ԿԵԱՆՔԸ ԿՌԻՒ ՄԸՆ Է
Ամէն մարդ գիտէ որ «կեանքը կռի՛ւ մըն է», բայց որո՞ւ դէմ, ինչո՞ւ համար «կռիւ», երբ կայ նաեւ «խաղաղ կեանք»ի մը յոյսը։ Մարդ ինչո՞ւ համար միշտ «կռիւ»ը կը նախընտրէ փոխանակ խաղաղութեան։
Արդարեւ, հնամենի այլ իմաստալից խօսք մըն է «կեանքը կռի՛ւ մըն է» համոզումը՝ ուր պարտութիւնը ամօթ կը համարուի եւ շատ անգամ մա՛հ կը նշանակէ։ Եւ այն որ կեանքի կռիւին մէջ կը պարտուի, դասալիք կ՚ըլլայ, յուսալքուած կը թողու կռիւը ե՛ւ կեանքը։
Սակայն բարոյական մարդուն կեանքի կռիւին մէջ յաղթութիւն եւ պարտութիւն յաճախ սովորականէն տարբեր իմաստ ունին։ Ուստի «յաղթութիւն» եւ «պարտութիւն»՝ կեանքի այն հակադիր երկու վիճակը, այս երկու ներհակ արդիւնքը կեանքի անվերջ կռիւին, միշտ համընթաց են, միշտ գոյութիւն ունին եւ հոն՝ ուր կռիւ կայ, հոն կայ նաեւ յաղթութիւն կամ պարտութիւն։ Յաղթանակը յաղթանակին ստացուածքին, համբաւին եւ փառքին յաւելումը չի նշանակեր բարոյական մարդուն համար, ինչպէս եւ պարտութիւնը ամօթի, կորուստի եւ մահուան հոմանիշ չէ՛ միշտ։
Կարեւորը, յաղթութեան որո՛ւ դէմ տարուած ըլլալն է, եւ պարտութեան՝ որմէ գալը։
Կան յաղթութիւններ, որոնք պարտութեան ազդեցութիւն կը գործեն, իսկ պարտութիւններ՝ որոնք համազօր են յաղթութեա՛ն։
Աշխարհի վրայ կան շատ անձեր, որոնք որեւէ իշխանութիւն չունին՝ պարզ մարդիկ են, գրեթէ աննշան կ՚ապրին իրենց կեանքը։ Անոնց կեանքը պերճանքի եւ ճոխութեան մէջ չ՚անցնիր. մեծափարթամ ապարանքներու մէջ չեն բնակիր, ոչ ալ բարձր աստիճաններ ունին, աչքառու տիտղոսներու տէր ալ չեն, այլ պարզ, համեստ եւ պարկեշտ դիրք մը ունին։
Անոնք որքան պարզ, նոյնքան անծանօթ են իրենց միջավայրին մէջ եւ թերեւս աղքա՛տ, անոք։
Ասով հանդերձ, այդ պարզ, անծանօթ մարդիկը շատ անգամ իրենց միջավայրին մէջ հեռանկար մը ունին, որուն համար միշտ կը պայքարին, եւ իրենց պատկանած ընկերութեան եւ ընկերներուն համար միշտ պատրա՛ստ են կռուելու, իրաւունք պաշտպանելու, արժանապատուութիւնը վեր պահելու համար կարելին եւ աւելին ընելու։ Զոհողութիւնը բնական է իրենց համար, որոնք յօժար են անօթի մնալ՝ իրենց հացով ուրիշը կշտացնելու եւ զրկուիլ՝ իր նմաններուն դիւրութիւնը, հանգիստը եւ երջանկութիւնը ապահովելու համար։
Բայց անոնք մութին մէջ կամ վարագոյրին ետեւը կը մնան, հեռու՝ ամէն փառաբանութենէ։ Եւ ուրիշին կը թողուն ամէն փառաբանութիւն եւ պատիւ վայելել, փոխանակ իրենց, որոնց արժանացած են։
Աշխարհ կրնայ այդպիսիները «տարօրինակ» եւ մինչեւ իսկ «յիմար» կոչել, եւ կամ «իտէապաշտ», կրնայ երազատես կամ ճգնաւոր անուանել…։
Բայց պէտք է ընդունիլ, որ ասոնք ալ ճշմարիտ հերոսներ են՝ աննկուն՝ իրենց բարձր սկզբունքներուն եւ դաւանանքներուն մէջ, հաւատարիմ՝ իրենց ճշմարիտ համարած հաւատալիքներուն եւ կը հետեւին միշտ ճշմարտութեան ճամբուն։
Այդ պարզ, աննշան եւ անծանօթ հերոսները անդիմադրելի կեցուածքով հաւատարիմ կը մնան նուիրական պարտականութիւններու անթերի կատարման։ Իրենց պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան հաւատարիմ մնալ անոնց նկարագի՛րն է, իրենց կորովի եւ քաջութեան բնական արտայայտութիւնը, արդիւնքը։
Անոնք անպարտելի՛ են բարձր գաղափարներու եւ ուղիղ համոզումներու պահպանութեան, պաշտպանութեան համար իրենց մղած «խաղաղ պայքար»ին մէջ։ Եւ անոնց յաղթանակը ամբողջ մարդկութեան յաղթանա՛կն է, քանի որ այդ յաղթանակը զոհողութեան, նուիրականութեան արդիւնք է։
Այս տեսակ կեանք մը, որ ուրիշներու՝ համայն մարդկութեան նուիրուած անկեղծ ծառայութեան հետեւանքով անձնական, անհատական մեծութիւն մը կամ հարստութիւն մը չի կրնար կերտել, այլ կրնայ կատարեալ ձախողուածք մը համարուիլ, եւ այս կերպով աննշան եւ անծանօթ մնացողները կրնան «պարտուած»ներ սեպուիլ՝ փառքի եւ համբաւի երկրպագուներու կողմէ։
Եւ սակայն այդ «ձախողուած»ներուն շնորհիւ է, որ աշխարհի բարւոքումը, բարեփոխումը եւ վերաշինութիւնը, բարձրացումը կ՚ապահովուին, եւ այդ «պարտութեան» պատճառով է, որ իրական յաղթանակներ կը յայտնուին։ Ա՛յդ «պարտութիւն» նկատուածը ճշմարիտ յաղթանա՛կն է։
Անոնց համար վայելուչ միակ փառաբանութիւնը պիտի ըլլար. «Պարզ, աննշան, անծանօթ… որ պարտուեցաւ, այլ յաղթանակեց եւ անմահացա՛ւ»։
Արդարեւ, մարդ կարծես չի կրնար հասկնալ, չի կրնար ըմբռնել, թէ ի՛նչպէս կ՚անտեսուի իր ամբողջ կեանքին մէջ, շատ անգամ վտանգներու մէջէն անցնելով մահուան դիմադրելը. ծանր պարտականութիւններու, հոգերու եւ պատասխանատուութիւններու ներքեւ գիշեր եւ ցորեկ ոգորիլը եւ մաքառիլը, վերջապէս «կեանքի կռիւ»ին մէջ իրաւունք, պատիւ, ազատութիւն եւ սէր պաշտպանելը՝ անկեղծ նուիրականութեամբ եւ իրաւ զոհողութեամբ։
Եւ այդ գերագոյն կռիւին մէջ, երբ յաղթելու յոյսին եւ յաղթուելու՝ պարտուելու վախին միջեւ կը տարուբերուի մարդ ամէն վայրկեան, ուր կը բախի գերմարդկային դիմադրութեան, որոշումի եւ կամքի անխորտակելի բերդին, կը բախի թերեւս նոյնիսկ Աստուծոյ կամքին, զոր գուցէ սկսեր է նեղել, նեղացնել, ինչպէս Վ. Հիւկօ Վաթէրլոյի ճակատամարտին վրայ իր գրած նկարագրականին մէջ կ՚ըսէ, թէ Նափոլէոն Պոնափարթ սկսեր էր զԱստուած նեղել եւ նեղացնել եւ այդ իսկ պատճառաւ Վաթէրլոյի մէջ ան պարտուեցաւ։
Ուստի այն անձը որ զօրաւոր է իմացական կամ բարոյական կարողութեան մը մէջ, դիւրաւ կը տեսնէ դիմացինին ունեցած տկարութիւնը եւ ըստ այնմ կ՚որոշէ իր դիրքը՝ որ զինք կը տանի յաղթանակի։ Ուրեմն կը հետեւի՝ թէ յաղթանակը հեռատեսութեան, իմացական եւ բարոյական կարողութեան արդիւնք է, եւ պէտք չէ մոռնալ որ շատ պարտութիւններ յաղթանակ, շատ յաղթանակներ ալ պարտութիւն են կեանքի անվերջ պայքարին մէջ։ Արդարեւ կարեւորը կեանքի պայքարին նպատակը եւ միջոցը լաւ որոշել է. առանց նպատակի պայքար անիմաստ զբաղում մըն է, իսկ պայքարին միջոցը շատ աւելի կարեւոր է։ Անոնք իրապէս յաղթանակի կը հասնին որոնք այդ պայքարը ո՛չ թէ կռիւով, այլ խաղաղութեամբ, բանականութեամբ կը վարեն։ Եւ ո՜րքան դժուար է պայքար մը մղել խաղաղութեամբ, որը քիչեր կրնան իրականացնել եւ յաջողիլ այդ մարզին մէջ։ Դժուարին յաղթել՝ յաղթանակի առաջնակարգ պայմանը եւ միջո՛ցն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 20, 2019, Իսթանպուլ