ՏՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՊԵՐՂՈՒՏԵԱՆ. «ԿԱՐԵՒՈՐԸ ՅԱՋՈՂԻԼՆ Է»
Թէկուզ երկրորդ կամ երրորդ մակարդակի վրայ է, բայց այնուամենայնիւ Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած մեր հայրենակիցներու օրակարգը կը շարունակէ յուզել մեզմէ շատերը։
Խնդիրն այն է, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, սուրիահայերուն մեծ տոկոսը կարողացաւ ոտքի կանգնիլ եւ յաղթել «կեանք»ին։ Կեանք բառը չակերտի մէջ առի, որովհետեւ նախ եւ առաջ այն դէպքերը, որոնք պատահեցան Սուրիոյ մէջ, սպասելի չէին, այդ առումով ալ մեր հայրենակիցներուն նման ոդիսականի մը մէջէն դարձեալ ոտքի ելլելու փաստը զարմանք պատճառեց շատ շատերու։
Հիմա այլեւս հարց չէ, թէ ինչպէ՛ս, ի՛նչ միջոցներով եւ ի՛նչ խիզախութեամբ անոնք կարողացան պայքար մղել ու յաղթանակ տանիլ «կեանք»ին դէմ։ Կարողացան ըլլալ ուշիմ եւ աշխատասէր ու այդպէսով բանալ նոր էջ մը, իրենց վիրաւոր կեանքի կենսագրութեան տոմարներուն մէջ։
Այդ նուաճումը կատարած ու կեանքի ամէն տեսակի բարդութիւններու դէմ կուրծք ցցած հալէպահայերէն մին է Տքթ. Վազգէն Պերղուտեանը։
Հալէպահայ բժիշկին համար երկար տարիներու երազ եղած է Հայաստան հաստատուիլը։ Այդ երազը կապ չունի Սուրիոյ մէջ ծայր առած դաժան պատերազմի հետեւանքներուն հետ եւ ըստ իրեն, ան իր երիտասարդութեան վաղ տարիներուն ալ միշտ փայփայած է օր մը վերջնականապէս Հայաստան փոխադրուելու եւ կեանքը հայրենիքի մէջ շարունակելու յոյսը։
Այդ յոյսը այսօր արդէն իրականութիւն դարձած է։
Մեր հայրենակցի այսօրուան վիճակին, անոր մտածումներուն եւ առհասարակ Երեւան հաստատուած սուրիահայերուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն մասին հարցաշարով մը դիմեցինք Տքթ. Պերղուտեանին։
*
-Մէկուկէս տարիէ ի վեր որպէս բժիշկ կը ծառայէք Երեւանի մէջ, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:
-Նախ ըսեմ, որ իմ տպաւորութիւնները անձնապէս ներկայացնելը բաւարար պիտի չըլլայ Հայաստան եկող ոեւէ սուրիահայու կարծիքը արտացոլելու համար: Եթէ ընդհանրացնեմ ձեր հարցումը, ապա պիտի ըսեմ, որ կան թէ՛ դրական եւ թէ բացասական մօտեցումեր: Կայ սուրիահայերու խումբ մը, որ ընդհանրապէս կը դժգոհի ու կ՚ըսէ. «Այս ինչ երկիր է, անօրինականութիւնը տարածուած է, Սուրիոյ մէջ ինչ լաւ էր, լաւ կը շահէինք, տուն-տեղ ունէինք, խանութ ունէինք, այստեղ զերոյէն պիտի սկսինք» եւ այլն։ Կայ այլ խումբ մը, որ կը դժգոհի, թէ Հայաստանի մէջ ձմեռը երկար է, կամ անընդհատ կը ձիւնէ, կ՚անձրեւէ, ամառները տաք է, առարկելով, որ «մեր քաղաքին մէջ որքան բարեխառն էին եղանակները»։ Կան ուրիշներ, որոնք յաճախ կը դժգոհին, որ իրենց բերած գումարները ամբողջութեամբ ծախսուեցան եւ հիմա անգործ են, կամ եթէ գործ ունին, կը դժգոհին աշխատավարձի անբաւարար ըլլալէն, որ նոյնիսկ տան վարձքի վճարին չի բաւեր։ Միւս կողմէ ալ կան դրական մօտեցումներով մարդիկ, որոնք փառք կու տան, թէ կրցած են խոյս տալ պատերազմէն եւ սկսած են ապահով կեանքի մը։ Անոնք կ՚ըսեն. «Ոչինչ, թէեւ աշխատավարձերը քիչ են, բայց փառք Աստուծոյ, կրցանք մեր նախապէս ապահոված գումարներով տուն մը առնել, փոքր աշխատատեղի մը հիմնել, հոս գոնէ բոլորը հայերէն կը խօսին, մեր հայրենիքն է, մեր Հայաստանն է, մեր երազած երկիրն է»։
Ինչ կը վերաբերի իմ անձնական կարծիքին. զարմանալիօրէն ընտանիքիս անդամներէն իւրաքանչիւրը տարբեր կարծիք ունի, հակառակ որ նոյն պայմաններուն մէջ կ՚ապրինք, հետեւաբար, սա կը նշանակէ, թէ մօտեցումներու տարբերութիւնը միշտ չէ, որ Հայաստանի պայմաններէն կախեալ է, այլ նաեւ անհատականութեան արտացոլումն է, այսինքն մէկուն համար աւելորդ զեխութիւնը անհրաժեշտութիւն մը չէ եւ մարդս նոյնիսկ անորոշ վիճակ ունենալով իր օրը կ՚ապրի, մինչդեռ ուրիշի մը համար հարազատներէն հեռու ըլլալը կամ ապագայի անյստակ ուրուագծումը կրնայ մեծ հոգ ըլլալ:
-Ինչպէ՞ս է հայաստանցիներուն վերաբերմունքը ձեզի հանդէպ, երբ իմանան, որ Սուրիայէն էք, հոն ծնած-մեծցած էք, Սուրիոյ մէջ աշխատած էք. ի՞նչ կ՚ըլլայ իրնց տպաւորութիւնը:
-Ես անձնապէս մեծ յուզումով կրնամ ըսել, որ աշխատավայրիս, ինչպէս նաեւ շրջապատիս մէջ եղող բնիկ հայաստանցիներուն դիրքորոշումը իմ նկատմամբ շատ դրական է, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ են։
Այստեղ դարձեալ կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ եւ իմ կարծիքով՝ շրջապատի վերաբերմունքը յաճախ կախեալ է քու մօտեցումէն: Անհատի վերաբերմունքը շատ մեծ դեր ունի, պէտք չէ ամէն ինչէ դժգոհիլ, միշտ տուժածի կարգավիճակով հանդէս գալ, կամ տրտնջալով ըսել, որ մենք պատերազմէ եկած ենք, պէտք է մեզ ապահովեն։ Այդ մօտեցումը ընդվզում կ՚առաջացնէ, մանաւադ որ, բոլորս լաւ գիտենք, թէ հայաստանցիներուն մէջ կան տուն-տեղ չունեցող խեղճ ու կրակ մարդիկ, որոնք կը տեսնեն, թէ սուրիահայերը թէկուզ տուժած, բայց իրենցմէ լաւ կ՚ապրին եւ նիւթական աւելի լաւ վիճակ ունին. կեդրոնէն տուն կը վարձեն, ամէն տեսակի նպաստներ կը ստանան, եւ այլն, եւ այլն։ Այս բոլորը վստահաբար առիթ կը դառնան որոշ հատուածական մօտեցումներու։
-Լեզուական իմաստով, իրար հասկնալու առումով որեւէ խնդիր կ՚ունենա՞ք: Արդեօք այդ տարբերութիւնը կը խանգարէ՞ ձեր աշխատանքը:
-Կրկին եթէ ընդհանրացնեմ հարցը, կրնամ ըսել, որ այստեղ մեծ դեր կը խաղայ Սուրիայէն կամ ընդհանրապէս սփիւռքէն եկող հայութեան հայերէն լեզուին տիրապետման եւ յատկապէս արեւելահայերէնի ծանօթ ըլլալու աստիճանը:
Իմ պարագային հարցը այլ է. նկատի ունենալով, որ ես 1981 թուականին Հայաստան եկած եւ եօթ տարի մնացած եմ, բազմիցս այցելած եմ թէ՛ խորհրդային շրջանին եւ թէ յետխորհրդային շրջանին: Արեւելահայերէնի իմացութիւնս ի սկիզբանէ բաւարար եղած է, որովհետեւ յաճախ արեւելահայ գրողներու գործեր կարդացած եմ, այնպէս որ արեւելահայերէնը ինծի համար խորթ չէ: Հակառակ այդ բոլորին՝ ըսեմ, որ յատկապէս բժշկական բնագաւառին մէջ շատ մը թերութիւններ ունիմ բժիշկ համեմատած իմ բժիշկ ընկերներուս, որոնք աստիճանաբար կը կարգաւորուին։
-Ի՞նչ կը մտածէք, ճիշդ որոշում առի՞ք Հայաստան հաստատուելով, կրցա՞ք ընտելանալ այս իրավիճակին՝ Հայաստանի մէջ տիրող պայմաններուն:
-Ինչպէս սկիզբը նշեցի, իմ երազանքը եղած է հայրենիքի մէջ ապրիլը, անկախ վարչակարգէն, նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն երազանք ունեցած եմ, որ հայրենիքի մէջ, հարազատ հողիս վրայ ապրիմ. ես սա չեմ ըսեր որպէս հայրենասիրութեան տուրք: Այս որոշումը առնելու ժամանակ չհաշուեցի ճիշդ կ՚ընեմ, թէ սխալ: Ուրիշ հնարաւորութիւններ ունէի, որպէս սուրիացի՝ գաղթել Եւրոպա, բայց երբեք չմտածեցի դիմել այդ քայլին։ Հայաստանը ինծի համար երազանքի երկիր է:
Դարձեալ կը կրկնեմ, սա անձնական կարծիք է, նման որոշման մէջ կրնայ դեր խաղալ տարիքը, կեանքի նպատակը, ոչ միայն հայրենասիրութիւնը, քանի որ շատեր կրնան ինձմէ աւելի հայրենասէր ըլլալ, բայց չտոկան, չդիմանան, քննադատող դերի մէջ ըլլան, աւելի լաւ ապրելու իղձ ունենան… բան մը, որ թերեւս կը պակսի իմ մէջ: Նաեւ Սուրիոյ պատերազմը սուրիահայութեան սորվեցուց վերջնական որոշումներ չառնել, սորվեցուց, որ անակնկալներ կրնան պատահիլ կեանքի մէջ, ինչպէս որ հալէպահայութեան մեծամասնութեան մօտ Հալէպի մէջ ապագան ապահոված ըլլալու համոզմունքը մէկ օրուան մէջ «ջուրը ինկաւ»:
-Գիտենք որ շուտով մէկ տարին կը լրանայ «Թաւշեայ յեղափոխութեան»։ Ի՞նչ գնահատական կրնաք տալ, ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ, որեւէ դրական կամ ժխատական տեղաշարժ կա՞յ:
-Ինչ խօսք, նախկին վարչակարգը անտանելի էր իր թերութիւններով, իր ապազգային քաղաքականութեամբ, իր իշխանութեամբ: Անտանելի էր ժողովուրդին վիճակը, արտագաղթի հոսքը, հետեւաբար, յեղափոխութիւնը դրական կեցուածքով դիմաւորեցինք, բայց վերջնական դրական կարծիքը դժուար թէ կարողանանք տալ, որովհետեւ կան շատ բաներ, որոնք պէտք է փոխուին։
Ներկայ իշխանութեան կատարած քայլերը անշուշտ շատ դրական են. ըլլայ ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարուի։ Մեր մաղթանքն է, որ բարի ըլլան եւ ի շահ մեր ազգին ըլլան անոնց բոլոր քայլերը։
Ներքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ ալ կը տեսնենք, թէ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող քայլեր կ՚առնուին. որոշ աշխատավարձերու բարելաւում կայ, հակառակ որ դեռ բաւարար չէ: Ժողովուրդին մօտ երկու տեսակի մօտեցում կայ. նախորդ իշխանութեան օրերուն եղած անօրինութիւններէն օգտուողներուն մէկ մասը վատ կը վերաբերին այս փոփոխութեան, որովհետեւ նախօրօք ազատօրէն կը գողնային, իսկ հիմա կաղապարի մէջ մտած են։ Անոնցմէ շատերն ալ, հակառակ որ կ՚օգտուէին հին իրավիճակէն, սակայն գոհ են նոր դրութենէն, քանի կը գիտակցին, թէ այդպէս ապրիլ կարելի չէր այլեւս, վերջ ի վերջոյ օրէնքի մէջ կը մտնէ երկիրը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան