ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ 10-ՐԴ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերու միջվարժարանային մրցոյթը այս տարի եւս պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Սա իր նմաններու շարքին տասներորդն էր եւ այդ առումով կը համարուէր յոբելենական։ Դպրոցի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Մտախաղերու հանդէսի եւ Թուրքիոյ ուղեղի խումբի կողմէ։ Ծրագրին նպաստած էր նաեւ Գարակէօզեանի տիկնանց կազմը։
Մտախաղերուն մասնակցեցան 12 վարժարաններէ 36 աշակերտներ, որոնք վերահսկուեցան իրենց ուսուցիչներուն կողմէ, ըստ հետեւեալի. Սահակեան-Նունեան (Թայիս Աշճըօղլու), Գալֆաեան (Սիպիլ Ելէկէն), Մէրամէթճեան (Սելին Տեմիրճիօղլու), Արամեան-Ունճեան (Ալին Եաղճըօղլու), Տատեան (Ռամոնա Խորասան), Պէզճեան (Նիրվա Տամլա, Հեղինէ Տիքմէ, Ֆիլիփ Ելէկէն), Լեւոն-Վարդուհեան (Կիւլէսէր Անի Միտիլլի), Էսաեան (Մարալ Ինկիլիզեան), Թարգմանչաց (Լորին Աքշահին), Պոմոնթի Մխիթարեան (Սարօ Պարսամեան), Սամաթիա Անարատ Յղութիւն (Փոլին Լայլան) եւ Գարակէօզեան (Նատին Քասըմօղլու)։
Մտախաղերու սկիզբը, իրենց ողջոյնի խօսքը արտասանեցին վարժարանի թուաբանութեան ուսուցիչներ Նատին Քասըմօղլու եւ Զէյնէփ Պաշթանօղլու։ Ապա Թուրքիոյ ուղեղի կազմի առաջնորդ Ֆերհաթ Չալափքուլու աշակերտներուն ու իրենց ուսուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղերու կանոններու մասին։
Բացման փուլէն ետք մրցակցութեան ջերմ մթնոլորտին մէջ բոլոր աշակերտները կեդրոնացան մտախաղերու վրայ եւ ստացան հետեւեալ արդիւնքները։
Անհատական խաղերու մէջ առաջին եռեակը կազմեցին հետեւեցալ աշակերտները.
Լենա Սարըօղլու (Մէրամէթճեան վարժարան) 721
Ռինա Աքպաշ (Պէզճեան Մայր վարժարան) 619
Միլենա Ճուկուրեան (Գալֆաեան վարժարան) 556
Իսկ խմբային արդիւնքներով մրցակցային տեղերը գրաւեցին՝
Մէրամէթճեան վարժարան 1980
Պէզճեան Մայր վարժարան 1599
Գարակէօզեան վարժարան 1513
Մտախաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն։ Այս փուլին վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մէկ առ մէկ յանձնեց մասնակից բոլոր վարժարաններու մետայլներն ու վկայականները։
Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ տիկնանց յանձնախումբին եւ Թուրքիոյ ուղեղի կազմին։