ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ՈՒԽՏԻ ՄԷՋ

Յարութեան վարդապետութեան կը հանդիպինք նաեւ Հին կտակարանին մէջ. Յարութեան վարդապետութիւնը Հին ուխտի մէջ կա՛յ։ Ուստի Հին կտակարանի շատ մը հատուածներու մէջ կը մատնանշուի Յարութեան ճշմարտութիւնը, որոնցմէ օրինակներ կը ներկայացնենք ստորեւ։

«Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ, բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ» (ՅՈԲ. ԺԹ 26)։

«Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, վասնզի զիս պիտի ընդունի» (ՍԱՂ. ԽԹ 15)։

«Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ» (ԵՍԱՅ. ԻԶ 19)։

«Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։ Եւ իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ՚առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից» (ԴԱՆԻԷԼ. ԺԲ 2-3)։

Արդարեւ, Աւետարանին առաջին սկզբունքներէն մէկն է Յարութեան ճշմարտութիւնը։

«Ուստի, քրիստոնէական հաւատքի նախագիտելիքները ձգելով՝ գանք չափահասներու յատուկ գիտելիքներուն։ Չենք ուզեր վերստին խօսիլ այն հիմնական գիտելիքներուն մասին, որոնք կը վերաբերին՝ մեռելական գործերէ ապաշխարելուն եւ Աստուծոյ հաւատալուն, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մկրտուելուն, ձեռնադրութեան, մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական դատաստանին» (ԵԲՐ. Զ 1-2)։ Այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ՝ ուր կը մատնանշէ Աւետարանի սկզբունքներու կարեւորութիւնը։

Հրեաներն ալ կը հաւատային Յարութեան, ինչպէս կը վկայեն Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքեալները։ «Մարթա պատասխանեց.- Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը, յարութեան ատեն» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 24)։ Եւ դարձեալ. «Հաւատքով՝ կիներ տեսան իրենց մեռելներուն յարութիւն առնելը։ Շատեր տանջանքի տակ մեռան՝ մերժելով ազատութիւնը, որպէսզի լաւագոյն կեանքի մը համար յարութիւն առնեն» (ԵԲՐ. ԺԱ 35)։

Իսկ Սադուկեցիները, որոնք կրօնա-քաղաքական փոքրիկ խմբակցութիւն մը կը կազմէին պահպանողական ուղղութեամբ, գլխաւորաբար քահանաներէն բաղկացած, կ՚ուրանային եւ կը մերժէին Յարութեան ճշմարտութիւնը։ Աւետարանիչներ կը վկայեն Սադուկեցիներու այս ուրացումին։

«Նոյն օր Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ…» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 23)։

«Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ» (ՂՈՒԿ. Ի 27)։ Եւ նաեւ. «Որովհետեւ մինչ Սադուկեցիներ կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի կայ, Փարիսեցիները այս բոլորը կ՚ընդունին» (ԳՈՐԾ. ԻԳ 8)։

Սուտ վարդապետութիւններ այնպիսի մեկնութիւններ եւ բացատրութիւններ կու տային, որ Յարութեան վարդապետութիւնը ջրուի, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի գրած իր երկրորդ նամակին մէջ. «Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։ Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։ Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգո՛ւն կը նմայ» (Բ ՏԻՄ. Բ 16-19)։

Արդարեւ, որքան ալ աշխատուի ճշմարտութիւնը խափանել, ի վերջոյ ան կը փայլի արեգակի նման։

Նախնի Եկեղեցւոյ մէջ՝ մէկ քանիներ յարութեան անվիճելի ճշմարտութեան վրայ կը տարակուսէին, ինչպէս կը վկայէ դարձեալ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ. «Արդ, քանի մենք կը քարոզենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեր մէջէն ոմանք կ՚ելլեն ըսելու՝ թէ.- Մեռելներու յարութիւն չկայ։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած, եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 12-14)։

Անհաւատալի բան մը չէ յարութեան ճշմարտութիւնը, քանի որ ամբողջ բնութիւնը կը վկայէ եւ կ՚ապացուցանէ այս ճշմարտութիւնը բացայայտօրէն։ Դիտեցէք այն ծառերը՝ որոնք դարձեալ կը կենդանանան՝ կը բողբոջին, կը ծլին ամէն գարուն, երբ չորցած փայտեր էին ձմրան եղանակին։ Անոնք ճշմարիտ ապացոյց մըն են յարութեան, քանի որ անոնք ալ կը վերակենդանան իրենց «մեռելային» վիճակէն։ Ապա ուրեմն երբ բոյսը, ծառը կը վերակենդանանայ իր մեռած, անկենդան վիճակէն, մարդը ինչո՞ւ չվերակենդանանայ՝ յարութիւն չառնէ, քանի որ ան շատ աւելի արժէք ունի ամբողջ բնութեան մէջ գտնուող արարածներու, էակներու նկատմամբ։ Ուստի բանականութեան ներհակ չէ յարութիւնը, քանի որ Աստուած մարդը ստեղծեց արդէն անմահութեան, յաւիտենական կեանքի կոչումով։ Եւ քանի որ Աստուած Հա՛յր է եւ մարդիկ Իր որդիները, ո՞ր հայրը կ՚ուզէ որ կորսուի իր որդին, բոլորովին հեռանայ իրմէ։ Հապա Հայր Աստուած, որ ամենակարող, ամենախնամ, ամենագթած, ամենողորմած է, կարելի՞ է խորհիլ, որ վերստին կեանքի չկոչէ իր որդիները՝ մարդիկ։ Յարութիւնը ամենամեծ ճշմարտութիւնն է կեանքին, ինչպէս եւ մա՛հը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2019