ԱՔԱՐ-ՃԵՖՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը իրաւատէր է կղզիի մերձակայքի բնական հարստութիւններու պարագային։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը բաժնետէրն է այդ հարստութիւններուն եւ բոլորը պէտք է վարուին ըստ այդմ։

«Մեր նպատակը, ջանքը եւ հիմնական մօտեցումը Եգէականի, Միջերկրականի արեւելքի կամ Կիպրոսի պարագային նոյնն է։ Մենք կողմնակից ենք, որ առկայ խնդիրները լուծուին խաղաղ ճանապարհով», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ աւելցուց, որ Թուրքիա կողմնակից է նաեւ երկխօսութեան եւ բարիդրացիութեան հիմնական սկզբունքները գործադրելու։ Եգէականի, Միջերկրականի արեւելքի եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան վերաբերեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Աքար աւելցուց, որ քաղաքական եւ զինուորական իրադարձութիւնները Թուրքիոյ անմիջական ուշադրութեան առարկայ են։ Ըստ նախարարին, Թուրքիա բարեացակամութեան տեսանկիւնէ կը դիտարկէ իրադարձութիւնները եւ ամէն տեսակ նպաստ կը բերէ խաղաղութեան ու կայունութեան համար։

Հուլուսի Աքարի խօսքով՝ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը իրաւատէր է կղզիի մերձակայքի բնական հարստութիւններու պարագային։ Բոլորը պէտք է լաւ հասկնան այս բանը եւ ըստ այդմ պէտք է վարուին։ «Ի սկզբանէ յայտնած ենք, որ մեր տարածքաշրջանէն ներս որեւէ կատարուած իրողութեան աչք պիտի չփակենք եւ առանց Թուրքիոյ մասնակցութեան տարածքաշրջանի վերաբերեալ որեւէ որոշում կամ համաձայնութիւն պիտի չկարողանայ ըլլալ մշտական։ Թուրքիա միշտ դիրք գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան կողքին եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի», նշեց Աքար։

ՃԷՅՄՍ ՃԵՖՐԻԻ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրսբերման ծրագիրը, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին անվտանգ գօտիի մը ստեղծուիլը, Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու Թուրքիոյ կողմէ ներածման վերաբերեալ հարցերը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019