ՀԱՅԵՐԸ ԻՆՏՈՆԵԶԻՈՅ ՄԷՋ
Հայ մամուլէն հին էջեր թղթատել մեզ կը տանի անցեալին, ուր առիթը կ՚ունենանք բաղդատելու հինը եւ նորը՝ անցեալը եւ ներկան։ Եւ այսօր ալ ձեռքի տակ ունինք մայիս 22, 1954 թուակիր «The Gotchnag - An Armenian Weekly» շաբաթաթերթը, ուրկէ կը քաղենք հետաքրքրական եւ շահեկան լուրեր։
Լուրերը կը ներկայացնենք ստորեւ, հաւատարիմ մնալով անոնց բնատիպին։
ՀԱՅԵՐԸ ԻՆՏՈՆԵԶԻՈՅ ՄԷՋ
Վերջին պատերազմէն առաջ Ինտոնեզիոյ չորս կղզիներուն մէջ (Ճավա, Սումաթրա, Պորնէօ եւ Սիլեւիս) հինգ հազարի մօտ հայեր հարուստ գաղութ մը կը կազմէին, բայց հիմա մեծ մասով Աւստրալիա գաղթած են։ Այժմ Ինտոնեզիոյ մէջ հինգ հարիւրի մօտ հայեր կ՚ապրին իբրեւ սիրելի տարր մը երկրին, որովհետեւ մեծ մասով յարգուած ու պարկեշտ առեւտրականներ են։
Գալստեան սառոյցի գործարանատէր մըն էր, որ 30 տարի առաջ Սպահանէն գաղթած էր Ճավա։
Ինտոնեզիոյ հայոց մեծագոյն մասը հաւաքուած է Սուրապայա, ուր 1927-ին նոր եկեղեցի մը շինուած է։
Գաղութը մէկուկէս դարու պատմութիւն մը ունի։ Նոր Ջուղայէն գաղթած բազմաթիւ հայեր նախ հաստատուած են Պաթաւիա (Ճավայի մայրաքաղաքը երեք միլիոն բնակչութեամբ), ուր փայլուն առեւտուրի մը սկսած են։
Հարիւր տարի առաջ Պաթաւիայի մէջ գեղեցիկ եկեղեցի մը շիներ է Գալստեան։
Վերջին պատերազմի ընթացքին ճափոնները բոլոր գիրքերը այրեր են եւ հիմա գրեթէ անկարելի է հայերէն գիրք ու թերթ գտնել Ինտոնեզիոյ մէջ։
Այս կացութեան մէջ անշուշտ մատաղ սերունդը գրեթէ զրկուած է մայրենի լեզուի ուսումէն, հակառակ անոր որ քանի մը ազգասէր տիկիններ կարգ մը վայրերու մէջ հայերէնի պզտիկ դասընթացքներ բացած են։
Թէ Ճակարթայի (Պաթաւիոյ նոր անունն է), թէ Սուրաբայայի եւ թէ Սիլեւիսի մէջ հայերը կազմած են որբախնամ եւ աղքատախնամ ընկերակցութիւններ, որոնք երկու հարիւր միլիոն ֆրանքի մօտ հիմնադրամով մը կը ջանան օգնել բախտազուրկ հայոց։
Եկեղեցին ալ հարուստ է եւ տէր՝ արժէքաւոր շէնքերու, որոնց կարգին Ֆրանսական եւ Ամերիկեան դեսպանատունները, որոնք այսօր առնուազն հարիւրական միլիոն ֆրանք կը գնահատուին։
Այս ընկերութիւններէն զատ Ինտոնեզիոյ հայերը ունին նաեւ հայկական «Սփորթինկ Քլըպ» մը, որ առաջնակարգ դիրք մը կը գրաւէ, երկրին նման կազմակերպութեանց մէջ։
Ամէն Կիրակի այս ակումբին մարզադաշտին վրայ կարեւոր մրցումներ կը կատար-ւին ու հայ երիտասարդներ մշտական կապ մը կը պահեն իրարու հետ։
Ինտոնեզիոյ հայերը մեծ մասով պարսկահպատակ են, բայց հոն ծնողները Հոլանտայի հպատակ կը դառնան։
Սուրաբայայի եկեղեցիին մօտ հաստատ-ւած է Էտկառ Հոլը, ուր երբեմն մատուց-ւած հայկական երգն ու թատրերգութիւնները վառ կը պահեն ազգապահպանման կայծը։
***
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳԸ ՍՊԱՆԻԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿԻ ՄԷՋ
Փարիզի սպանիական դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, ընտիր հասարակութեան առջեւ երաժշտահանդէս մը տեղի ունեցած է, Յունուարի սկիզբը։
Գլխաւոր երգիչը եղած է Ֆերնանտօ Լաւի, Մատրիտի երաժշտանոցէն եւ Ֆրանսական կաճառէն վարձատրուած համբաւաւոր երգիչը։
Յայտագրին առաջին մասը բաղկացած է միջին դարու երգերէ, Պ. Լաւի յաջորդաբար երգած է Լուիսի, Սքարլաթիի, Պախի, Վայսմանի եւ այլ համբաւաւոր երգահաններու գործերէն։ Ապա, ֆրանսերէն եւ սպաներէն յայտարարած է, թէ պիտի երգէ «Գերաշնորհ Կոմիտաս Վարդապետի դաշնաւորած հայ ժողովրդական երկու երգերը. Չինարի ես եւ Իմ չինարի եարը»։ Երկու երգերն ալ տրամադրուած են՝ ծանօթ երգչուհի Օր. Մարգարիտ Բաբայեանի կողմէ, որուն շնորհակալութիւն յայտնած է հրապարակով։
Պ. Ֆերնանտօ Լաւի իր քնքոյշ եւ թաւշային ձայնով կախարդական հմայք մը տուած է անմահ Վարդապետին երգերուն, ու ներկաները որոտընդոստ ծափերով գնահատած են զանոնք։
Երգահանդէսի վերջաւորութեան, ժողովուրդին ջերմ ծափերու մէջ, սպանիական դեսպանը ողջունած է արուեստագէտը, որ մօտերս Սպանիա պիտի մեկնի, բայց վերադարձին աւելի լրջօրէն պիտի աշխատի հայկական երգերու վրայ, Օր. Բաբայեանի հետ։
***
ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՆՈՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՄԸ
Ֆրանսացի փոքրիկներէ կազմուած «Փայտէ Խաչ» անունով երգչախումբը, որ համաշխարհային համբաւ կը վայելէ, որոշած է իր յայտագրին մէջ առնել Կոմիտաս Վարդապետի խմբերգներուն լաւագոյն կտորները։
Երգչախումբին նախագահը Գերպ. Մայիէ, արդէն ձեռնարկած է գնելու Վարդապետին ձայնատետրերը։
Օր. Մ. Բաբայեան դեռատի երգիչներուն պիտի սորվեցնէ հայերէն առոգանութիւն։
Հայ երգի միջազգային այս նոր գնահատանքին համար աշխատած են Օր. Բաբայեան եւ սպանիացի երգիչը Ֆերնանտօ Լաւի։
Օր. Բաբայեան հրաւիրուած է նաեւ Ֆրանսայի Ազգ. Երաժշտանիցի տեսչութենէն, մասնակցելու՝ երգի աշակերտներուն տարեկան քննիչ յանձնաժողովին։
***
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
Չհրատարակուած ձեռագիրները չեն վերադարձուիր, բացի երբ յօդուածագիրը պահանջէ՝ երկու ամսուան միջոցին, եւ ղրկէ թղթատարին ծախքը։
Նամակին վերեւը՝ աջ կողմին վրայ, կը խնդրուի գրել, թուականին հետ նաեւ հասցէն։
***
ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ ԹԱԳՈՒՀԻՆ
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ թագուհին եւ իր ամուսինը՝ Էտինպուրկի դուքսը՝ ամբողջ վեց ամիս աշխարհի շրջանը ընելէ յետոյ Անգլիա վերադարձան Մայիս 13-ին։
***
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Լիբանանի Նախագահը Գամիլ Շամուն, Մայիս 10-ին Պրազիլ հասաւ տասնեւմէկ օր տեւելիք պաշտօնական այցելութեան մը համար։
***
Իրապէս շահեկա՛ն է հին էջեր թղթատել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 16, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024