ՅԻՆԱՆՑ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան յաջորդող յիսուն օրերը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը սահմանած ու կոչած են Յինանց կամ Յինունք անունով: Այս շրջանին, Եկեղեցին ամէն օր կը տօնախմբէ իր Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը: Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում երկարող քառասուն օրերը ուտիքի շրջան կը համարուին, ընդ որում չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը. որովհետեւ, ինչպէս մինչեւ Սուրբ Յարութիւն հաւատացեալները պահք պահեցին, ընդ որում շաբաթ եւ կիրակի օրերը, այս շրջանին չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերն ալ ուտիքի օրեր կը համարուին եւ հաւատացեալները պարտաւոր չեն պահք պահելու, որովհետեւ ուրախութեան, խնդութեան եւ ցնծութեան շրջան է Յինանց այս շրջանը:

Յինանց այս շրջանին եկեղեցական սրբազան արարողութիւններուն ժամանակ Հին կտակարանէն ընթերցումներ չեն կատարուիր, միայն կը կարդացուին Դաւիթ մարգարէին սաղմոսները, որովհետեւ ըստ մարմինի, Դաւիթը մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի հայրն է, իսկ հայր մը չի՛ կրնար մասնակից չըլլալ իր զաւկին ուրախութեան, այն ալ հարսանեկան ուրախութեան: Իսկ մարգարէական գիրքերը չեն կարդացուիր, որովհետեւ մարգարէութիւնները, որոնք արձնագրուած են Հին կտակարանին մէջ Քրիստոսի իրականացան, եւ երբ Իրականութիւնը ներկայ է, այլեւս մարգարէութեան կարիքը չկայ:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ Յինանց այս շրջանի ինչութիւնը: Տաթեւացին կը գրէ.

«Այս է պատճառը, որովհետեւ թագաւորական օրէնք է յիսուն օր հարսանեկան ուրախութիւն կատարել: Ինչպէս մեր Տէրը երկնաւոր Թագաւոր է, այս ուրախութիւնը ըրաւ, ըսելով մեզի. «Այնքան ատեն որ փեսան իրենց [հարսնեւորներուն] հետ է, կարելի չէ ծոմ պահել։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ եւ այն ատեն անոնք ալ ծոմ պիտի պահեն» (Մր 2.19-20): Եւ որովհետեւ Քրիստոս Փեսայ է, իսկ հարսանեկան տօնը՝ յինունք է. այս պատճառով ալ մարգարէականները չենք կարդար եկեղեցիէն ներս, այլ միայն Դաւիթի սաղմոսերը, Ի՛ր Աւետարանը, Նոր կտակարանը՝ Գործքը եւ միւսները. պատճառը հետեւեալն է. որովհետեւ, ինչպէս մարմնաւոր հարսանիքին ժամանակ ծախսերը հօր տունէն կ՚ըլլայ, որ փարթամ է իրենին համար, այսպէս, Դաւիթը ըստ մարմինի Քրիստոսի հայրն է, այդ պատճառով ալ միայն սաղմոսները կ՚երգենք եւ Նոր կտակարանը, որ Քրիստոսէ տրուած է:

Իսկ թէ յիսուն օրերը պահք չեն սահմանած, ո՛չ ուրբաթ եւ ո՛չ ալ չորեքշաբթի, կրկնակի պատճառով.

Նախ, որովհետեւ քառասնորդացի պահեցողութեան ժամանակ շաբաթն ու կիրակին ալ պահեց, նոյնպէս ատոր հակառակ, յիսնացին կը հրամայէ ուտել չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն:

Երկրորդ, Աւետարանի հրամանին համար, որ արգիլեց ըսելով. «Այնքան ատեն, որ Փեսան [հարսնեւորներուն] հետ է, անոնք պէտք չէ սուգ եւ ծոմ պահեն» (Հմմտ. Մր 2.19). որովհետեւ այս յիսուն օրերը զատիկ են, իսկ զատիկը ազատութիւն եւ ուրախութիւն կը թարգմանուի, որ մեզ դժոխքէն ազատեց եւ թէ՛ հոգեւորապէս եւ թէ՛ մարմնաւորապէս ուրախացուց, այդ պատճառով ալ պահք չէ սահմանուած:

Իսկ եթէ ոեւէ մէկը խոստում ունի թող պահէ իր կարգը, ինչպէս այն, որ հրամայ-ւած է կիրակի ծունկի չգալ, այլ՝ ոտքի կանգնիլ ու աղօթել, որովհետեւ Քրիստոսի հետ յարութիւն առինք գերեզմանէն եւ մեղքերու գլորումէն: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը ապաշխարութեան մէջ ըլլայ կամ մեղքի մէջ՝ առանց խոստովանութեան, թող կրկնէ իրեն համար սահմանուած ծնրադրութիւնը. նոյնը պահեցողութեան համար ալ հասկցիր: Այս յիսուն օրերը զատիկ են, այդ պատճառով ալ յիսունք կամ յինունք կը կոչուի, եւ հրեշտակներուն ինն դասերուն հետ ուրախանալով կը տօնենք Քրիստոսի յարութիւնը: Այս է յիսուն օրերուն պահք չպահելու խորհուրդը»:

Յինանց շրջանը եւս ինչպէս քառասնորդաց պահոց շրջանը, իւրաքանչիւր կիրակի օրը կոչած է յատուկ անունով մը, այսպէս.

- Զատիկ:

- Կրկնազատիկ կամ Նոր կիրակի:

- Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի:

- Կարմիր կիրակի:

- Երեւման Սրբոյ Խաչի:

- Երկրորդ Ծաղկազարդ:

- Հոգեգալուստ:

Շատեր սխալ կերպով կը մեկնեն Յինանց շրջանի տօնական այս մթնոլորտը, ինչ բանի պատճառով ալ կը մոլորին յայտնուելու մեղքի ճիրաններուն մէջ: Այո՛, Յինանց այս շրջանը խնդութեան եւ ուրախութեան շրջան է, բայց խնդութիւնն ու ուրախութիւնը պէտք չէ շփոթել մեղքի եւ չարութեան հետ: Քրիստոսի թելադրութիւնը թէ «կարելի չէ պահք պահել երբ Փեսան տակաւին [հարսնեւորներուն] հետ է» պէտք չէ շահագործել, որովհետեւ այս Փեսան՝ Յարուցեալ Փրկիչը հոգեւոր խնդութիւն եւ ուրախութիւն է, որ կը սփռէ Իր հետեւորդներուն վրայ, հոգեւոր խնդութիւն եւ ուրախութիւն, որ մեզի ամրութիւն կու տայ, կարենալ տոկալու եւ ուրախութեամբ դիմագրաւելու ամէն տեսակի փորձութիւն յանուն Փրկիչին, որ Իր յարութեամբ մեզմէ իւրաքանչիւրին յարութիւն տուաւ մեղքի եւ խաւարի աշխարհէն:

Տէր Յիսուս Իր հրաշափառ յարութենէն ետք մինչեւ երկինք համբառնալը յաճախակի հանդիպեցաւ Իր աշակերտներուն, հանդիպեցաւ որպէսզի զանոնք զօրացնէ եւ հաստատէ իրենց հաւատքին մէջ, ինչպէս նաեւ որպէսզի անոնց փաստէ, որ Ինք իրապէս յարութիւն առաւ եւ Իր յարութիւնը սոսկ երեւութական յարութիւն չէր, այլ հրաշափառ մարմինով յարութիւն առաւ: Այս ուղղութեամբ այնքան խօսուն է Սուրբ Եփրեմ Ասորիի Խ. Կցուրդը.

«Օրհնեա՛լ է Ան, Ով աշակերտներուն հետ կերաւ, որպէսզի ցոյց տայ թէ մարմին հագած է:

Որովհետեւ Տէրը տեսաւ,

որ Իր աշակերտները յոգնած եւ անօթի են,

Իր ծառաներուն համար ճաշ պատրաստեց,

մինչեւ անոնց գալը.

ելան, Անոր առջեւ հաց ու ձուկ գտան՝

կայծերու վրայ դրուած.

անոնց ըսաւ. «Եկէ՛ք, կերէ՛ք, որովհետեւ Պենտէկոստէի օր է» (Հմմտ. Յհ 21.12):

Անոնց միտքերը իրարու անցան,

թէ ուրկէ՞ են այս հացն ու ձուկերը,

որ անապատն մէջ այդքան աճեցան,

այստեղ արարուեցան.

այնտեղ՝ անապատին մէջ նիւթէն եղան,

իսկ այստեղ ոչինչէն հաստատուեցան.

տեսած էին բազմացնելը, ստեղծելը՝ չէին տեսած:

«Այդ ձուկերէն, որ որսացիք, խորովեցէ՛ք» (Հմմտ. Յհ 21.10),

Տէրը Իր աշակերտներուն ըսաւ.

անոնք չէ, որ ձուկը որսացին,

այլ՝ Դո՛ւն հրամայեցիր, որպէսզի ատոնք որսացուին.

թերեւս անոնցը կ՚ըլլար, եթէ այդ գիշեր բռնուած ըլլային,

երբ ոչինչ գտան.

եւ որովհետեւ Քու խօսքէդ ետք բռնուեցան,

ատով հաւատացին յարութեանդ:

Ինչո՞ւ համար մէկ ձուկին փոխարէն բազմաթիւ ձուկեր չստեղծեց.

որովհետեւ, որսը պիտի տար,

չշտապեց ղատ ձուկեր ստեղծել.

մէկ ձուկով, որ արարեց, Իր Արարիչ ըլլալը ցոյց տուաւ,

եւ դարձեալ՝ որովհետեւ չշտապեց բազմաթիւ ձուկեր արարել,

ցոյց տուաւ, որ Կանխագէտ է:

Գիտէր, որ Իրմէ կը վախնան,

Իր տարբեր կերպարանքին պատճառով,

Շատը չստեղծեց, որպէսզի չըլլայ թէ

Իր Արարիչ ըլլալը զարհուրեցնէ զիրենք.

երբ մաքրեցին, լուացին ու խորովեցին,

հացով Անոր հետ հաղորդուեցան.

որովհետեւ մինչեւ իրենց գալը հատուցեց զիրենք,

անոնք ալ գալէն ետք հատուցեցին:

Ինչ որ տասներկուքին խոստացաւ,

կանխեց, այստեղ կատարեց այն,

որպէսզի այս անոր երաշխաւորը ըլլայ.

Ան խոստացաւ, որ անոնք Արքայութեան մէջ

Իր հետ կ՚ուտեն Իր սեղանէն (տե՛ս Ղկ 22.30),

եւ ըրաւ ինչ որ չէր խոստացած,

որպէսզի փորձով հաւաստի դարձնէ խոստացուածը:

«Եկէ՛ք, կերէ՛ք» (Յհ 21.12), Աստուած ձկնորսներուն կ՚ըսէր.

սովածները նստեցան,

անոնց մէջ նստած էր սովածներուն Կերակրիչը,

Որմէ կը զարհուրէին սերովբէները,

իսկ Գաբրիէլեան գունդերը՝ կը սոսկային.

հողի որդիները նստած էին Անոր հետ

նախքան այն Օրը, երբ Անոր հետ պիտի նստին:

Եթէ հացին, կրակին եւ այդ ձուկին մասին հարցնէին,

գիտէին, թէ Ան, Ով ծովուն մէջ ցրուած ձուկերը բռնադատեց՝

ուռկանին փոքրիկ գոգին մէջ հաւաքուելու,

Ան հացին, կրակին ու այդ ձուկին հրամայեց, եւ յանկարծ եղան:

Անոնց Իր Արարիչ ըլլալը ցոյց տուաւ այդ որսով, որ իրենց տուաւ,

իսկ կրակը, հացը եւ ձուկը, ահաւասիկ այս երեքը կը վկայեն

Աստուածութեան Երրորդութիւնը.

Անոր հետ կ՚ուտէին ու կը նայէին, թէ կ՚ուտէ՞ թէ՞ ոչ.

եթէ Ան հաց ուզէր, չէ՞ր կրնար ստեղծել:

Անոնց հետ կերաւ, որպէսզի ցոյց տայ,

թէ իսկապէս մարմին հագած է.

անոնց սպիները ցոյց տուաւ, որպէսզի ծանուցէ,

թէ նոյնը Ի՛նք կենդանացաւ.

եւ եթէ այս բոլորը կատարելէն ետք ալ

ուզեցին սուտ համարել Անոր յարութիւնը,

ապա որքա՜ն առաւել սուտ կը համարէին,

եթէ անտեսէր, (այդ բոլորը չկատարէր):

Հացն ու ձուկը իրենց առջեւ դարձուց, բայց ջուր չստեղծեց,

որովհետեւ գիտէր, որ եթէ ոեւէ մէկը ծարաւնար,

կ՚երթար ծովէն կը խմէր, կու գար ու կը նստէր.

գինի ալ չստեղծեց, երբ կարող էր,

որպէսզի սորվեցնէ մեզի՝ աշակերտողներուս,

որ եթէ գինին անհրաժեշտութիւն ըլլար, առաքեալներուն կու տար զայն:

Նաեւ ըսաւ իսկ, թէ «ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ» (Ղկ 22.18).

զարմանալի են այս բոլորը, եւ ես շատ յանդգնեցայ

այս մասին յայտնապէս խօսելու.

որովհետեւ գինին մեր ուրախութեան համար արարեց (Հմմտ. Սղ 103.15),

եւ մենք անով զԱստուած չբարկացնենք.

չափո՛վ գինի խմենք, որ մեր եղբայրները ճաշակեցին.

կան, որոնք ընդհանրապէս չճաշակեցին այն, եւ կան,

որոնք քիչ ճաշակեցին,

որ չըլլայ թէ աւելի խմողին լկտիացնէ:

Եւ Քրիստոսին՝ մեր Աստուծոյն, փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

Արդարեւ, Յինանց այս շրջանը չափաւորութեան շրջան է նաեւ, այսինքն՝ շրջան մըն է, ուր մարդ պէտք է ինքն իր չափն ու սահմանը գիտնայ, գիտնայ թէ ինք ո՞ր ուրախութեան ու ցնծութեան մէջ է, աշխարհի՞կ, թէ՞ հոգեւոր. եթէ աշխարհիկ ուրախութեան մէջ ենք, ապա պարտինք զգուշանալ, որպէսզի այդ ուրախութիւնը մեզ դէպի յաւիտենական տխրութիւն չտանի, իսկ եթէ հոգեւոր ուրախութիւն մէջ ենք, ապա մեր աղօթքներով խնդրենք Յարուցեալ Փրկիչէն, որ Իր ներկայութիւնը անպակաս ընէ մեր կեանքէն, որպէսզի Իրմով ուրախացած ու զօրացած շարունակենք մեր ընթացքի դէպի երկնային օթեւաններ՝ վայելելու յաւիտենական հարսանիքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

22 ապրիլ 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019