ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Երեւանի Քասքատ համալիրէն ներս գործող Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, իր հիմնադրման 10-ամեակին առթիւ, բացած է «Քասքատի պատմութիւնը» վաւերական ցուցադրութիւնը, որ կեդրոնի 10-ամեակին համար նախատեսուած ձեռնարկներուն առաջինն էր: Այդ առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահագն Մարաբեանի հետ: Ան շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ներկայացուց Երեւանի գլխաւոր կառոյցներէն մէկը հանդիսացող Քասքատ համալիրի անցած ճանապարհին մասին, յիշելով նաեւ տասը տարի առաջ Գաֆէսճեան ընտանիքին մեծ ներդրումը, որուն շնորհիւ Քասքատը այսօր դարձած է մայրաքաղաքին զարդը:

-Պարոն Մարաբեան, ի՞նչ նախատեսուած է Գաֆէսճեան կեդրոնի տասնամեակին առթիւ:

-Այս տարի մենք գրեթէ ամէն ամիս ունինք բացուելիք ցուցադրութիւններ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան տասնամեակին: Այս առիթով նաեւ խորհրդանիշ մը ստեղծած ենք, որ պիտի ուղեկցի բոլոր ձեռնարկներուն:

Նախ՝ «Քասքատի պատմութիւնը» ցուցադրութիւնը ներկայացուցած է արխիւային լուսանկարներ՝ նախաքասքատեան շրջանէն, երբ կառուցուած ոչինչ կար այս տարածքին վրայ, միայն շատրուան մըն էր, որ Քասքատին հիմքը կը կազմէր: Անշուշտ, ճարտարապետ Թամանեանը ունեցած է գաղափար մը՝ միացնելու քաղաքի կեդրոնը հիւսիսային հատուածին, իր մտայղացմամբ պիտի ըլլար շատրուաններով, ջրաւազաններով, կախովի այգիներով տարածք մը, սակայն Թամանեանի կեանքին ընթացքին այդ գաղափարը կեանքի չէ կոչուած:

Քասքատի մուտքին այսօր տեղադրուած է Թամանեանի արձանը, որ շատ մեծ խորհուրդ ունի իր կառուցուածքով՝ երկու տարբեր սալերու վրայ յենած ըլլալով, որ հին ճարտարապետութիւնը նորին կապելու կամուրջը կը խորհրդանշէ: Քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան Թամանեանը պատկերացուցած է մարգարէական տեսքով, որ կարծես կը խորհի քաղաքին ապագայ զարգացման մասին:

Արտաշէս Յովսէփեան քանդակած է նաեւ «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակը, որ այսօր Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջն է եւ մեր լաւագոյն նմոյշներէն կը նկատուի:

Անցեալ դարու կէսերուն, այս տարածքին վրայ բլուր մը կար, որ միայն շատրուան մը ունէր, եւ բաց տարածք էր՝ ծառեր տնկուած էին: Այստեղ մարդիկ կը բնակէին, եւ այս բլուրը իր նշանակութիւնը ունէր անոնց համար, երեխաները ձմրան կը սահէին, անտառ էր, որ նաեւ մեծերուն համար նշանակութիւն ունէր: Երբ Օփերայի հիմքը ժամանակին դրած են, նոյն այս բլուրէն հանած են պազալտ քարերը, տարած եւ Օփերայի շէնքը հիմնելու համար գործածած են:

Յատկանշական է, որ այս տարածքին վրայ ապրող բնակիչները միայն հայեր չէին, հոս կը բնակէին ուքրանացիներ, քիւրտեր, ատրպէյճանցիներ, որոնք կովեր, հաւեր պահած են հոս: Խրճիթանման տուներու մէջ կը բնակէին, եւ տարածքին նաեւ օձեր եղած են, որոնք յաճախ կը մօտենային տուներուն: Քաղաքին կեդրոնը գոյութիւն ունեցած հետաքրքրական վայր մը եղած է Քասքատի նախկին տարածքը՝ անտառ, բայց քաղաքի մէջ:

Այդ բլուրին ներքեւի մասին վրայ գոյութիւն ունեցած է խճանկարով ջրվէժ մը, որ սիրուած էր բոլորին կողմէ, բայց ջուրին ձայնը այնքան ուժգին եղած է, որ տարածքի բնակիչները խանգարած է եւ անոնք պատուհանները բանալով՝ հոսող ջուրին աղմուկը կը լսէին, եւ երբ կառուցուած է Քասքատ համալիրը, ջրվէժն ալ քանդուած է, մօտ ապրողները կարծես ուրախացած են, որ շատրուանին ձայնը պիտի չլսեն կամ նոր կառուցուողը այդքան ուժգին պիտի չըլլայ:

-Թամանեանի օրով իրականութիւն չդարձաւ, յետագային որո՞ւ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ համալիրը:

-1970-ականներու վերջերուն, Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեան որոշեց կեանքի կոչել նոր նախագիծ մը եւ ճարտարապետներու խումբ մը ստեղծուեցաւ՝ Ճիմ Թորոսեանի, Սարգիս Գուրզատեանի եւ Ասլան Մխիթարեանի անդամակցութեամբ: Այդ նախագիծը հետաքրքրական մտայղացումներով լի նախագիծ մըն էր, աւելի ժամանակակից լուծումներ առաջարկած էր կառուցուելիք համալիրին, որ պիտի կապէր քաղաքի կեդրոնը հիւսիսային հատուածին: Առաջին օրէն արդէն մտայղացուած էին դուրսի աստիճանները, ներսի շարժասանդուխներով երկար թունելը, սրահները, բակի կանաչապատ տարածքները, հայկական զարդարուեստի բացառիկ նմոյշներով զարդարուած պատերը: Համալիրը կառուցուեցաւ ճերմակ տիբուրեան քարէ, քանի որ Հայաստանի մէջ այդ քարը միայն բաւարար ձեւով կ՚ապահովէր այս տեսակ հսկայական կառոյցին հումքը: Բացի այդ, տիբուրեան քարին գոյնը շատ գեղեցիկ համադրութիւն մը պիտի ըլլար շրջակայ միջավայրի կանաչ գոյնին եւ երկնային լազուրին հետ:

Մինչեւ 1980-ականներու վերջաւորութիւնը որոշ աշխատանք կատարուած էր, սակայն երկրաշարժին եւ խորհրդային հասարակարգին փլուզման հետեւանքով անաւարտ կը մնայ կառոյցը, շինարարութիւնը կանգ կ՚առնէ:

Ես կը յիշեմ, որ Ճիմ Թորոսեան շատ ոգեւորուած էր այս գաղափարին իրականացման համար եւ կ՚ըսէր, որ այս կառոյցը ազգային վերածնունդի խորհրդանիշն է: Իւրաքանչիւր պատի, իւրաքանչիւր հատուածի վրայ կը տեսնենք ազգային խորհրդանիշները, եւ Ճիմ Թորոսեան կը կապէր անցեալի ճարտարապետութիւնը ժամանակակից, արդիական լուծումներու հետ, կ՚ուրախանար, որ այդ մէկը կարողացաւ իրականացնել: Այդ ջանքերը, հայ շինարարին այս վիթխարի աշխատանքները, ի վերջոյ կերտեցին մեր քաղաքին եւ բոլորիս համար մեծ նշանակութիւն ունեցող այս կոթողը: Յիրաւի, այս համալիրը մեծ նշանակութիւն ունի շատերուն համար, շատերու կեանքերը կապուած են այս վայրին հետ, այս աստիճաններուն հետ, ես նոյնիսկ կը յիշեմ, որ շարժումի տարիներուն մենք վերէն վազելով կ՚իջնէինք Ազատութեան հրապարակ:

Այս համալիրը կը յիշեցնէ եգիպտական բուրգերուն ծաւալները նաեւ իր նշանակութեամբ, ինչպէս Փարիզի համար Էյֆէլի աշտարակն է, այնպէս ալ Երեւանի համար Քասքատ համալիրը:

-Հայաստանի ժամանակի իշխանութիւնները ի՞նչ ջանքեր գործադրած են, որպէսզի խորհրդային տարիներուն կեանքի կոչուի ազգային տարրերով այս համալիրը:

-Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն դերը, ի դէմս Կարէն Տեմիրճեանի, մեծ եղած է, եւ ան ժողովուրդին կողմէ վաստակած է շինարարի կոչում, ոչ միայն այս համալիրին, այլեւ բազմաթիւ կառոյցներ կեանքի կոչելուն համար: Այս համալիրին նախագծումը ուրիշ հարց, իսկ անոր համար նիւթական միջոցներ հայթայթելը ուրիշ հարց էր: Հայաստանը ի վիճակի չէ եղած այսպիսի հսկայ նախագիծ մը իրականացնել իր միջոցներով. գումարը, ինչպէս նաեւ՝ արտօնութիւնը, եկած է Մոսկուայէն, եւ ատիկա նաեւ՝ մեր կառավարիչներուն, մեր ղեկավարներուն խելացի եւ ճկուն ըլլալուն շնորհիւ էր. անոնք էին, որ կը յաղթահարէին բոլոր այն պատնէշները, որ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցած են այդ հասարակարգին մէջ: Կարէն Տեմիրճեանը Քասքատ կառուցելու հարցը դրաւ իր առջեւ իբրեւ նպատակ եւ հասաւ անոր: Նոյնիսկ այնպիսի հսկայական գումար նախատեսուած էր կառուցման համար, որ չէ տեղաւորուած իբրեւ մշակոյթի կոթող մշակութային կառոյցներու ֆինանսաւորման համար յատկացուող ցանկին մէջ, եւ անիկա տեղ գտած է փոխադրամիջոցներու նախարարութեան ծրագիրներուն մէջ, իբրեւ հանգոյց, իբրեւ կեդրոնը հիւսիսին կապող փոխադրամիջոց:

Ծախսերը զարմանք պատճառած են Մոսկուայի մէջ եւ Մոսկուայէն յատուկ յանձնախումբ մը եկած է, որպէսզի հասկնայ, թէ ի՛նչ նախագիծ է, որ այդքան ծախսատար է: Նոյնիսկ ճարտարապետը յանդիմանած են, որ այդքան հսկայական նախագիծ մը մտայղացած է, որ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ չկայ նման կառոյց մը, նոյնիսկ Մոսկուայի: Սակայն, կրկին Կարէն Տեմիրճեանի ճկունութեան շնորհիւ մեղմացած է զայրոյթը:

-1990-ականներուն կատարեալ ամայութիւն կը տիրէր այս կառոյցի տարածքին, յետագային ինչպէ՞ս կրկին շունչ տրուեցաւ եւ ի վերջոյ աւարտին հասաւ համալիրին ամբողջական տեսքը:

-Հայաստանը անկախութեան հետ մտաւ ծանր ժամանակաշրջան մը, եւ Քասքատ համալիրը մնաց իբրեւ նախկին հասարակարգէն ժառանգուած անաւարտ կառոյց մը, որ դատապարտուած էր քայքայման եւ կործանումի: Հոսկէ նոյնիսկ կու գային քարերը կը վերցնէին, կը տանէին. անտէր վիճակ մըն էր: Այդ բարձիթողի վիճակը մնաց մինչեւ 2002 թուականը, երբ Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Գաֆէսճեան թանգարան-հիմնադրամը, եւ համագործակցելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ՝ նախաձեռնեց վերակառուցումը, նոր ջրամատակարարման, նոր ջրահեռացման համակարգեր ներդրուած են, հիմնովին ամրացուած եւ մաքրուած են հիմքերը, եւ դուրսէն ու ներսէն մեծ աշխատանք կատարուած է: Բազմաթիւ օտարներ հոս ըլլալով, կը զարմանան քարը ձեւափոխելու, քարին շունչ տալու հայերու տաղանդին:

Շուրջ եօթ տարի տեւած շինարարական աշխատանքներէն ետք համալիրը ստացած է իր վերջնական տեսքը եւ անգնահատելի աշխատանք մը կատարուած է այս բոլորը հանրութեան ներկայացնելու համար:

Նշեմ նաեւ, որ Քասքատի կլոր զարդաքանդակները նախագծելով, Ճիմ Թորոսեան ատով խորհրդանշած է պատմական Հայաստանի տասնհինգ նահանգները եւ կլոր զարդաքանդակներուն մէջ, եթէ նկատէք, մէկ հատը բոլորովին ուրիշ տեսք ունի, այդ մէկը Վանի նահանգը խորհրդա-նըշող զարդաքանդակն է: Ինք՝ Ճիմ Թորոսեան ծագումով վանեցի էր, այդպէսով ան ցոյց կու տար, որ Վանը եղած է պատմական Հայաստանի մշակութային եւ մտաւորական կեդրոնը:

-Քասքատ համալիրը շատերը կը գրաւէ իր ծառերուն եւ ծաղիկներուն պուրակով, որ ամէն եղանակի տարբեր տեսք կը ստանայ, ինչպէս կը յաջողիք պահել նման պուրակ մը:

-Ծաղիկներու պուրակը եւ Գաֆէսճեան քանդակին պարտէզը ամբողջական համալիր մըն է: Հոս ամբողջովին նոր ոռոգման համակարգ մը զետեղուած է, տարածքը ամբողջովին ձերբազատուած է նախկին գունագեղ ձեւաւորումներէն եւ այսօրուան ճաշակը ձեռք ձգուած է: Բոլորին ծանօթ է, որ հոս տեղադրուած են Գաֆէսճեան հաւաքածոյին պատկանող եւ համաշխարհային արուեստի գլուխգործոցներ նկատուող աշխատանքներ:

Տարածքի այգիներուն արուեստի մօտեցում ցուցաբերուած է, ի փառս մեր կանաչապատման ծառայութեան, որուն ձեւաւորած այգին ձեռագործ գորգերու կը նմանի: Թամանեանի նախկին պուրակը փոխակերպուած է Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզի, Քասքատ համալիրը կենդանացած եւ փոխակերպուեցած է Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի, իր անջատ քանդակներու պարտէզով:

2009 թուականին արդէն, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը բացուեցաւ տասն նոր ցուցասրահներով՝ կրելով իր բարերարին անունը:

Ցուցադրութեան մէջ մենք ներկայացուցած ենք այս բոլորին մասին պատմող լուսանկարներ, ինչպէս կը տեսնէք՝ Քասքատը նաեւ սիրահարներու սիրելի վայր մըն է, եւ միջավայրը կը ստեղծէ այդ ջերմութիւնը:

-Իբրեւ արուեստի կեդրոն, ի՞նչ ծրագիրներ կ՚իրականացնէ Գաֆէսճեան թանգարանը:

-Մեր, իբրեւ արուեստի կեդրոն, կարեւոր առաքելութիւնն է՝ ժամանակակից արուեստի լաւագոյն ցուցանմոյշներէն ներկայացնել Հայաստանի մէջ եւ աշխարհին ներկայացնել հայ արուեստի, մշակոյթի լաւագոյնը: Ճերալտ Գաֆէսճեան այդպիսի տեսլական մը ունէր, մենք ատոր կը հետեւինք եւ բացի իր հաւաքածոն ներկայացնելէ, մենք նաեւ կը կազմակերպենք ժամանակակից արուեստի ցուցադրութիւններ, դասախօսութիւններ, կրթական ծրագիրներ կ՚իրականացնենք. յագեցած առօրեայ մը ունինք: Ունինք համերգաշարեր, ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, հանրային ծրագիրներ:

Տասն տարուան մեր գործունէութեան ընթացքին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը կազմակերպած է վաթսուն ցուցադրութիւն, ներառեալ՝ թանգարանային համագործակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած ցուցադրութիւնները: Այսինքն Գաֆէսճեան հաւաքածոն եւ հայ նկարիչներու գործերը ցուցադրելէ զատ, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը յատուկ ծրագիր մը ունի՝ իր քոյր թանգարաններուն աւելի տեսանելի դարձնելու իր միջոցաւ:

Անցնող տասն տարուան ընթացքին իրականացուցած ենք 48 անուն կրթական ծրագրեր, որոնց միջոցին տեղի ունեցած է 1083 հանդիպում՝ դպրոցներու, ընտանիքներու եւ պատանիներու հետ, ունեցած ենք շուրջ 42 հազար մասնակից: Հոս տեղի ունեցած է 750 համերգ՝ 53 հազար հանդիսատեսով: Մենք ունինք դասական երաժշտութեան համերգաշար եւ Երաժշտութեան Քասքատ անունով համերգներ: Նաեւ տեղի ունեցած է բազմահազար հանդիսականներով 180 հանրային ձեռնարկ, որոնց թիւը ուղղակի կարելի չէ համրել: Թանգարանը տարեկան կ՚այցելէ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ, եւ այդ թիւը հնարաւորութիւն կու տայ ըսելու, որ թանգարանը ոչ միայն քաղաքին, այլեւ տարածքաշրջանին մշակութային կիզակէտերէն մէկն է: Այցելուներուն թիւը, ի դէպ, կը համրեն մեր շարժասանդուխները: Ի դէպ, Քասքատի դուրսի աստիճաններու թիւը 572 է, հիմքէն մինչեւ գագաթ 302 մեթր է, իսկ Էյֆելի աշտարակի հետ եթէ համեմատենք, Էյֆելի աշտարակի բարձրութիւնը 300 մեթր է:

-Այցելուներուն մէջ շատ են նաեւ սփիւռքահայերը, ի՞նչ ծրագիրներ կան անոնց համար:

-Երբեմն կ՚ըլլայ, որ սփիւռքահայերը իրենք կը դիմեն մեզի, որպէսզի մասնակից ըլլան յատուկ ծրագիրներու: Օրինակ՝ «Հայ գիրերը իմ գրիչով» ծրագիրը կ՚իրականացուի Գրիգոր Խանճեանի «Հայ գիրերու ստեղծումը» ծանօթ որմնանկարին հիման վրայ: Մենք թռչնագրեր գծելու դասընթացք մը կը կազմակերպենք, ցոյց տալով մանրանկարչութեան մէջ ծանօթ թռչնագրերու օրինակներ, եւ սփիւռքահայ այցելուները առիթը կ՚ունենան հարազատ այբուբենին առընչուելու: Այցելուներու առումով ներդրած ենք ակումբային համակարգ մը, որուն անդամակցելով, այցելուն կրնար իր ներդրումը ունենալ թանգարանէն ներս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2019