ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ (ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴՈՒՌՆ 

Եթէ յարութիւնը չըլլար, այլապէս մահը մեզ ոչնչանալու պիտի դատապարտէր:

Ոչնչութիւնը վախցնող է, այն ցաւցնող աւարտ մըն է, որ ողբերգութիւն կը համարուի: Սակայն, Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, ոչնչանալու համար չստեղծեց զինք, այլ՝ կեանքի: Եւ մարդը եթէ իր մեղքին պատճառով մահուան ենթարկուեցաւ, բայց Աստուած անոր համար փրկութեան ճամբան գծեց, եւ հանեց զինք այդ մահէն:

Տակաւին, Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, իրեն համար յաւիտենական ընկեր մըն ալ ստեղծեց, որ հոգին է:

Հոգին մարդուն մահանալով չի՛ մահանր, այլ՝ իր բնութեամբ կենդանի կը մնայ: Ասով մարդ արարածը կը տարբերի միւս արարածներէն, որոնք աշխարհի վրայ կան, որոնց կեանքը կը վերջանայ ու կ՚ոչնչանան, բայց մարդը, յարութեամբ կը սկսի նոր կեանքի մը, որ չի՛ վերջանար: Այստեղ կ՚երեւի մարդուն առաւելութիւնն ու արժէքը աշխարհային միւս արարածներէն:

Հոգին ինք առանձինն, որովհետեւ չի՛ կրնար կատարեալ մարդ ըլլալ, այդ պատճառով պէտք է, որ մարմինը յարութիւն առնէ ու միանայ անոր: Այսպէսով, յաւիտենական կեանքը մարդուն մէկ մասնիկին՝ հոգիին միայն չ՚ըլլար, այլ՝ ամբողջ մարդուն համար կ՚ըլլայ՝ հոգի եւ մարմին, որով մարդը ամբողջութեամբ կեանքի կը վերադառնայ:

Այսպէսով մարդուն համար արթուն յարութիւն մը կ՚ըլլայ, երկար քունէ մը ետք: Արթուն ըսելով նկատի ունինք մարմինը, կամ մարդը՝ իր ամբողջութեամբ: Իսկ հոգին, ապա ան մնայուն կերպով արթուն է:

Յարութիւնը մահուան վախճանն է, անկէ ետք մահ չկայ:

Վախճանն է այս վախցնող թշնամիին: Մարդը մարդկութեան դէմ բազմաթիւ թշնամիներու յաղթեց, բացի այս թշնամիէն, որ բոլորին ալ յաղթեց, որովհետեւ այն Աստուծմէ սահմանուած պատիժ մըն է, որու դատաստանին հակաճառութիւն չկայ: Սակայն Աստուած յարութեամբ մարդկութիւնը ազատեց այս թշնամիէն, եւ յաւիտեան նուաճեց զայն:

Կամուրջի մը դիմաց յայտնուեցանք, որ երկու կեանքեր կը բաժնէ. սկիզբը մահն է, իսկ անոր վախճանը՝ յարութիւնը: Մահը առաջին կեանքի աւարտն է, իսկ յարութիւնը միւս կեանքին սկիզբն է: Անոնց միջեւ եղած միջոցը՝ սպասումի շրջանն է. անցնողներուն հոգիները կը սպասեն անոր, մինչեւ երկրի վրայ եղողները ամբողջացնեն իրենց պայքարն ու փորձառութիւնը:

Սակայն, յաւիտենականութիւնը՝ որ յարութիւնը կը հրամցնէ, պէտք է անոր նախորդէ դատաստանը:

Յարութեան եւ յաւիտենականութեան միջեւ կանգնած է դատաստանի ահեղ օրը, երբ բոլորն ալ Աստուծոյ դիմաց պիտի կանգնին, որպէսզի հաշիւ տան այն բոլոր բաներուն, զորս մարմինով գործեցին, բարիք ըլլայ թէ չարիք: Հաշիւ տան իւրաքանչիւր արարքի, մտածումի, զգացումի, կամեցողութեան եւ իւրաքանչիւր բառի համար, զոր ըսին:

Արդարները յաւիտենական հանգիստի կ՚եր-թան, իսկ չարերը՝ յաւիտենական տանջանքի:

Արդարեւ, ինչպէս որ յարութիւնը արդարներուն ուրախութիւնն է, այն է նաեւ չարերուն եւ անաստուածներուն սարսափը:

Տակաւին, նոյնիսկ արդարներուն համար, Աստուած կը վերանայի անոնց դիրքերը՝ ըստ անոնց գործերուն: Իւրաքանչիւր մարդու կու տայ նոր դիրք մը, ըստ իր սիրտի ու միտքի մաքրութեան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ պատուիրաններու նկատմամբ ճշդապահութեան, եւ իր ունեցած պայքարը՝ բարիք տարածելու մէջ, մարդիկը սիրելու, ինչպէս նաեւ ըստ իր սիրտի մէջ եղող սիրոյն՝ Աստուծոյ նկատմամբ եւ թէ ինչքան կը կարօտնար Անոր:

Յարութեան յիշատակի եւ ուրախութեան այս օրը կը հայեցենք Աստուծմէ, որպէսզի Իր շնորհքով ուրախացնէ իւրաքանչիւրին սիրտը: Կ՚աղօթենք Անոր, որպէսզի աշխարհէն վերցնէ պատերազմները, ախտերը, ամէն տեսակի մեղքերն ու հիւանդութիւնները, եւ աշխարհին շնորհէ անդորրութիւն, ու իրականացնէ Խաղաղութեան Համագումարի գաղափարը, որով բոլոր երկիրները ջանան իրականացնել այն:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է

1) [Յարութիւնը] փոխադրութիւն մըն է սահմանուածէն անսահմանին:

Փոխադրութիւն մը այս սահմանուած տարիքէն՝ օրերէն ու տարիներէն, դէպի անսահման կեանքի մը, աւելի՛ն, դէպի ժամանակէն վեր եղող միջավայրի մը: Արդեօք կա՞յ աշխարհ մը, որ ինքն իր եւ արեւին շուրջ կը դառնայ, եւ իր պտոյտները կը թարգմանէ օրերու եւ տարիներու. թէ ժամանակէն վեր պիտի բարձրանանք՝ մտնելով նոր ուրիշ աշխարհ մը… Ժամանակի չափանիշները պիտի վերջանան: Յաւիտենականութեան մէջ մէկ վայրկեանը, աւելի երկար ու խոր է քան աշխարհի վրայ ամբողջ կեանք մը:

2) Յարութիւնը տեսանելիներէն անտեսանելիներուն փոխադրութիւն մըն է:

Մուտքն է այն վայրին, որու մասին Գիրքը ըսաւ, թէ «որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, եւ ոչ ոքի սիրտէն անցած է, այն՝ ինչ բանը Աստուած պատրաստած է Իր սուրբ անունը սիրողներուն համար»: Հոգիներու աշխարհ եւ հրեշտակներուն հետ հանդիպումի մուտքն է. իսկ անոնք անտեսանելի հոգիներ են: Տակաւին, ուրախութիւններ, զորս այս նիւթական՝ տեսանելի աշխարհը երբեւէ չէ գիտցած: Այստեղ, յարութիւնը այնպիսի աստիճանի մը կ՚ըլլայ, որ զգայարանքները չեն կրնար ըմբռնել, այնպիսի բարձրութիւն մը, որ միայն հոգին կրնայ ըմբռնել:

3) [Յարութիւնը] զգայարանքներու աշխարհէն դէպի հոգեւոր աշխարհ փոխադրութիւն է:

Կամ, հոգեւոր զգայարանքներ ձեռք բերելու առիթն է, ներկայ նիւթական զգայարանքներէն տարբեր: Զգայարանքներ, որոնք հոգին եւ հոգեւորները կը տեսնեն, կը հիանան անոնցմով. այստեղ դարձեալ կը լռեմ…

Այստեղ մարդկային բնութեան այլակերպութեան տեսակ մըն է…, ուր կ՚ըմբռնէ այն ինչ որ նախապէս չէր ըմբռնած, եւ հոգեւոր իւրայատկութիւն մը կ՚ունենայ, որ նախապէս չէր ունենցած, ու յարութեամբ այնպիսի վիճակի մը մէջ կ՚ըլլայ, որով կրնայ տեսնել այն, որ չի տեսնուիր, կամ որոշ բան մը անկէ [անտեսանելիէն], կամ յայտնութեան մէջ կը բարձրանայ, հոգեւոր յագեցումէ փոխադրուելով աւելի վսեմ ու վեհ յագեցումի՝ այլակերպութեան կեանքի մէջ…

4) Յարութիւնը սին աշխարհէն ճշմարտութեան աշխարհ փոխադրութիւն մըն է:

[Փոխադրութիւն մը] անցնող կեանքէն՝ մնացող կեանքին, աշխարհէ մը, որ որոշ ժամանակ ետք պիտի անցնի՝ մնացող աշխարհի մը, որու մէջ աւարտ չկայ, աշխարհ մը, որու մէջ ամէն ինչ ճշմարիտ է ու հաստատ, մեղքը վերջացած է իրմէ եւ անոր մէջի բոլոր եղածները արդար են, ուր մարդը այնտեղ եւս կեանքէ կեանք կը փոխադրուի, աւելի մաքուր, աւելի մնացող եւ աւելի յստակ…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸՆ Է

(Հատուածներ)

1) Առաջին հերթին, միացած երկու ընկերներու հանդիպումն է:

Այս երկու ընկերները ամբողջ կեանքը միասին ապրեցան, ծնունդի օրէն, այլ՝ նախքան ծնունդը նաեւ, մօր արգանդին մէջ յղութեան ընթացքին, մէկ վայրկեան իսկ իրարմէ չբաժնուեցան, նկատի ունիմ՝ մարմինն ու հոգին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ բնութիւն մըն է…

2) Երկրորդ զարմանալի հանդիպումը յարութեան ժամանակ, պատմութեան ազգերու եւ ցեղերու հանդիպումն է:

Ընդհանուր յարութիւն մըն է՝ սկսեալ Ադամի օրերէն, երբ կը հաւաքուին բոլոր ժողովուրդներն ու ցեղերը, որոնք սերունդներու եւ դարերու ընթացքին ապրեցան…

3) Երրորդ զարմանալի հանդիպումը, մարդոց եւ հրեշտակներուն հանդիպումն է:

Անոնք մեր բնութենէն տարբեր՝ աւելի վսեմ բնութիւն մը ունին, սակայն անոնց հետ հանդիպումը յաւիտենական կեանքի հաճոյքներէն մէկն է:

4) Այս բոլորէն աւելի վսեմագոյնը, որ անչափելի է, Աստուծոյ հետ մեր հանդիպումն է:

Անոր հետ մեր հանդիպումը -օրհնեալ ըլլայ Անոր Անունը-, յաւիտենական վայելքն է, եւ չկայ վայելք առանց Աստուծոյ: Այստեղ, մատիտս երկիւղած լռութեամբ կը կանգնի, որովհետեւ իրողութեան մը դիմաց եմ, որ բառերը չեն կրնար արտայատել, որովհետեւ նկարագրող լեզուի մակարդակէն բարձր են, ինչպէս նաեւ ուղեղի մտածողութենէն ալ բարձր են…

Յարութիւնը, հետեւաբար, զարմանալի հանդիպում մըն է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019