ՀՐԱԿ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ. «ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ Է ԵՒ ՄԻԱՑՆՈՂ Է»

Լիբանանի մէջ ծնունդ առած «Կարապալա» խումբը կը շարունակէ իր յաջողութիւնները։ Խումբը, որուն բոլոր անդամները լիբանանահայ երիտասարդներ են, սկսած է տիրական ներկայութիւն դառնալ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։ «Կարապալա»ն, որ բաւական աշխոյժ ներկայութիւն է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ, շնորհիւ այսօրուան արհեստագիտական միջոցներուն կարողացած է ստեղծել հետեւորդներու լայն ցանց մը։

Հայ երգարուեստի, արդիականութեան, ինչպէս նաեւ խումբի հեռանկարներուն մասին Երեւանի մէջ վերջերս ուշագրաւ զրոյց մը ունեցանք խումբի անդամներէն՝ կիթառահար եւ կատարող Հրակ Գարագաշեանին հետ։

*

-Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ե՞րբ հիմնադրեցիք «Կարապալա» խումբը:

-«Կարապալա»ն հիմնուեցաւ ութ տարի առաջ, սակայն այդ ժամանակ դեռ ան այս անունը չունէր: Այնճարի մէջ Խաչի տօնի առթիւ, իմ ընկերոջ՝ Խաչիկէն (այժմ մեր խումբի ջութակահարը) խնդրած էին երիտասարդական պզտիկ խումբ մը կազմել եւ տօնի առթիւ եղած միջոցառման քանի մը հայկական երգեր ներկայացնել։ Այդ օր Այնճարի մէջ մի քանի ընկերներով հանդէս գալէ ետք (ըստ երեւոյթին ելոյթները գնահատուած են ժողովուրդի կողմէ), անոնք մտայղացած են ուռճացնել խումբը: Այդ ժամանակ էր, որ անոնք ինծի դիմեցին եւ ես դարձայ խումբի կիթառիստը: Այնճարի համերգէն ետք էր, որ խումբը «Կարապալա» անունը կրեց եւ տարուէ տարի, զանազան տեղեր նուագելով, ուրիշ անդամներ ալ մեզի միացան։ Առաջին անգամ միացաւ Սեպուհ Այնթապլեանը, որ ձեռնադաշնակ կը նուագէ, անկէ ետք միացան Յակոբը եւ Շահանը, որոնք երկուքն ալ տարբեր երաժշտական գործիքներ կը նուագեն՝ պէյս, դաշնամուր, սաքսաֆոն եւ այլն… եւ այսպէսով խումբը կայացաւ եւ հանրութեան ծանօթ դարձաւ «Կարապալա» անունով:

-Ինչպէս գիտենք, վերջերս ելոյթներ ունեցած էք Պէյրութի մէջ, ինչպէ՞ս անցան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ժողովուրդին մօտեցումը ձեր արուեստին:

-Լիբանանի մեր ունեցած ելոյթները բաւական յաջող էին, մանաւանդ որ տարի մըն է խումբը կը բացակայէր հրապարակէն, որովհետեւ անոր անդամները տեղափոխուած են տարբեր երկիրներ։ Սակայն այդ մէկ տարի բացէն առաջ «Կարապալա» խումբը բաւական աշխոյժ էր, մէկ տարուան մէջ եօթ ելոյթ ունեցած ենք, առաւե՛լ. արձանագրած ենք մեր առաջին ալպոմը, ներկայ ենք նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ եւս, մեր Ֆէյսպուքի էջով եւ ԵուԹուպով։ Այդպէսով քիչ թէ շատ «Կարապալա»ն սկսած էր ճանչցուիլ նաեւ Լիբանանէն դուրս: Ուրեմն, մէկ տարի բացակայութենէ վերջ, ուզեցինք դարձեալ հանդիպիլ եւ անշուշտ այդ հանդիպումը պիտի ըլլար բեմի վրայ: Պարզուեցաւ, որ ժողովուրդն ալ կարօտցած էր մեզ, որովհետեւ համերգի տոմսերը ելոյթէն օրեր առաջ սպառած էին եւ շատ հաճելի էր այդ մէկը: Ինչ կը վերաբերի հանդիսատեսի ընկալման, կրնամ ըսել բաւական դրական էր մօտեցումը, այդ պատճառով ալ չուզեցինք գոհանալ այս երկու համերգներով եւ որոշեցինք դարձեալ Լիբանան երթալ եւ երկու համերգ եւս ներկայացնել:

-Ի՞նչ է մեր մշակութային միութիւններուն կեցուածքը ձեր նման երիտասարդական խումբերու նկատմամբ, քաջալերանք կա՞յ:

-Ընդհանրապէս միութիւններու կեցուածքը բաւական դրական է «Կարապալա»ի հանդէպ։ Շատ առիթներ կը տրուին մեզի զանազան միութիւններու կողմէ, որպէսզի իրենց ձեռնարկներուն նուագենք, զանազան ռատիօկայաններ միշտ մեզի առիթ կու տան խօսելու իրենց եթերներէն: Այստեղ պէտք է յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեմ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ մեծապէս նեցուկ կանգնեցաւ մեզի, երբ անցեալ տարի մեր սկաւառակը կ՚ուզէինք ձայնագրել։

Վերջ ի վերջոյ, քանի որ այս մէկը երիտասարդական շարժում մըն է եւ մեր ներկայացուցածը հայկական երաժշտութիւն է, բոլոր միութիւններն ալ խանդավառ են այս երեւոյթով, որուն համար մենք ալ շատ երախտապարտ ենք անշուշտ եւ շնորհակալ:

-Նկատելի է, որ կը փորձէք տարբեր մեկնաբանութիւններով ներկայացնել ժողովրդային երգերը. արդեօք այդ մէկը միջոց մըն է՞, որպէսզի կարողանաք աւելի լայն լսարան ունենալ:

-Մեր խումբին մէջ բոլորս ալ մեծցած ենք տարբեր տեսակի երաժշտութիւններ լսելով, ըլլայ ճազ, ֆլամենքօ, ճիփսի, արաբական, եւրոպական, ներառեալ հայկականը անշուշտ, եւ պարզապէս այդ բոլորէն ազդուած ըլլալով, կ՚ուզենք հայկականը նուագել՝ մեկնելով նաեւ այդ ազդեցութիւններէն։ Մենք կանխամտածուած չենք ըներ այդ ամէնը, պարզապէս քով քովի կու գանք, եւ որպէս երաժիշտներ, մեր հաճոյքին համար, զանազան օտար ոճերով հայկական երաժշտութիւն կը նուագենք:

Անշուշտ կը գիտակցինք, որ, այսպէս ըսած, օտար ոճերով հայկական երգերը կրնան աւելի ընդունելի ըլլալ, յատկապէս օտար հանդիսատեսին համար։ Եւ եթէ այդ կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք աւելի մեծ թիւով հանդիսատես ունենանք, ներառեալ ոչ-հայեր, անշուշտ պիտի ուրախանանք:

-Ի՞նչ է երիտասարդ խաւերուն տեսակէտը ձեր արուեստին վերաբերեալ: Եւ կը կարծէ՞ք, որ այսպէս արդիական ոճով երգելով հայ երգը աւելի պիտի ապրեցնէք, մանաւանդ եւրոպական ափերուն վրայ, ուր հայ երգը ներկայութիւն չէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

-Գալով երիտասարդութեան մօտեցման, ըսեմ, թէ հիմնականը երիտասարդութիւնն է, որ մեծ թիւով ներկայ կը գտնուի մեր համերգներուն, ըլլան մեր ընկերները, թէ անծանօթներ, եւ ուրախալին այն է, որ բեմէն յաճախ կը նկատենք, թէ ինչպէս այդ երիտասարդները Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի երգերու բառերը սորված կ՚ըլլան, մեզի հետ կ՚երգեն։ Այդ մէկը մեծ յաջողութիւն է գոնէ ինծի համար եւ շատ հաճելի երեւոյթ է անշուշտ:

Իսկ գալով եւրոպական ափերու հայերէն չիմացող կամ ոչ-հայ հանդիսատեսին հասնելուն, պէտք է չմոռնանք, որ երաժշտութիւնը համաշխարհային լեզու է: Ես մէկ տարի Եւրոպա ապրելով, զանազան տեղեր նուագելով տեսայ, որ ամէն մարդ պատրաստ է ամէն տեսակի երաժշտութիւն ընկալելու եւ այդ երաժշտութեան հետ հարազատ զգալու: Ինչպէս ես հայ ըլլալով ֆլամենքոն կը սիրեմ, միեւնոյն ատեն ալ սպանացի մը կրնայ հայկական երաժշտութիւնը սիրել, պայմանաւ, որ ներկայացուածը որակաւոր ըլլայ: Երբ ընդունինք օտարը իր մշակոյթով, ինչպէս որ է, եւ չվախնանք անկէ, միայն այն ատեն է, որ պիտի կարենանք հաւասար զգալ անոր հետ եւ պիտի կարենանք մեր մշակոյթը հրամցնել նաեւ օտարին: Ամէն մարդ պատրաստ է ընդունելու մեր մշակոյթը, այս մէկը ես իմ փորձառութենէս կ՚ըսեմ, օտարներ հայերէն կ՚երգեն, առանց բառերը հասկնալու, ինչպէս մենք օրինակ՝ սպաներէնը: Երաժշտութիւնը մէկ է եւ միաւորող է:

-Ձեր կարծիքով, Սփիւռքի մէջ ինչպիսի՞ մշակութային քաղաքականութիւն պէտք է որդեգրուի, որպէսզի ձեւով մը կարողանանք քայլ պահել օրուայ պահանջներուն հետ, յատկապէս, որ տարբեր շրջանակներ կը դժգոհին, թէ մեր մշակոյթը անկումի մէջ է, հայ երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած չէ հայկական մշակոյթով:

-Գալով սփիւռքի մարմիններուն, կը կարծեմ, հարցի կարեւորութիւնը մշակութային քաղաքականութիւն մը ունենալը չէ: Հարցը, ըստ իս, ուրիշ բան է: Մենք սփիւռքի մէջ, հայապահպանման պայքարի ծիրէն ներս, այնպէս մը կը դաստիարակուինք, որ ունինք մշակոյթ մը, պէտք է պահպանենք զայն։ Այդ է պատճառը, որ ո՛չ մեր մշակոյթը կը յառաջանայ եւ ոչ ալ երիտասարդ սերունդը կը հետաքրքրուի այդ մշակոյթով: Օրինակ՝ եթէ ես որպէս երաժիշտ, գամ Սայաթ Նովայի երգը երգեմ, ճիշդ ինչպէս որ ինք կ՚երգէր ասկէ դարեր առաջ, մշակոյթիս նոր բան մը տուած չեմ ըլլար, պարզապէս կը կրկնեմ եղածը: Բայց եթէ նայինք, թէ նոյն Սայաթ Նովան ինչու մեր մշակոյթին մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ, կը տեսնենք, որ պատճառը անոր բերած նորութիւնն է հայկական մշակոյթին։ Կոմիտասի պարագան ալ նոյնն է, Կոմիտասէն առաջ այդ գործը չկար մեր մշակոյթին մէջ, ինքն է որ բերաւ: Հետեւաբար, կարեւոր է, որ մենք ալ մեր հերթին մեր սերունդները այդ ոճով դաստիարակենք։ Պէտք է ձգենք, որ նորարարութիւնը տեղ ունենայ մեր մշակոյթին մէջ։

-Արդեօք ձեր խումբին հանդէպ Հայաստանի մէջ ալ հետաքրքրութիւն կա՞յ:

-Մենք Հայաստանի մէջ ելոյթ չենք ունեցած, սակայն ֆէյսպուքի մեր էջի ճամբով կը նկատենք, Հայաստանէն եւս հետեւողներ եւ քաջալերողներ ունինք, հետաքրքութիւն կայ։ Շատեր մեկնաբանութիւններու մէջ գրած են, թէ ե՞րբ Հայաստանի մէջ համերգ պիտի տաք: Անշուշտ մենք ալ շատ կ՚ուզենք եւ պիտի փորձենք, որպէսզի այս տարի այդ առիթը ստեղծուի: Շատ հաճելի կ՚ըլլայ մեզի համար հայրենիքի մէջ երգելը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019