Չորեքշաբթի 12, Մարտ 2025
ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ Բարեկենդանի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան սաներուն համար։ Տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները, աշակերտները մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին այս հանդիսութեան։ Բոլորը մասնաւոր տարազներով մասնակցութիւն բերին ծրագրին։ Խրախճանքը մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ աշակերտութեան մօտ։ Խրախճանքի ծրագրի աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։
Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019