»՝ խորհրդաւոր աշխարհի մը արշալոյսն էր եղած իրենց համար, եւ այդ կեանքի առաւօտը, ներքին տիեզերքին, հոգեկան մարդուն այդ վերազարթնումը հիմա, միեւնոյն ժամանակ միայն տեղի կ՚ունենար, որովհետեւ Յիսուսէն առաջ «Ոչ երբեք այնպէս խօսեցաւ մարդ»։
Աշխարհի վրայ ինքզինք «մինակ» կարծել եւ այդպէս զգալ, ամենէն ջլատող եւ յուսահատեցնող պարագան է, որ կրնայ մեզ ամենէն գձուձ վարմունքին, ամենէն աղտոտ հաշիւներուն առաջնորդել։ Աշխարհի վրայ ինքզինք «մինակ» զգացող մարդուն համար միջոցները ա՛լ կը դադրին օրինաւոր ըլլալէ, եւ կիրքերու անսանձ բերումին կը հպատակեցնեն։
Ատով մարդ նոյնիսկ իր արժանիքը կը կորսնցնէ, քանի որ բոլոր երեւոյթներուն եւ իրողութիւններուն մէջ իրմէ զատ ոչնչութիւն միայն կը տեսնէ։
Ինքզինք «մինակ» զգացողին համար տիեզերքի մեծ վայելչութիւնը կը դադրի իրեն նկատմամբ Աստուծոյ վկան ըլլալէ, անձին յարգանքը կը պակսի, իր դիտողութիւնները կը դադրին իրեն խօսելէ, մէկ խօսքով կը ցամքին իր սրտին «կենդանի ջուրեր»ը եւ անոնց աղբիւրները եւ կը մարի իր բարոյականութեան ծարաւը։ Մոլութիւնները զինք կը պատրաստեն, եւ հանդարտ խղճի պասուքը, այսինքն պապակը՝ սաստիկ ծարաւը իր կոկորդը կը սեղմէ։ Այդ կացութեան մէջ ինկածներուն է որ կ՚ըսէ Յիսուս. «Ինծի եկէ՛ք». հրաւէր մը՝ զոր իրմէ առաջ ո՛չ ոք ըրած էր ա՛յնքան, փրկութեան պայման մը՝ զոր իրմէ առաջ ո՛չ մէկը առաջարկած էր մարդկութեան։
Եւ Յիսուս ա՛յսօր ալ եւ մի՛շտ մեզ իրեն կը հրաւիրէ։ Եւ Յիսուսի երթալ՝ «Իրեն նմանիլ» կը նշանակէ, եւ իրեն նմանիլը «մաքուր սիրտ» ունենալով միա՛յն կրնայ ըլլալ։
Որքա՜ն դժուարին է այդ պայմանը սա մեր «հաշիւի դար»ուն մէջ։
Ոսկի հորթին պաշտամունքը հիմա շփոթուած է Աստուծոյ պաշտամունքին հետ, եւ այդ պարագան մեզ կը ստիպէ «ծեփուած գերեզմաններ» երեւնալ աշխարհի հանդէպ, Յիսուսին հանդէպ, մեր պարտականութիւններուն հանդէպ, մեր պատասխանատուութիւններուն՝ մեր նուիրական սկզբնական կոչումին հանդէպ։ Բաւական է որ զգանք պահանջուած մաքրութեան նպատակին մեծութիւնը, բաւական է որ զգանք Յիսուսին երթալու, անոր նմանելու պէտքը, այն ատեն վստահ եղէ՛ք թէ զոհողութիւնը պիտի դիւրանայ, եւ մենք կարող պիտի ըլլանք մեր «ներքին մարդ»ը մաքրելու, եւ մեր հոգիները կենդանի Աստուծոյ տաճարներ շինելու։
Ասիկա անհրաժեշտ պէտք մըն է, եթէ այս պէտքին գոհացում տալու համար՝ «մեր անձին շահը բաւական չէ՛, ուրիշներուն շահուն վրայ խորհինք»։ Արդարեւ, մենք մինակ չենք աշխարհի վրայ, մեզի հետ ապրողներ կան մեր շուրջը, հետեւաբար մեր սրտի մաքրութիւնը պիտի նպաստէ ո՛չ միայն մեր բարոյականին, այլեւ ուրիշներուն երջանկութեանը։ Եթէ մեր իրաւունքներէն ձեռք քաշելու ազատութիւնը ունենալ կը խորհինք, պէտք է խորհինք միեւնոյն ժամանակ, թէ մեր անձը մէկ օղակն է այն մեծ շղթային՝ զոր մարդկութիւնը կը ձեւացնէ, մենք ուրիշներուն ալ կը պատկանինք։
Մեր մոլութիւնը եթէ մէկ կողմէն մեզ կը ստորնացնէ, միւս կողմէ կը վտանգէ նաեւ մեր նմաններուն՝ մեր եղբայրներուն բարոյական կեանքը, եւ կը խանգարէ ընդհանուր ընկերականութեան առողջ կացութիւնը։
Բարոյական ինկածութիւնը ժանգի կը նմանի, շուտով կը փոխանցուի ամէն անոնց՝ որոնք իրեն հետ շփման մէջ կը գտնուին։ Գիտնալ մեր մեղքերէն հեռանալ, մեր թերութիւնները դարմանել եւ ուրիշներուն արցունքը սրբել, գիտնալ կեանքը սիրել այն գերագոյն իմացումովը որ մարդս կարող կը շինէ զոհողութիւններուն՝ անձուրացութիւններուն, ահա այսպիսի առաքինութիւններուն, եւ այս պիտի ըլլայ Յիսուսին նմանելու մեր բաղձանքին հիմնակէտը։ Ցաւալի՛ է ըսել, թէ մենք տակաւին այդ բարձրութեան չենք հասած, եւ չենք եղած ինչ որ կրնայինք ըլլալ, եւ ինչ որ ըլլայ բուն նպատակը, եւ ինչ որ ըլլար այն որ է մեր իսկական նպատակը մեր կեանքին։ Որովհետեւ Յիսուսի մօտ չենք գացած տակաւին…։
- Հատուած՝ Մուշեղ Ծ. Վարդապետ Սերոբեանի «Կենդանի ջուրը» (1903) քարոզէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 18, 2019, Իսթանպուլ