ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՐՄԻՆԸ

Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։ Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (ԵՓԵՍ. Ա 22-23)։

Եւ դարձեալ, Կողոսացիներուն գրած նամակին մէջ առաքեալը կ՚սըէ. «Եւ հիմա, ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ, որ ձեր սիրոյն կը կրեմ, որովհետեւ Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ՚ամբողջացնեմ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է» (ԿՈՂՈՍ. Ա 24)։ Արդարեւ, տեսանելի եկեղեցիները միայն համախմբումի վայրեր չեն, այլ նշանը եւ արտայայտութիւնն են այս «վայր»ին մէջ ապրող «կենդանի Եկեղեցի»ին, բնակարան Աստուծոյ՝ Քրիստոսով իրարու հետ հաշտուած եւ իրարու միացած մարդոց։ Ուստի, եկեղեցին մտամփոփումի եւ լուռ աղօթքի հրաւիրող վայր մըն է՝ ուր կարելի կ՚ըլլայ շարունակել եւ ներանձնացնել Ս. Պատարագի խորհուրդը։

Եկեղեցին ունի նաեւ կատարածնային նշանակութիւն։ Աստուծոյ տունը մտնելու համար, հարկ է անցնիլ սեմէ մը՝ որ խորհրդանիշն է այն անցքին, որ մարդս կը տանի մեղքով վիրաւորուած աշխարհէն՝ դէպի յաւիտենական կեանքին աշխարհը, որուն կան-չըւած են բոլոր մարդիկը, քանի որ տեսանելի եկեղեցին կը խորհրդանշէ «հայրենի տուն»ը, դէպի ուր կ՚ուղեւորուի Աստուծոյ ժողովուրդը եւ ուր հասած՝ Հայրը «ամէն արտասուք պիտի սրբէ անոնց աչքերէն» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։ Նաեւ այս պատճառով՝ եկեղեցին Աստուծոյ բոլոր զաւակները ընդունող, լայնօրէն բաց եւ հիւրընկալ տո՛ւնն է։

«Յոյս ունիմ որ շուտով քովդ կ՚ըլլամ։ Բայց այս բաները կը գրեմ քեզի, որպէսզի, եթէ ուշանամ, գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է շարժիս Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցիին մէջ, որ ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է» (Ա ՏԻՄՈԹ. Գ 14-15), կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, մատնանշելով՝ թէ Եկեղեցին Աստուծոյն է։

Քրիստոս Եկեղեցւոյ անկեան գլուխի քարն է. «Որովհետեւ ոեւէ մէկը չի կրնար ուրիշ հիմ դնել, քան Աստուծոյ դրած միակ հիմը, որ Յիսուս Քրիստոս է» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 11)։ «Հետեւաբար այլեւս Աստուծոյ համար օտար եւ խորթ չէք, այլ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համաքաղաքացի էք եւ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամները։ Մասերն էք այն մեծ կառոյցքին, որուն հիմը առաքեալներն ու մարգարէներն են, եւ որուն անկիւնաքարը ինք՝ Քրիստոս Յիսուս է» (ԵՓԵՍ. Բ 19-20)։

Ուրեմն Եկեղեցին, տո՛ւնն է Աստուծոյ՝ յատուկ վայրը ծիսական աղօթքին։ Ան նաեւ առանձնաշնորհեալ վայրն է երկրպագելու Քրիստոսի իրական ներկայութեան՝ Սուրբ Խորհուրդին մէջ։

Արդարեւ Քրիստոս ներկայ է հոն՝ ո՛ւր միացած կ՚աղօթեն հաւատացեալներ. «Ու կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։ Եւ այս իսկ պատճառով, անհրաժեշտ է աղօթել նաեւ հաւաքաբար՝ որուն վայրն է եկեղեցին։ Այս իմաստով, ընտանիքի մը մէջ այսպիսի «փոքր աղօթատեղի» մը կը նպաստէ հասարակութեամբ ըսուած աղօթքին։ Եւ դարձեալ, այս իմաստով ըսուած է՝ թէ ընտանիքը «առտնին եկեղեցի մըն է» երբ հոն ընտանիքի անդամները միասին կ՚աղօթեն, միատեղ աղօթելու սովորութիւնը հաստատած՝ կը շարունակեն աղօթել։

Արդարեւ, քրիստոնեայ ընտանիքը աղօթքին դաստիարակութեան առաջին եւ կարեւոր վա՛յրն է։

Քրիստոս Եկեղեցւոյ անկեան գլուխի քարն է՝ որուն կը վկայէ նաեւ Պետրոս առաքեալ իր Առաջին Ընդհանրական նամակին մէջ. «Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է։ Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար, իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ  հոգեւոր ընդունելի պատարագ կը մատուցանէք Աստուծոյ։ Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.- Ահա ես Սիսնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքար մը, անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ։ Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ…» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 4-7)։

Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքին ծոցին մէջ։ Եկեկեղցին ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «Աստուծոյ ընտանիքը»։ Յաճախ իրենց «ամբողջ ընտանիքով» հաւատացեալ դարձած մարդիկը սկիզբէն իսկ Եկեղեցւոյ կորիզը կազմեցին։ Հաւատացեալ դարձած այս ընտանիքները քրիստոնեայ կեանքին «կղզեակ»ները կազմեցին։ Ուստի ընտանիքը առաջնահերթ կարեւորութիւն մը ունի իբրեւ կենդանի եւ ճառագայթող հաւատքի օճախ։ Ասոր համար է որ ընտանիքը կոչուած է «առտնին Եկեղեցի»՝ ուր ծնողներ խօսքով եւ օրինակով կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն հաւատքին առաջին բամբերները յօգուտ իւրաքանչիւրին սեփական կոչումին եւ յատկապէ՛ս՝ եկեղեցական կոչումին։ Ուստի հարկ է բանալ դռները ընտանիքներուն, «առտնին Եկեղեցի»ներուն եւ միւս մեծ ընտանիքին, որ է Եկեղեցի՛ն։ «Այս աշխարհի վրայ ո՛չ ոք առանց ընտանիքի է, Եկեղեցին տո՛ւնն եւ ընտանիքն է բոլորի՛ն, յատկապէս անոնց, որ -յոգնած կը հեծեծեն բեռին ծանրութեան տակ-» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։

Ուստի քրիստոնեայ ընտանիքը յատուկ յայտնութիւն մը կը ներկայացնէ, այս իսկ պատճառով ան պէտք է նշուի իբրեւ «առտնին Եկեղեցի» մը։

Առտնին Եկեղեցին «հասարակութիւն» մըն է հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։ Եկեղեցւոյ գաղափարականին մէջ ան եզական կարեւորութիւն մը կը զգենու, ինչպէս ասիկա կարելի է տեսնել Աւետարանին մէջ։ (ԿՈՂ. Գ 18-21), (Ա ՊԵՏ. Գ 1-7) հատուածներ կը վկայեն այս ճշմարտութեան։ Ուստի ընտանիքը «առանձնաշնորհեալ հասարակութիւն» մըն է՝ կոչուած՝ ամոլներու միջեւ իրականացնելու մտածումներու բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ ուշադիր գործակցութիւնը ծնողներուն՝ զաւակներուն կրթութեան կարեւոր հարցով։ Եւ այս իմաստով, ընտանիքը սկզբնական բջիջն է «ընկերային կեանք»ին եւ «Եկեղեցի»ին, որ ընկերային կեանքին մաս կը կազմէ։

Եկեղեցին Քրիստոս հարսն է, ուրեմն ան «սուրբ է եւ անարատ Անոր առջեւ» (ԵՓՍ. Ե 27)։ Այս ձեւով՝ քրիստոնեաներու միջեւ կրնայ զարգանալ «Եկեղեցւոյ նկատմամբ որդիական ոգին»։ Իր մայրական հոգածութեան մէջ, Եկեղեցին մեզի կը շնորհէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը, որ կը գերազանցէ մեր մեղքերը եւ կը գործէ մասնաւորապէս «Հաշտութեան» խորհուրդին մէջ։ Իբրեւ «Մայր» փութկոտ, Եկեղեցին նաեւ իր ծիսակատարումին մէջ օրէ օր կը շռայլէ մեզի Խօսքին եւ Տիրոջ Հաղորդութեան սնունդը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 30, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2019