ԶԱՏԻ՜Կ Է, ԶԱՏԻ՜Կ, ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻ՜Կ

-Մայրի՛կ, ի՞նչ է Զատիկը,- հարցուց հնգամեայ Արամիկը, որ խաղալիքները մէկ կողմ ձգելով դրան ծայրէն ուշադիր կը հետեւէր մօրը։

-Զատիկը Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է,- ժպտուն պատասխանեց մայրը ու շարունակեց խոհանոցի մէջ տօնական պատրաստութիւնները։ Արամիկը համր քայլերով յառաջացաւ, նստաւ աթոռի մը վրայ ու շարունակեց հետաքրքրութեամբ լուռ հետեւիլ իր սիրասուն մայրիկին։ Քանի մը վայրկեան խոհանոցի մէջ լռութիւն տիրեց, միայն պնակներուն ու դգալներուն շըղկ-շըղկիւնը երբեմն կը լսուէր, մինչեւ որ Արամիկը կարծես թէ երկա՜ր խորհելէ ետք որոշեց խախտել տիրող լռութիւնը։

-Մայրիկ, իսկ ինչո՞ւ Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնը Զատիկ կը կոչուի։

-Որովհետեւ անուշիկ զաւակս, Զատիկ կը նշանակէ՝ զատում, բաժանում, մեղքերէ հեռացում եւ վերադարձ առ Աստուած։

-Շատ հետաքրքիր է,- աչուկները խոշոր բանալով ըսաւ Արամիկ։

-Տղաս, իսկ դուն գիտե՞ս, որ Զատիկը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին է։

-Ո՛չ, չեմ գիտեր, ուրկէ՞ գիտնամ, ոչ մէկը ինծի ըսաւ։ Մանկապարտէզի մեր ուսուցչուհին միայն ըսաւ, որ Զատիկին անպայման հաւկիթ ներկենք, եկեղեցի երթանք ու այցելենք մեր ընտանիքի մեծերուն՝ անոնց Զատիկը շնորհաւորելու համար։

-Ապրի՛ ձեր ուսուցչուհին, շատ ճիշդ ըսաւ։

-Է՜հ մայրիկ, ուսուցչուհիի ըսածները դուն ինծի սորվեցուցած էիր, ես նոր բաներ կ՚ուզեմ սորվիլ։ Կ՚ուզեմ Աստուած Հայրիկին ու Յիսուս Քրիստոսի մասին ամէն բան գիտնալ։ Փոքրիկ գլուխիս մէջ շատ հարցեր ունիմ։

-Ա՜խ իմ փոքրիկ «ինչու»իկ, տակաւին շատ պզտիկ ես ու սորվելու շատ ժամանակ ունիս։ Այժմ սենեակդ անցիր ու խաղալիքներով խաղա՛,- Արամիկը ամուր գրկելով ու համբուրելով ըսաւ մայրը։

-Ո՛չ, ես հիմա կ՚ուզեմ քովդ մնալ ու քեզի օգնել, թոյլ կու տա՞ս մայրիկ, շատ կը խնդրեմ։

-Ի հարկէ թոյլ կու տամ իմ խելացի ու աշխատասէր մանկիկ։ Գոգնոցդ կապէ, ձեռքերդ օճառէ, եկո՛ւր ինծի օգնէ միասնաբար զատկուան չէօրէքի խմորը շաղուենք։

-Ուռա՜,- մօր թուած բոլոր գործողութիւնները կայծակնային արագութեամբ ընելէ ետք՝ Արամիկ բացագանչեց.

-Պատրաստ եմ մայրիկ։

-Այլեւս կրնանք սկսիլ… Արամիկ, այսօր Աւագ շաբաթ է, երեկոյեան եկեղեցի պիտի երթանք։

-Գիտեմ մայրիկ, հայրիկը առտու կանուխ, աշխատանքի երթալէ առաջ զիս համբուրեց ու ըսաւ։ Սակայն կարծեմ մոռցաւ ըսելու, թէ ինչո՞ւ կ՚երթանք։

-Սուրբ Յարութեան տօնի նախընթաց երեկոյեան եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, որն ալ կ՚ազդարարէ զատկական տօնակատարութիւններուն սկիզբը։

-Եկեղեցիէն օրհնեալ ճրա՞գ պիտի բերենք մեր տուն։

-Այո՛ զաւակս, պիտի բերենք։

Այսպէս մայր ու տղայ հաճելի զրոյցի բռնուած՝ ձեռք ձեռքի չէօրէքը շաղուեցին ու վրան սննդային թաղանթ մը անցընելով, վերմակով տաք փաթթեցին, որպէսզի խմորը կանուխ հասուննայ։

Ահաւասիկ կարգը հասաւ հաւկիթ ներկելուն՝ Արամիկի եւ առհասարակ բոլոր երեխաներուն ամենէն սիրելի աշխատանքին։ Արամիկի մայրիկը՝ Աննան նախապէս մաքրելով կարմիր սոխի կեղեւները՝ զանոնք դրաւ եռացող ջուրին մէջ ու ձգեց, որպէսզի կեղեւները քանի մը վայրկեան եռան։ Տասն վայրկեան ետք ջուրը վառ կարմիր գոյնի վերածուեցաւ։

-Արամիկ, եկուր միասին հաւկիթները ներկենք։ Տղաս այլեւս մեծցար, ես քովդ պիտի կանգնիմ, դուն ուշադիր բոլոր հաւկիթները մէկիկ-մէկիկ դգալի օգնութեամբ ջուրին մէջ դիր ու քիչ մը սպասէ. ես ալ հինգ վայրկեան ետք այլեւս ներկուած հաւկիթները ջուրէն պիտի հանեմ։

Արամիկը մեծագոյն սիրով ու ոգեւորութեամբ աշխատանքի անցաւ ու այդ ընթացքին նորէն միտք հետաքրքրական հարցումներ եկան…

-Մայրիկ, ինչո՞ւ մենք միշտ հաւկիթները կարմիր կը ներկենք, իսկ իմ ընկերները գոյնզգոյն։

-Զաւակս, Զատիկին հաւատացեալները հաւկիթը կարմիր կը ներկեն, քանզի կարմիր հաւկիթը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կենդանարար արիւնը, որ թափուեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար։

Ներկուած հաւկիթը կը համարուի Յարութեան ու նոր կեանքի խորհրդանիշ։ Աւանդութենէ յայտնի է, որ Մարիամ Մագդաղենացին Զատկի տօնին Հռոմի մէջ ներկուած հաւկիթ նուիրած էր Տիբերիոս կայսրին ու ըսած. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։

-Մայրի՛կ, զիս շատ կը հետաքրքրէ, թէ ինչո՞ւ Զատիկին հաւկիթ կը ներկենք, ինչո՞ւ ուրիշ բան չենք ըներ, այլ պարտադիր հաւկիթ կը ներկենք։

-Հիմա կը բացատրեմ տղաս. զատկուան ներկուած հաւկիթը մեր երկիր մոլորակն է։ Հաւկիթի կեղեւը կը բնորոշէ երկինքը, թաղանթը՝ օդը, սպիտակուցը՝ ջուրը, իսկ դեղնուցը՝ երկիրը։ Հաւկիթը կարմիր ներկելով կը յայտնենք, թէ Յիսուս Քրիստոս համայն աշխարհը իր արեամբ գնեց։ Այսպէսով կը քարոզենք մեր փրկութեան մասին։ Բաց աստի, հաւկիթը նաեւ յոյս կը խորհրդանշէ, քանզի տակաւին հաւկիթ է, պտուղ չէ դարձած։ Այսպէսով զատկուան հաւկիթն ալ կը խորհրդանշէ մեր յարութեան յոյսը։

-Իմ բարի մայրիկ, շնորհակալ եմ այսքան պատկերաւոր բացատրութիւններուդ համար,- պզտիկ թաթիկներով մայրիկին վիզը փաթթուելով ու համբոյրներ շռայլելով ըսաւ Արամիկ ու շարունակեց.

-Միայն մէկ բան չհասկցայ, հաւկիթը ինչպէ՞ս կրնայ յոյս խորհրդանշել։

-Իմ փոքրիկ «ինչու»իկ, հաւկիթը երկու անգամ կը ծնի, առաջինը՝ երբ հաւը զայն կ՚ածէ, երկրորդը՝ երբ այդ հաւկիթէն ճուտիկը կ՚ելլէ։ Մարդ արարածը նոյնպէս երկու անգամ կը ծնի, առաջին անգամ իր մօրմէ, երկրորդ անգամ՝ մկրտութեան աւազանէն։ Մարդու առաջին ծնունդը մահուան պատճառաւ անկերպարանք է, ինչպէս՝ հաւկիթը, սակայն երբ Քրիստոս մեր վրայ կը թափէ Իր կենդանարար Արիւնը, իբրեւ կենդանի ձագուկներ՝ մեզի յարութիւն կու տայ։ Ահաւասիկ պատճառը, թէ ի՞նչու Յարութեան մեծ օրը հաւկիթը արեան գոյնի կը ներկենք։

-Մայրիկ, որքան հաճելի է նոր բաներ սորվիլը։ Երբ մանկապարտէզ երթամ, ընկերներուս պիտի պատմեմ, թէ ի՞նչ է Զատիկը եւ ինչո՞ւ այդ օրը հաւկիթ կը ներկեն։

-Չմոռնաս նշելու, որ հաւկիթը պէտք է Աւագ շաբաթ օրը ներկել՝ Քրիստոսի Խաչելութենէն ետք։

-Չեմ մոռնար մայրիկ։

-Ապրի՛ս, իմ խելացի զաւակս։ Արամիկ, Զատկուան տօնէն սկսեալ քառասուն օր շարունակ՝ բարի լոյսի փոխարէն ի՞նչ պիտի ըսենք.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019