ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Աւագ շաբաթուայ առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթին, որ կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ Այս օրը կը խորհրդանշէ նաեւ «երկրորդ շրջան»ը, երբ ապականուեցաւ ամբողջ տիեզերքը, եւ միայն Ենովք հաճելի եղաւ Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Ե 21-24)։ Ադամ ուտելով արգիլուած պտուղը՝ վտարուեցաւ դրախտէն, իսկ Ենովք չուտելով երկրի պտուղը՝ մտաւ դրախտ, որ է անմահութիւն։

Աւագ երկուշաբթին նաեւ «Անպտուղ թզենի»ի յիշատակութեան օրն է։ Ըստ Մատթէոս աւետարանիչի, Յիսուս Բեթանիայի մէջ գիշերելէն յետոյ, առաւօտեան Երուսաղէմ երբ կը վերադառնար, անօթեցաւ եւ ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով՝ մօտեցաւ անոր, բայց տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ։ Ուստի Յիսուս թզենիին ըսաւ. «Ասկէ ետք յաւիտեան պտուղ չունենաս», եւ վայրկեանին թզենին չորցաւ. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 18-22)։

Անպտուղ թզենիին չորնալու դէպքը խորհրդանիշը եւ օրինակն է «հաւատք»ի եւ անոր հրաշագործ զօրութեան. «Վստահ եղէք, որ եթէ հաւատք ունենաք եւ չկասկածիք, ո՛չ միայն պիտի կարենաք կատարել թզենիին պատահածը, այլ նոյնիսկ եթէ այս լերան ըսէք.- Ել եւ ծով ինկիր, պիտի կատարուի։ Եւ աղօթած ատեն ի՛նչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 21-22)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, ցոյց տալու համար հաստատ հաւատքի զօրութիւնը։

Եկեղեցւոյ հայրերը կը գրեն, թէ «ապաշխարութեան պտուղ»ը աղքատներու եւ կարօտեալներու համար կատարուող ողորմածութիւնն է։ Ուստի տերեւալից, բայց պտուղ չունեցող այս թզենին կը խորհրդանշէ այն մարդոց, որոնք արտաքին բարեպաշտութիւնը պահելով՝ չեն պտղաբերեր բարի գործերով, ըստ Յակոբոս առաքեալի, թէ՝ «հաւատքը մեռած է առանց գործի» (ՅԱԿՈԲ. Բ 26)։

Արդարեւ, «թզենի»ն հրեաներն են, որոնք բարի գործերու «պտուղ» չունին, այլ միայն Մովսիսական օրէնքի եւ «հրէական անուններու տերեւ», որ իրենք զիրենք «հրեայ» կ՚անուանեն, բայց չե՛ն, այլ միայն գործակիցներն են։ Եւ Յիսուս, անոնց բարի գործերու պտուղներուն անօթութիւնը զգալով, եւ երբ անոնք չգտաւ անոնց վրայ, արգիլեց շնորհի ընծայումը։ Հեթանոսներ կարող չեն պատճառաբանել՝ թէ քրիստոնեաներ չեն, ուստի պտուղի ժամանակը չէ, եւ ոչ ալ հրեաները, քանի որ իւրաքանչիւր անձէ եւ տարիքէ «պտուղ» կը պահանջուի, ինչ որ  ալ ըլլայ հասակը։

Բարոյական տեսանկիւնէ՝ անպտուղ եւ տերեւազարդ թզենին այն քրիստոնեաներն են՝ որոնք միա՛յն հաւատք ունին, բայց ո՛չ բարի որեւէ գործ։

Եւ ինչպէս որ տերեւն է ծառի նշանը, նոյնպէս ալ հաւատքը՝ քրիստոնեայի. Քրիստոս մեծ անօթութեամբ կը քալէ, կը մօտենայ դէպի մեր հոգիները՝ առաքինի պտուղ գտնելու՝ թէ՛ մեր պատանեկութեան, թէ՛ երիտասարդութեան եւ թէ ծերութեան շրջանին։ Հետեւաբար հո՛գ եւ խնամք տանելու ենք, որ «անպտուղ» չըլլանք, որպէսզի Տէր Յիսուս մեզ ալ անպտուղ թզենիին պէս չչորցնէ։

Աւետարանի մեկնիչներ կը գրեն, թէ աստուածային զօրութիւնը առաւել եւս շեշտելու համար Քրիստոս յատկապէ՛ս թզենին ընտրեց, քանի որ այն միւս ծառերէն աւելի ուշ կը չորնայ, որովհետեւ աւելի մածուցիկ է, այսինքն՝ կպչող, փակչող եւ կաթի նման հոսող նիւթ ունի։ Հակառակ անոր, որ ծառը արմատահան ընելէ եւ կտրելէ յետոյ որոշ ժամանակ պէտք է, որպէսզի ամբողջապէս չորնայ, թզենին չորցաւ Քրիստոսի խօսքերէն անմիջապէս յետոյ։

Այս իրողութիւնը կը վկայէ Քրիստոսի զօրութեան եւ խօսքին ուժին։ Ծառերը աւելի արագ կը չորնան ամառը՝ երբ չոր եւ տապ, այսինքն սաստիկ տաք կ՚ըլլայ։ Քրիստոս թզենին անիծեց, երբ հազիւ կը սկսէր գարունը, երբ տակաւին խոնաւ է եւ մասամբ ցուրտ, որուն միջոցով նաեւ ցոյց տուաւ Իր զօրութիւնը։ Այս կը նշանակէ, թէ Յիսուս կը տիրէ եւ կ՚իշխէ նաեւ բնութեան։

Յիսուս իր խաչելութենէն առաջ չորցնելով թզենին, ցոյց տուաւ Իր աստուածային զօրութիւնը՝ վկայելով, որ նոյն ձեւով կարո՛ղ էր նաեւ ոչնչացնել Իր թշնամիները, հակառակորդները, սակայն բոլոր չարչարանքները կամաւոր կերպով, յօժարութեամբ յանձն առաւ, ընդունեց համայն մարդկութեան փրկութեանը համար եւ մեզի աւանդեց, որ բացի արտաքին բարեպաշտութիւններէ, ձեւական առաքինութիւններէ, պէ՛տք է ունենալ նաեւ բարի գործերով, հաւատարմութեամբ եւ ողորմածութեամբ աճեցուած «փրկութեան պտուղ»ը։

Աւագ շաբթուայ այս առաջին օրուան՝ Աւագ երկուշաբթիի շարականի խօսքերուն համաձայն ուրեմն, խնդրենք մեր Տիրոջմէ Յիսուս Քրիստոսէ.

«Մարդկային մեր բնութիւնը նորոգող Յիսուս, որ ի խորհուրդ հնացեալ մարդու, այսօր չորցուցիր անպտուղ թզենին, եւ մեզ՝ մեղքէ հնացեալներս, նորոգէ անմահ կեանքի համար…»։

Արդարեւ, Աւագ շաբթուայ իւրաքանչիւր օր ունի իր խորհուրդը, իմաստը՝ որոնք մեզ կը պատրաստեն Տէր Յիսուսի փառաւոր եւ հրաշալի՜ Յարութեան մասնակից ըլլալու եւ վայելելու յաւիտենական եւ անմահ կեա՛նքը, որուն կոչուած ենք բոլորս…։

- Մասամբ օգտուեցանք՝ Կարինէ Սուգիեանի ուսումնասիրութենէն, ինչպէս նաեւ՝ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Համապատում»էն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 8, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019