ԱՆԱՌԱԿԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Մարդկային կեանքի մէջ «կառքով եկած ճամբան հետիոտն վերադառնալ», եւ կամ ինքնավստահութեամբ հեռացած տեղ մը ընկճուած եւ բարոյալքուած վերադառնալ, աւելի լաւ է ըսել. վերադառնալու ստիպուած ըլլալ՝ որքա՜ն ցաւալի է եւ որքան վատ զգացում մը…։ Մարդուս յոյսի եւ լոյսի ճամբան երբ կը խաւարի եւ յուսալքման պատճառ կ՚ըլլայ, անոր համար իսկակա՛ն հոգեկան անկում մը կ՚ըլլայ։

Տունէն հեռու «անառակ որդի»ն հաւանաբար այս վատ զգացումներու մէջ էր, երբ «անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ.- Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։ Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.- Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ, այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ։ Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց», (ՂՈՒԿ. ԺԵ 17-20)։ Հայրենի տունը՝ ի՛ր տունը գործաւոր ըլլալ… մարդ ի՜նչ հոգեվիճակի մէջ ըլլալու եւ ի՜նչ զգացումներով լեցուած ըլլալու է որ խորհի այդպիսի բան մը։ Եւ «անառակ»ին հոգեվիճակը հասկնալու համար պէտք է մարդ այդպիսի փորձառութիւն մը ունենայ, այդպիսի ապրում մը ունենայ, ինչ որ երբեք մաղթելի չէ՛…։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս հակառակ իր լայն հմտութեան, զարգացման եւ ճանչցուած սրբակենցաղ կեանքին, անառակ կեանք մը ապրած է տարիներ՝ եւ երկա՜ր ժամանակ մը, սակայն իր մօրը՝ Մոնիկայի աղօթքներուն շնորհիւ ան ունեցաւ «ինքնագիտակցութեան պահ» մը եւ ետդարձ ընելով յետագային հանդիսացաւ Ս. Աւետարանի մեծագոյն ջատագովներէն մին եւ եղաւ հայրապե՛տ։

Ուստի մարդ կեանքի ամենասորին վայրը իջնելէ յետոյ կրնայ իր աչքերը վեր բարձրացնել՝ անդրադառնալ երկինքի պայծառութեան եւ դէպի լոյս քալելու քաջութիւնը ունենալ։ Արդարեւ ամէն մութի մէջ անպայման լոյսի եւ յոյսի նշոյլ մը կը գտնուի, բաւ է որ մարդ քաջութիւնը ունենայ նշմարելու, անդրադառնալու այդ լոյսի եւ յոյսի նշոյլին։

Եւ ահաւասիկ, «անառակ»ը կորսուած էր խաւարի մէջ եւ գտնուեցաւ լոյսի մէջ եւ փրկուեցաւ իր հօրը քով։

Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահեր իր քարոզներուն մէջ, որոնց մէկ մասը հրատարակուած են «Ս. Գիրքէն ցոլքեր ու ցօղեր, 1964, Իսթանպուլ» գիրքին մէջ, «Հա՜յր Մեղայ յերկինս եւ Առաջի Քո» վերտառութեամբ սապէս կ՚ըսէ «Անառակին առակ»ին մասին, որոնցմէ հատուածներ կը ներկայացնենք հաւատարիմ մնալով անոնց բնատիպին։ 

«Անարակին Առակը պատկերն է մեր կեանքի անգիտակից եւ անուղիղ ընթացքին, ամենէն վերջն ալ ինքնաճանաչումի եւ դարձի տենչին։ Այս երկու փուլերուն, այս երկու բեւեռներուն միջեւ, իբրեւ կամուրջ ձգուած է զղջումի, ապաշաւի ներքին մղումը։

«Այլաբանական նիւթերով ու դրուագներով լեցուն է Աւետարանի այս էջը։ Դուք, սիրելի քոյրե՜ր եւ եղբայրնե՜ր, գիտէք այս առակին բոլոր հատուածները, տող առ տող, բառ առ բառ կը կրկնէք մեզի հետ։ Մանաւանդ Մեծ Պահոց Շրջանին, Անառակի Եօթնեակին, առակի դաստիարակիչ տպաւորութիւնը կը կրէք անգա՛մ մըն ալ եւ Ձեր զաւակներուն կը փոխանցէք անոր բարոյաշունչ ներգործութիւնը։

«Անառակ որդին, հայրական ապահով վարքով, շուայտ կենցաղով, անհեռատես ու անհաշիւ, մատնուեր է անմիջապէս թշուա՛ռ վիճակի…։

«Սիրելի հաւատացեալնե՛ր, մեղքն ու անօրէնութիւնը՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, ահաւո՛ր անջրպետ մը կը գոյացնեն։ Ս. Գրոց գաղափարապաշտ դէմքերէն, երէց կանխասացներու դասէն՝ Կայծակնամաքուր Մարգարէին վճի՛ռն է ասիկա, կտրուկ եւ հաստատ։

«Անառակը, պանդխտութեան մէջ մեղաւո՛ր, մեղանքի ծովուն մէջ բազմապատիկ պանդխտացած, խեղճուկ՝ անկիւն մը նետուած է։

«Մոլորեալ ոչխարին պէս է, փարախէն հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու, հօտէն բաժնը-ւած, տկա՛ր, անսուա՛ղ։

«Եկէ՛ք, միասին դիտե՛նք, վերլուծե՛նք առակին անառակը։

«Առանձին օրինակ մը չէ՛ ան, միա՛կը չէ իր տեսակին մէջ։

«Կա՛րճ, ո՞վ է ա՛յն, որ կը ներկայացնէ այդ տիպարը. այս հարցումը կրնանք ընել ամէն ատեն, մե՛նք մեզի։

«Կրնանք միասնաբար ճշդել պատասխանն ալ.

«Առակին անառակը ա՛յն է, որ իր աչքերուն պահապան չի՛ դներ, ծուռ եւ յայրատ չնայելու, ականջներուն՝ որպէս զի չլսէ չար խօսքեր, բերնին՝ որ սուտ չխօսի, սրտին՝ որ չարիք չխորհի, ձեռքերուն՝ որպէս զի անիրաւ գործ չկատարէ եւ ոտքերուն՝ որպէս զի չհետեւի անօրէնութեան ճամբաներուն եւ չմոլորի ի սպառ…։

«Այս խօսքերը, զորս քաղեցի Շնորհալի Հայրապետ՛ի -Հաւա՛տով Խոստովանիմ- հրաշակերտ աղօթքէն, կը բանաձեւեն մեր պատասխանը, կը յայտնանշեն այն չա՛ր ազդեցութիւնները, որոնք կը պատրաստեն արգահատալի վիճակը անառակին եւ կրնան ըլլալ մե՛ր ալ բաժինը։

«Սիրելի հաւատացեալնե՛ր, ապաշխարութեան այս Եօթնեակին, քիչ մըն ալ շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները։

«Աստուած, իր պատկերին նմա՛ն ստեղծեց մարդը։

«Ստեղծողը կը բնակի ստեղծեալին մէջ եւ ստեղծեալը՝ Ստեղծիչին մէջ։

«Հոգիներու անշփոթ, անլուծելի միաւո՛րութիւն մըն է ասիկա։

«Աստուածորդին, մարդացեալ Աստուածը՝ Իր անձնազոհ կեանքով, Իր կեանքին գնով՝ նուիրագործեց, զօրացուց այս կապը, հիմնաւորեց մարդոց -որդիութեան սկզբունքը-. սրբեց անոնց նուաստ ու անպատուաբեր դիրքը…։

«Աստուած այնքա՜ն առատ շնորհներ բաշխած է մեզի։

«Ինչո՞ւ համար անարգենք այդ  շնորհները։

«Ինչո՞ւ համար քաշքշուինք զեղխ կենցաղի մը՝ կորուստի մատնող, մահացնող յորձանքներուն մէջ…։

«Անառակը կ՚արթննայ մահացնող թմբիրէն, կը զննէ իր շրջապատը, կը դիտէ միջավայրը, ուր ինկեր է ահաւասիկ, աշխարհը՝ մարդիկը…։

«Կը դառնայ հայրենի տուն, յոյսի, հաւատքի եւ սիրոյ վերջին բեկորներով։

«Աննկարագրելի է հօր յուզումը։ Մե՛ծ ուրախութեամբ կ՚ընդունի իր անառակ որդին, սրտին վրայ կը սեղմէ զայն, կու տայ ամէնէն շքեղ պատմուճանը, կօշիկ՝ ոտքին, մատանի՝ ձեռքին. ամէնէն ընտիր եւ պարարտ եզը մատաղ կ՚ընէ եւ իր ընդարձակ ագարակներուն մէջ, խաղա՛ղութեան մէջ, գործ ու հանգիստ կ՚ապահովէ անոր։

«Հայ Եկեղեցւոյ զաւակնե՛ր, աւելորդ չըլլար կրկնել թէ -անառակ-ը խորհրդանշական օրինակ մըն է՝ մեղուցեալ, մոլորեալ մարդուն, նա՛եւ օրինակն է՝ աւելի վերջ զղջումի, ապաշաւի ուժով զգաստացող մարդուն, որ կը դառնայ, կը գտնէ փրկութեան ճամբան եւ կ՚արժանանայ ներման։

«Ինչպէս երէ՛կ, այսօր ալ շա՛տ են -անառակի կերպարներ-ը ու պիտի ըլլան ե՛ւ վաղը…։ Ս. Մատեանը, ամէ՛ն ժամանակի, ամէ՛ն դարու համար կը պահէ իր պատգամներու ուժը, իր դրուագներու, պատմութեանց եւ առակներու թելադրական  դասերը։ Բարոյական կեանքի, հոգեկան կեանքի մէջ իր զարտուղութիւններով, սայթաքումներով, մոլորանքով՝ վաղուան մարդը պարզ է թէ՝ պիտի չտարբերի այսօրուանէն…։

«Ամէնուն Հայրը պատրաստ է լսելու մեր զղջումի ձայնը…

«Բաւական է որ՝ հոգեւի՛ն կարենանք արտասանել այդ մեղան։

«Աստուած գթած է ու բազումողորմ, պիտի ներէ եւ մխիթարէ իր ուղեկորոյս զաւակները, անկե՛ղծ ու իրա՛ւ զղջումէ վերջ, հիմակ եւ մի՛շտ, ամէն…»։

***

Արդարեւ, «Անառակին առակը» մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ կեանքի մէջ միշտ կը պատահին բարոյական-հոգեւոր անկումներ՝ սայթաքումներ, բնակա՛ն է ասիկա քանի որ մարդ միշտ ունի տկարութիւններ եւ թերութիւններ, բայց կարեւորը քա՛ջ ըլլալն է եւ դարձեալ կանգնելու եւ շարունակելո՛ւ իր ուղիղ ճամբան, յոյսով եւ լոյսով եւ կորովո՛վ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2019, Իսթանպուլ  

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019