ՔԵՍԱՊԱՀԱՅ ՅԱՍՄԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. «ՄԵՐՈՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՆ ՀՈՂԻՆ»

Յոյսը եւ պատերազմը միասին կը քալեն։ Պատերազմի ամենէն ահաւոր պատկերին մէջ յոյսի նշոյլ մը կայ։ Պատերազմը անդառնալին է, այլ որ կը կորսուի մահուան եւ սուգին մէջ, բան մը որ անդարձ է, կորուստ է եւ սուգ։ Իսկ յոյսը այդ վիճակներէն դուրս գալու գլխաւոր ճանապարհն է։

Անոնք, որ Սուրիոյ վերջին տարիներու դէպքերուն հետեւացան, գրեցին, լսեցին, պատմեցին եւ եղած ապրումները թուղթին տուին լաւ կը հասկնան այս պատկերը։ Պատերազմը կը քալէ մեծ ու լայն պողոտաներէն, կուտէ քար ու ասֆալթ, քաղաքները կը դարձնէ ամայի եւ տխուր, անկուշտ է այդ պատերազմը, նոր զոհեր կը խլէ, նոր կորուստներ կը փնտռէ ու նոր վէրքերու համար ճամբայ կը բանայ։ Այս բոլոր մանրամասնութիւններուն մօտէն ծանօթ են սուրիահայերը, որոնք այդ պատերազմի մէն մի մանրամասնութիւնը ապրեցան ու այսօր արդէն կնագնած են նոր բախտորոշ փուլի մը դիմաց։

Համայէն մինչեւ Հոմս, ապա Տէր Զօր, Ռաքքա, Դամասկոս ու ապա Հալէպ սուրիահայութիւնը ապրեցաւ այդ ահասար-սուռ պատերազմին ամբողջ ընթացքը։

Փոքր ցոյցերով ընթացք առած ու ապա բարբարոսական դէմքերու սուրին ու արիւնին մէջ ծուարած փուլերը մաշումի տարին նախապատերազմեան Սուրիոյ շուրջ հարիւր հազար հայերը։

Մարդկային կորուստներ, առեւանգումներ, նոր գաղթականութեան ամենատխուր պատկերներով ամբողջցացած ճակատագրի պատումներ, այս բոլորին մէջէն անցաւ սուրիահայութիւնը ու հակառակ անոր, որ հայութեան այսօրուան ընդհանուր թուաքանակը մեծ նօսրացումի մը մեծագոյն ապացոյցն է, հայութիւնը կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ գոյանալու, իր ներկայութիւնը պարզելու եւ իր հայկական մեծ ընտանիքին անունը բարձր պահելու առաքելութիւնը։

Այս բոլորէն բացի աւելի քան յստակ է, որ հայութեան համար ամենէն տխուր էջը դարձաւ Քեսապ հայկական աւանին «վերապահուած» տխուր ճակատագիրը։

21 մարտ 2014 թուականին, Քեսապի անունը յանկարծ կը դառնար միջազգային լրահոսի առաջին տեղերը զբաղեցնող անուն։ Հայկական աւանը կը գրաւուէր Սուրիոյ պատերազմին մասնակից խմբաւորումներու կողմէ, որոնք գիւղը գրաւելէ կարճ ատեն մը ետք կը դրժէին իրենց իսկ բերնով լսելի դարձած վստահեցումները. «գործ պիտի չունենանք գիւղացիներու ինչքերուն, բնակարաններուն, կառոյցներուն ու մանաւանդ եկեղեցիներուն հետ»։ Ու այս «խոստումներ»ուն պիտի յաջորդէր, հայկական եկեղեցիները պղծելու փուլ մը, որ բողոքի մեծ ալիք կը բարձրացնէր ամբողջ հայութեան համար։

Բարեբախտաբար Քեսապի գրաւումը կը տեւէր շատ կարճ, սակայն մեր բոլորի յիշողութեան մէջ ցայսօր թարմ կը մնային քեսապցի հայրենակիցներու ապրած մեծ ցաւն ու գաղթականութեան տագնապը։ Մտահոգիչն այն էր, թէ հակառակ անոր, որ Քեսապ կարճ ժամանակ մը անց կը վերադառնար Սուրիոյ պետութեան գիրկը, բայց եւ այնպէս գիւղէն հեռացած ոչ բոլոր հայորդիները կը վերադառնային իրենց բնօրրանը։

Այս բոլորին մասին, քեսապցիներու ապրած ոդիսականին ու անոնց կրած յուզումներուն մասին օրերս կարճ զրոյց մը ունեցայ Յասմիկ Մանճիկեան-Պէրպէրեանին հետ, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու կը շարունակէ ապրիլ Քեսապի մէջ։ Ի դէպ խօսակիկցս կը շարունակէ հետեւիլ հայկական կեանքի զանազան մակարդակի զարգացումներուն ու անոր համար Հայաստանի, թէ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները կը շարունակեն ունենալ իրենց արժանի տեղը։

Տիկին Պէրպէրեան, որ պատերազմի առաջին օրերուն կորսնցուցած է իր ամուսինը, կառչած է իր ծննդավայրին ու մեծ յոյսերով կը նայի ապագային։

*

-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն, կրնա՞ք պատմել այս մասին:

-2012 թուականին սուրիական պատերազմին թիրախը հանդիսացաւ Հալէպ քաղաքը: Պայթումներ սկսած էին տեղի ունենալ զանազան շրջաններու մէջ, ծանր հրթիռակոծումներու ենթարկուեցան նաեւ հայահոծ եւ քրիստոնէական թաղամասերը: Վախն ու մտահոգութիւնը շրջապատած էր բոլորին սրտերը՝ արդեօք պատերազմ պիտի սկսի՞, թէ՞ ձեւով մը պետութիւնը պիտի կասեցնէ այս ամէնը. բայց դժբախտաբար շարունակուեցաւ: Մտահոգութիւնը բոլորին մօտ էր, շատ արագ շշուկներ սկսան շրջան ընել, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ կան Հալէպի ծայրամասերուն վրայ: Ամուսինս, ըլլալով հայկական միութեան մը ղեկավար պատասխանատու, սկսաւ երիտասարդներուն յորդորել խուճապի չմատնուիլ եւ հեռու մնալ գիշերային հաւաքոյթներէ: 16 մայիս 2012 թուականին ամուսինս մահացաւ. մեծ կորոստ, մեծ ցաւ, դեռ տակաւին տղաս 14 տարեկանը նոր բոլորած էր:

Ցնցումը շատ մեծ էր, շուարած վիճակ ունէի, անշուշտ հիմնականը ամուսինիս կորուստի պատճառով, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրինք, ինչպէ՛ս պիտի շարունակենք մեր կեանքը, նաեւ միեւնոյն ժամանակ Հալէպի վրայով ռազմական օդանաւեր սկսած էին շրջիլ: Յանկարծ ամուսինիս բարեկամը, որ Հայաստան կը գտնուէր, ինծի թելադրեց անպայման առնեմ երեխան եւ Հայաստան երթամ: Սկիզբը համաձայն չեղայ, որովհետեւ ինծի համար հոգեպէս շատ դժուար էր Հալէպէն հեռանալը, բայց վերջը ստիպուեցայ համաձայնիլ: Մինչ կ՚որոշէինք ճամբորդութեան թուականը, օր ըստ օրէ կ՚աւելնար մտավախութիւնը, խմբաւորումները սկսած էին տեղաւորուիլ Հալէպին շատ մօտակայ գիծերու վրայ, յատկապէս օդակայանի գիծին վրայ: Ահաւոր էր այդ օրը, երբ ճամբայ ելայ դէպի օդակայան: Երբեք կեանքիս մէջ չեմ մոռնար այն վայրկեաններու ապրումները, երբ շրջանցեցինք անցակէտերը ահաբեկիչ խմբաւորումներու, որոնք կանգնած էին օդակայանի ճամբուն վրայ, երբ օդակայան հասայ, այլեւս ուրախութիւնս չափ ու սահման չունէր: Անկէ վերջ ճամբորդեցինք Երեւան, սակայն այն յոյսով, որ մէկ ամիս վերջ պիտի վերադառնամ տունս: Բայց դժբախտաբար մէկ ամիսը դարձաւ հինգ ամիս:

-Արդէն հինգ տարիէ ի վեր Քեսապ կ՚ապրիք, դուք բնիկ քեսապցի է՞ք, դժուար եղա՞ւ վարժուիլը Քեսապի պայմաններուն. ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին:

-Մենք, ինչպէս ըսի, առանց պատրաստութեան գացինք Երեւան, եւ քանի որ ծնողներս Քեսապ էին, եղբայրս անընդհատ կ՚ըսէր. Քեսապ եկուր, մեր հետ կը մնաս, բայց ես միշտ դէմ էի, չէի ուզեր, որովհետեւ յոյս ունէի, որ ես Հալէպ պիտի վերադառնամ, սակայն պայմանները այնպէս բերին, որ ես վերադարձայ ծնողքիս քով՝ Քեսապ, մեր գիւղաքաղաքը:

Այդքան ալ դիւրին չէր հաշտուիլը այն գաղափարին, որ ես Քեսապ պիտի մնամ: Թէեւ բնիկ քեսապցի եմ եւ ծնողներս Քեսապ կ՚ապրէին, բայց անպայման կ՚ուզէի Հալէպի իմ տունս վերադառնալ: Դժբախտաբար Հալէպի վիճակը աւելի վատթարացած էր եւ ստիպուած եղայ մնալ ծնողքիս քով ու մինչեւ հիմա ալ հօրս հետ միասին կ՚ապրինք:

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Քեսապի ներկայ ընդհանուր իրավիճակը: Ի՞նչ են այսօրուան խնդիրները, մարտահրաւէրները, ի՞նչ վիճակ մէջ է գիւղը:

-Ազատագրումէն ետք բաւական նուազած է քեսապահայութեան թիւը, անշուշտ պատերազմի պայմանները ստիպեցին, որ մանաւանդ երիտասարդութիւնը հեռանայ Քեսապէն, ըլլայ բանակի պատճառով կամ տնտեսական ճգնաժամի պատճառով: Բայց շատեր ալ վերադարձած են իրենց տուները, բարւոք կեանք մը կ՚ապրին: Հիմնական խնդիրները նոյնն են, ինչ որ կան ընդհանուր Սուրիոյ մէջ, մենք ալ նոյնպէս վառելանիւթի, ելեկտրականութեան տագնապ կ՚ապրինք, ինչ որ իսկապէս կ՚ազդէ մեր առօրեային վրայ: Այս տագնապները կը ձգեն, որ մարդիկ յուսախաբուին, յուսահատին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Քեսապի ապահովական մտավախութիւններուն, միշտ ալ կայ այդ մտահոգութիւնը: Քեսապցին տակաւին կը կրեն այն վախը, թէ արդեօք ահաբեկիչները կրկին յարձակում մը պիտի գործե՞ն, որովհետեւ Քեսապի դէպքերուն վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Ըսեմ նաեւ, որ քեսապցիք կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց հողին եւ կը փորձեն բարելաւել իրենց կեանքը։ Անոնք տքնաջան աշխատանք կը տանին, որպէսզի իրենց հողերը մշակեն, բայց մտահոգութիւնը միշտ ալ կայ։

-Ձեր կարծիքով՝ Քեսապի հայութիւնը ապագայ ունի՞:

-2018 թուականը յուսադրիչ տարեթիւ մը եղաւ քեսապահայութեան համար. երկար տարիներ ետք զբօսաշրջութեան եւ օդափոխութեան փնտռուած վայր հանդիսացող Քեսապը վերստին բացաւ իր դռները, վերանորոգուեցան ճաշարանները եւ պանդոկները, իսկ ամենէն կարեւորը, աշխուժացաւ հալէպահայութեան հոսքը դէպի Քեսապ եւ վերականգնուեցաւ կարեւոր աւանդոյթ մը՝ եօթ տարուան դադարէ ետք, հայկական բոլոր միութիւնները իրենց բանակումները կազմակերպեցին Քեսապի մէջ: Այս երեւոյթները անշուշտ դրական են եւ կը յուսադրեն, որ Քեսապ դարձեալ փայլուն ապագայ պիտի ունենայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2019