ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ Ս. ՀՈԳԻՈՎ
Սուրբ Հոգիին շնորհքը կարողութիւն ունի մարդս արդարացնելու, այսինքն զայն մաքրելու իր մեղքերէն եւ իրեն հաղորդելու «Յիսուս Քրիստոսի հաւատքովը՝ Աստուծոյ արդարութիւնը» (ՀՌՈՄ. Գ 22) եւ Մկրտութեամբ. (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։ Զօրութեամբ Սուրբ Հոգիին, մարդիկ իրենց բաժինը կը բերեն Քրիստոսի չարչարանքին, մեռնելով մեղքին համար, իրենց բաժինը կը բերեն նաեւ Անոր Յարութեան՝ ծնելով «Նոր կեանք»ի մը համար։
Մարդիկ անդամներն են Անոր Մարմինին, որ Եկեղեցի՛ն է (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԲ), ոստերը պատուաստուած Որթին վրայ է, որ նոյն Ինքն Քրիստոս. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 1-4)։
Առաքեալը կ՚ըսէ. «Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ նաեւ Անոր հետ պիտի ապրինք։ Գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ այսուհետեւ չի՛ մեռնիր, այլեւս մահը չի՛ կրնար Անոր տիրել։ Երբ մեռաւ՝ մեղքին համար մեռաւ, միակ անգամուան մը համար, եւ հիմա որ Ան կենդանի է՝ Աստուծոյ համար կենդանի է։ Նոյնպէս ալ դուք, դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (ՀՌՈՄ. Զ 8-11)։
Իսկ Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդացի կ՚ըսէ. «Հոգիով է որ մենք մասնակից ենք Աստուծոյ։ Մասնակցութեամբ Հոգիին՝ մենք կ՚ըլլանք մասնակիցներ աստուածային բնութեան։ Ասոր համար, անոնք որոնց մէջ Հոգին կը բնակի, աստուածացած են»։ Ուստի իւրաքանչիւր հաւատացեալ իր հոգւոյն մէջ պէտք է զգայ այդ մասնակցութիւնը՝ զոր զինք պիտի արդարացնէ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը պիտի մաքրէ ամէն մեղք, որ կը նշանակէ՝ «արդարացում»։ Արդարեւ Սուրբ Հոգիին շնորհքին առաջին գործը դարձն է, որ կը գործէ արդարացումը ըստ Յիսուսի Աւետարանին սկիզբը կատարուած քարոզչութեան. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտեցած է երկինքի Արքայութիւնը» (ՄԱՏԹ. Դ 17)։ Ուստի շնորհքին մղումով, մարդը կը դառնայ դէպի Աստուած եւ կը հեռանայ մեղքէն՝ անդրադառնալով իր սխալին եւ ընդունելով այսպէս ի վերուստ «ներում»ը եւ «արդարացում»ը, այսինքն՝ արդարութիւնը։
«Արդարացումը իր հետ կը բերէ արձակումը մեղքերուն, սրբացումը եւ վերանորոգումը ներքին մարդուն՝ որ «վերածուած է այլեւս Նոր մարդու», ինչպէս կը հաստատեն Եկեղեցւոյ հայրեր։
Ուստի «արդարացում»ը մարդը կ՚անջատէ մեղքէն՝ որ կը հակադրուի Աստուծոյ սիրոյն, միանգամայն անոր սիրտը եւ հոգին կը մաքրէ մեղքէն։ Արդարացումը շարունակութիւնն է Աստուծոյ ողորմածութեան, որ կը պարգեւէ ներո՛ւմը։ Ան կը հաշտեցնէ մարդը Աստուծոյ հետ։ Ան մարդը կ՚ազատագրէ մեղքին գերութենէն եւ հոգեպէս կը բուժէ զայն։
«Արդարացում»ը միաժամանակ ընդունելութիւնն է Աստուծոյ արդարութեան՝ հաւատքովն ի Յիսուս Քրիստոս։ Արդարութիւնը հոս կը մատնանշէ «աստուածային սիրոյն ուղղադատութիւն»ը։ Արդարացումով՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը կը սփռուին մեր սրտերուն մէջ եւ «աստուածային կամք»ին հանդէպ հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը կը շնորհուի մեզի։ Արդարացումին մենք արժանացանք Քրիստոսի չարչարանքով, որ Ինքզինք զոհեց Խաչին վրայ իբրեւ «կենդանի նշխար» սուրբ եւ հաճելի Աստուծոյ եւ որուն Արի՛ւնը եղաւ բոլոր մարդոց մեղքերուն քաւութեան գործիք։
Արդարացումը շնորհուած է Մկրտութեամբ, որ հաւատքի սուրբ խորհուրդն է։ Ան մեզ կ՚ընէ համակերպ Աստուծոյ արդարութեան՝ որ Իր ողորմածութեան զօրութեամբ մեզ ներքնապէս կ՚ընէ արդա՛ր։ Ան իբրեւ նպատակ ունի Աստուծոյ եւ Քրիստոսի Փառքը եւ պարգեւը յաւիտենական կեանքին։
Արդարացումը կը հաստատէ համագործացութիւնը Աստուծոյ շնորհքին եւ մարդուն ազատութեան միջեւ։ Մարդուն կողմէ ան կ՚արտայայտուի հաւատքին հաւանութեամբ՝ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ, որ կը հրաւիրէ զինք դարձի, կ՚արտայայտուի նաեւ սիրոյ համագործակցութեան մէջ մղումով Սուրբ Հոգիին, որ կը զգուշացնէ զինք եւ կը պահպանէ։
Ահաւասիկ այս մասին է որ կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, թէ «Աստուած երբ լուսաւորութեամբ Սուրբ Հոգիին կը յուզէ մարդուն սիրտը, մարդը անմաս չի մնար այս ներշնչումին, զոր կրնայ նաեւ մերժել. մարդը ոչ ալ կրնայ իր ազատ կամքով ուղղուիլ դէպի արդարութիւնը Աստուծոյ, առանց Աստուծոյ շնորհքին։ Ամբարիշտին արդարացումը աւելի մեծ գործ մըն է քան երկինքի եւ երկրի արարչագործութիւնը, որովհետեւ երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին մինչ ընտրեալներուն փրկութիւնը եւ արդարացումը պիտի մնան»։
Ուստի «արդարացում»ը Աստուծոյ սիրոյն պատուականագոյն գործն է՝ որ յայտնուած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ տրուած՝ Սուրբ Հոգիէն։ Սուրբ Հոգին «ներքին մարդ»ուն Տէ՛րն է։ Արդարացումը, ծնունդ տալով «ներքին մարդ»ուն, իր հետ կը բերէ սրբացումը ամբողջական էակին։ Արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։ Շնորհքը մասնայատուկ բարիքն է. ձրի օգնութիւնը՝ զոր Աստուած կու տայ մեզի որպէսզի պատասխանենք Իր կոչին. ըլլանք որդիներ Աստուծոյ, որդեգիրներ, մասնակիցներ աստուածային բնութեան ե՛ւ յաւիտենական կեա՛նքին։ Արդարեւ «շնորհք»ը մասնակցութիւն մըն է Աստուծոյ կեանքին, ան կը մտցնէ մեզ մտերմութեան մէջ երրորդութենական կեանքին՝ Մկրտութեամբ՝ քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի շնորհքին։
Շնորհքին ընդունելութեան համար մարդուն պատրաստութիւնը արդէն իսկ շնորհքին գո՛րծն է։ Աստուած կ՚աւարտէ մեր մէջ ի՛նչ որ Ինք սկսած է։ Եւ ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ՝ կ՚ընէ, որ մենք ուզենք. իսկ Իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մեր արդէն դարձի եկած կամքին հետ»։
Շնորհքը նախ եւ գլխաւորաբար պարգե՛ւն է Սուրբ Հոգիին, որ կ՚արդարացնէ եւ կը սրբացնէ մեզ։ Բայց շնորհքը կը բովանդակէ նաեւ այն պարգեւները, զորս Հոգին կու տայ մեզի, որպէսզի կարենանք գործակցիլ Իր հետ, որպէսզի ըլլանք կարող գործակցելու նաեւ ուրիշներուն փրկութեան եւ Եկեղեցիին աճումին, որ Քրիստոսի Մարմինն է։
Գերբնական կարգին պատկանելով, շնորհ-քը գեր ի վեր է քան մարդուն փորձառութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 19, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024