ԱՆԽՈՆՋ ՆՈՒԻՐԵԱԼԸ…
Երեւանի մէջ վերջերս կեանքէն հեռացաւ պոլսահայ մտաւորական, գրող, գրականագէտ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի քառասուն տարուան թարգմանիչն ու անձնական քարտուղարը՝ Պարգեւ Շահպազեան: Իր մտերիմները, գործընկերներն ու նախկին ուսանողները ցաւով յայտնեցին, որ կեանքէն հեռացած է պատկառանք ներշնչող մտաւորականութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն ամբողջ կեանքը, Հայաստան հայրենադարձուելէն ետք, նուիրուած է գրականութեան, մանկավարժութեան ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անխոնջ սպասաւորն էր Պարգեւ Շահպազեան: Ան մահացաւ 99 տարեկանին եւ մինչեւ վերջին տարիները սպասուած հիւր մըն էր մտաւորական հաւաքներու ընթացքին, լսարաններու մէջ, ուր կը հաւաքուէին մարդիկ՝ լսելու հարուստ գործունէութիւն ունեցած անձնաւորութեան խօսքը, որ արտասահմանեան ճամբորդութիւններուն ընթացքին ուղեկցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ կազմած՝ Վեհափառ Հայրապետին արտասահմանեան ուղեւորութիւններուն մասին գիրքերը, որոնք լի են յիշարժան պատմութիւններով, հետաքրքրաշարժ եւ արժէքաւոր դէպքերով:
Պարգեւ Շահպազեան իր գործունէութեան տարիներուն գրած է բազմաթիւ գիրքեր, թարգմանած, կազմած եւ խմբագրած է ժողովածոներ, բայց ծանօթանալով անոր կեանքի մանրամասնութիւններուն, կը հաւատանք, որ ինքն ու իր կեանքն ալ արժանի են գիրքի մը: Շարժանկար մը նկարահանուած է այս համեստ գիտնականին մասին: Վաւերագրող, լրագրող Արայիկ Մանուկեան երեք մասէ կազմուած ժապաւէն մը պատրաստած է «40 տարի Վազգէն Վեհափառի հետ» խորագրով: Այդ տեսաժապաւէնին մէջ է, որ Պարգեւ Շահպազեան իր կեանքին, Հայաստան տեղափոխուելուն, աշխատանքի ամենէն եռանդուն տարիներուն մասին պատմած է եւ մանրամասնօրէն ներկայացուցած Վեհափառ Հայրապետին հետ իր գործակցութիւնը, որ այսօր պահ տրուած է պատմութեան:
Ինչպէ՞ս Պարգեւ Շահպազեան յայտնուած է Պոլիսէն Հալէպ, ապա Պէյրութ, իսկ յետոյ Հայաստան… Այդ մասին կը պատմէ ինք:
Ծնած է Պոլիս, 1920 թուականին, պոլսահայ մտաւորական Գառնիկ Շահպազեանի ընտանիքին մէջ: Ծնողքը խոյս տուած է դարասկիզբի դէպքերէն. մայրը՝ Հրանոյշ Լաճիկեանը, էրզրումցի էր եւ ապագայ ամուսինին հանդիպած է սուրիական անապատներուն մէջ ու ամուսնացած են: Վերադարձած են Գառնիկ Շահպազեանի ծննդավայրը՝ Պոլիս, եւ հոն ծնած է Պարգեւ Շահպազեան: Բայց ընտանիքը Պոլիս երկար չէ մնացած եւ 1922 թուականի սկիզբներուն, ծայր առած շարժումներուն ալիքին տակ, բազմաթիւ հայերու պէս, Շահպազեանները եւս լքած են Պոլիսը: Մինչ կարգ մը պոլսահայեր, այդ տարիներուն, Փարիզ կը մեկնէին, նաեւ՝ Հայաստան կու գային (ինչպէս Հրաչեայ Ներսիսեանը, Վահրամ Փափազեանը եւ ուրիշներ), Գառնիկ Շահպազեան, աքսորի տարիներէն ծանօթ ըլլալով Սուրիային, կ՚որոշէ ընտանիքը հոն տանիլ:
Հալէպ քաղաքին մէջ Պարգեւ Շահպազեան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է, հոն յաճախած է ազգային վարժարան, ուր ալ, հրաշալի մտաւորական-ուսուցիչներու ձեռքին տակ ծնած է ապագայ գրողը, գիտութեան եւ հայրենիքին նուիրեալը: Դպրոցի վերջին տարիներուն Պարգեւ Շահպազեան ուսանած է Հալէպի ֆրանսական քոլէճին մէջ. Ֆրանսիսքեան հայրերու կողմէ ղեկավարուած այդ կրթօճախին մէջ ան ստացած է ֆրանսերէն լեզուի իր հիմնաւոր կրթութիւնը, որ կատերելագործելով, յետագային զայն դարձուցած է ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան եզակի մասնագէտներէն: Քոլէճը աւարտելէն ետք ընտանիքով տեղափոխուած են Լիբանան, ուր շարունակած է իր ուսումը՝ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելագիտական բաժնի հայագիտական ամպիոնին մէջ՝ զուգահեռաբար աշխատելով Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ, որպէս հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ, մինչեւ 1946 թուականը:
Մեծ Ներգաղթի տարիներուն Շահպազեանները հայրենադարձուած են Հայաստան: Որոշ ժամանակ ետք, Պարգեւ Շահպազեանի ֆրանսերէն լեզուի իմացութիւնը ճամբայ բացած է անոր համար: Ան նախ Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ կարգուած է եւ շուրջ տասն տարի այդ դպրոցին մէջ պաշտօնավարած, ապա զայն ծանօթացուցած են Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Վազգէն հետ, որ այդ ժամանակ նոր կաթողիկոս ընտրուած էր: Վեհափառը այդ ժամանակ ֆրանսերէնի մասնագէտ-ուսուցիչ մը կը փնտռէր Հոգեւոր ճեմարանին համար. Պարգեւ Շահպազեան մէկ տարի կը պաշտօնավարէ Ճեմարանէն ներս, ապա հոգեւոր խորհուրդը որոշում կը կայացնէ ֆրանսերէնը փոխարինել անգլերէնով, որ աւելի միջազգային հեղինակութիւն ունէր եւ աւելի կարեւոր էր ապագայ հոգեւորականներուն համար:
Պարգեւ Շահպազեանին կը վստահուին Ճեմարանի հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաժամերը: Ուսուցիչը արդէն վաստակած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վստահութիւնը եւ ան մտերմութիւն կը հաստատէ հայրենադարձ մտաւորականին հետ: Վեհափառը անոր կը վստահի իր բոլոր գաղտնիքները, մտահոգութիւնները, ծառայութեան առաջին տարիներու դժուարութիւններուն պատմութիւնները: Այդ դժուարութիւնները եղած են նիւթական, բարոյական եւ քաղաքական բնոյթի ծանր փորձութիւններ, որոնց մէջէն անցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խորհրդային համակարգի տարիներուն: Պարգեւ Շահպազեան կը յիշէ, որ շնորհիւ ունեցած խոհեմութեան, ճկունութեան, Վեհափառը յաղթահարած է այդ դժուարութիւնները, կրցած է լեզու գտնել ժամանակի իշխանութիւններուն հետ եւ մինչեւ կեանքին վերջաւորութիւնը ծառայած է հայրենքին, հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ:
Վազգէն Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուած է միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժին մը, որուն քարտուղարութիւնը Վեհափառը վստահած է Պարգեւ Շահպազեանին: Էքումենիք շարժման գաղափարը ծանօթ էր Շահպազեանին, եւ Ճեմարանի մէջ յաւելեալ դասանիւթ մը՝ էքումենիզմը աւելցնելով, անոր դասաւանդումը նոյնպէս վստահուած է Շահպազեանին: Յետագային ան Ճեմարանի մէջ դասաւանդած է նաեւ արեւմտաեւրոպական գրականութիւն՝ Վերածնունդի շրջանէն մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը: Իր դասախօսական գործունէութեան զուգահեռ Շահպազեան վարած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ատենադպիրի պաշտօնը՝ կազմելով գերագոյն հոգեւոր ժողովներու արձանագրութիւնները: Մինչեւ 1994 թուականը՝ Վազգէն Ա. Հայրապետի մահը, Շահպազեան աշխատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ մանաւանդ վերջին տարիներուն յոգնածութեան պատճառով խնդրած է հանգստեան կոչուիլ, Վեհափառը բացասական պատասխան տուած է՝ ըսելով, միասին սկսանք, միասին ալ կ՚աւարտենք…
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը տարիներ առաջ մեծարած է Պարգեւ Շահպազեանը, ան կաթողիկոսական կարգ մը շքանշաններ ստացած է. արժանացած է նաեւ Նափոլէոն Ա.-ի կողմէ 1805 թուականին հիմնած «Ակադեմական Արմաւենիներ» ֆրանսական ազգային շքանշանին: Ֆրանսերէն լեզուի ուսուցման տարիներուն ան Հայաստանի դպրոցներուն համար կազմած է ֆրանսերէնի դասագիրքեր, իսկ սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար՝ հայերէնի դասագիրքեր: Մասնակցած է Աստուածաշունչի արեւելահայերէնի թարգմանութեան աշխատանքներուն։ Ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ գրական ստեղծագործութիւններ: 1981-1983 թուականներուն խմբագրած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» ամսագիրը:
Լրագրող Արայիկ Մանուկեան, Պարգեւ Շահպազեանի մասին տեսաժապաւէն պատրաստելէ զատ, նաեւ Շահպազեանի մահէն մէկ տարի առաջ հարցազրոյց մը ունեցած է անոր հետ, երբ Շահպազեան պատմած է Հռոմի երկու սրբազան պապերուն հետ իր հանդիպումներուն մասին: Կը ներկայացնենք հարցազրոյցէն հատուածներ.
Ես բախտ ունեցած եմ հանդիպիլ ներկայիս Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Պապին նախորդած երկու սրբազան քահանայապետներուն, հաղորդակցած եւ զրուցած եմ անոնց հետ: Ֆրանսիսքոս Պապին ալ կարող էի հանդիպիլ, երբ ան Հայաստան կը գտնուէր, հրաւէր ունէի, բայց տարիքս արդէն չարտօնեց այդ մէկը:
Առաջին հանդիպումս եղաւ Պօղոս Զ. Պապին հետ: Այդ օրերուն մաս կը կազմէի Վազգէն Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շքախումբին, որպէս անոր թարգմանիչն ու գիտական քարտուղարը: Առաջին անգամը ըլլալով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Վատիկանի Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
…1970 թուականին Հռոմի Քահանայապետը անձամբ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայրապետը կը հրաւիրէ չորսօրեայ այցելութեան մը Վատիկան՝ պաշտօնական ողջագուրման համար:
Ասիկա պատմական մեծ, կարեւոր եղելութիւն մըն էր, որուն ես բախտ ունեցայ մասնակցելու:
Մնացինք չորս օր: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը բաղկացած էր մեր Նուիրապետական Աթոռներու եւ աշխարհական ներկայացուցիչներէ: Տասներկու հոգի էինք:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ.-ի գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ: Եւ այնտեղ էր, որ ես հանդիպեցայ Պապին եւ առիթ ունեցայ խոնարհելու եւ օրհնութիւնը խնդրելու: Ան օրհնեց, ձեռքը դրաւ եւ մենք քանի մը բառ փոխանակեցինք:
Պօղոս Զ.-ի հետ հանդիպումը միայն այս էր, բայց աւելի հետաքրքրական պատմութիւն մը ունիմ:
Չորս օր մնացինք Վատիկան: Պապը իր նստավայրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տրամադրութեան տակ դրած էր: Բացառիկ հիւրընկալութիւն մըն էր:
Ժամանման յաջորդ օրը Սիքստինեան Մատուռին մէջ առաջին ողջագուրման եւ ջահերու փոխանակութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Շատ յաջող անցաւ ամէն ինչ: Բայց այստեղ պատահեցաւ փոքրիկ դէպք մը, որ կարող էր փոխել իրադարձութիւններուն ընթացքը:
Արարողակարգային սովորութիւն մըն է, որ այսպիսի հանդիպումներուն ընթացքին փոխանակուելիք ճառերը նախապէս կը ծանօթացուին հակառակ կողմին: Այդ կարգին հիման վրայ, Հռոմ երթալէն մօտ մէկ շաբաթ առաջ Կաթողիկոսը իր ճառին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, որ ես կատարած էի, ղրկեց Հռոմ, որպէսզի, եթէ որեւէ առարկութիւն ունին՝ նկատի ունենանք: Ոչ մէկ առարկութիւն:
Իրենք ալ Պապին ճառը պէտք է ուղարկէին: Պապին ճառը ուշացաւ մինչեւ վերջին օրը, չնայած որ Կաթողիկոսը քանիցս լուր ղրկած էր, որ կը սպասէ: Յետաձգուեցաւ: Չեմ գիտեր ինչ պատճառով:
Մտածեցինք, որ կ՚երեւի Հռոմ հասնելէն ետք Կաթողիկոսը Պապին ճառին կը ծանօթանայ, բայց այդպէս ալ չծանօթացաւ: Մեր կողմէն Կարտինալ Վիլպրանցին լուր ղրկուեցաւ, որ յաջորդ օրը հանդիպումն է եւ Կաթողիկոսը կ՚ուզէ թեքստը կարդալ: Այո, կը բերենք ըսին, մինչեւ հանդիպումը կը ստանաք եւ այլն, սակայն չբերին: Պատճառը ի՞նչ էր՝ չեմ կրնար յստակ ըսել, բայց փաստն այն է, որ Վեհափառը այդ հանդիպումին գնաց Պապին ճառին չծանօթացած:
Հանդիպումը, անշուշտ, տեղի ունեցաւ: Երբ Պապը իր ճառը աւարտեց, տեսայ, որ Կաթողիկոսին տրամադրութիւնն ինկաւ:
Ձայն չհանեց, իր ճառը ըսաւ, բայց եւ դիտել տուաւ, որ զինք խաբած են Վատիկանի մէջ:
Ի՞նչն էր Վազգէն Վեհափառի տրամադրութեան փոփոխութեան պատճառը: Պապին ճառին մէջ ակնարկութիւն մը կար, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան օրինական շառաւիղը Կիլիկեան Աթոռը եղած է, եւ Վեհափառը ուզած է, որ այդ մասը հանուի: Ի՞նչ կարիք կայ, ըսաւ, որ այս առիթով Կիլիկեան Աթոռի հարց ստեղծուի, երբ շատ լաւ գիտէք, որ մեր յարաբերութիւնները այն չեն, ինչ որ պէտք է ըլլան: Եւ որովհետեւ շատ հաստատակամ մարդ էր Կաթողիկոսը, յաջորդ օրն իսկ որոշում կայացուց ամբողջ պատուիրակութեամբ ցուցադրաբար վերադառնալ:
Ամէնքս անակնկալի եկանք: Մենք՝ պատուիրակութեան անդամներս, նախ ջանացինք մեղմացնել, բայց Վեհափառը չէր համոզուեր:
…Երբ Վատիկանի մէջ գիտցան, որ Վեհափառը այդպիսի մտադրութիւն ունի, իրար անցան: Ամբողջ Վատիկանը, Կարտինալ Վիլպրանցը, որ կարտինալներու գլխաւորն էր, եկաւ, միջնորդեց, խօսեցաւ եւ ըսաւ, որ համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշեն, որ օրինական շառաւիղը Մայր Աթոռն է:
Եւ այդպէս ալ ըրին:
Ասկէ ետք էր միայն, որ Կաթողիկոսը որոշեց մնալ, բայց այն չէր իր ոգեւորութիւնը, ինչ որ պէտք է ըլլար:
Իմ երկրորդ հանդիպումս Հռոմի 264-րդ Պապի՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետ էր, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի Պապին հետ իմ առաջին հանդիպումէն ճիշդ քսան տարի անց՝ 1990 թուականին:
Տեղի ունեցած էր ահաւոր երկրաշարժը եւ այդ կապակցութեամբ, պէտք է ըսեմ, որ սրտաբաց ջերմութիւն հանդէս բերին ոչ միայն օտար պետութիւնները, այլեւ՝ եկեղեցիները: Չսպասուած բան էր: Օգնութեան ձեռք մեկնեցին ոչ միայն մխիթարական խօսքով, այլ՝ գործով:
«Քարիթաս» միջազգային, համաշխարհային բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցով երկրաշարժին հետեւանքները վերացնելու համար մարդկային վերաբերմունք հանդէս բերաւ նաեւ «Քարիթաս»ի գլխաւոր ներկայացուցիչը Վատիկանի մէջ՝ Քլաուտիօ Կուչերոթթի անունով երիտասարդ վարդապետ մը, որ կը վարէր արեւելեան հին եկեղեցիներու հետ մշակութային եւ հոգեւոր կապերու զարգացումը:
Այդ մարդը շատ երիտասարդ վարդապետ մըն էր՝ աշխոյժ. քանի մը տարի Ս. Ղազար վանքին մէջ ուսանած էր Մխիթարեաններուն քով եւ գրաբարէն իտալերէնի թարգմանած Սեփէոսի պատմութիւնը:
Երբ կը խօսէր, երբեք չէիք պատկերացներ, որ ան հայ չէ: Շատ նուրբ, ճշգրիտ, յստակ առոգանութեամբ արեւմտահայերէն կը խօսէր: Այդ մարդը ուղղակի հրաշք գործեց այդ օրերուն՝ երկրաշարժին յաջորդող շրջանին:
…Կաթողիկոսը ինծի յանձնարարեց ազատ ժամերուն Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մէջ ուղեկցիլ անոր, բացատրել, ցոյց տալ, որպէսզի ան իր պատկերացումները ունենայ եւ մենք սրտաբաց բարեկամներ դարձանք:
Օր մը ըսի. «Հայր Սուրբ, այս տարի քանի մը աշխատակիցներ ցանկութիւն ունինք ամառը Իտալիա այցելել՝ մեր արձակուրդը անցընելու համար: Լսած ենք, որ Վատիկանի պատկերասրահը շատ ճոխ է եւ սովորական այցելուներու առջեւ բաց չէ, յատուկ արտօնութիւն պէտք է. կ՚օգնէ՞ք մեզի, որ այցելենք»:
Սիրով` ըսաւ, ոչ միայն կ՚օգնեմ, որ պատկերասրահ այցելէք, այլ կը ջանամ նաեւ, որ Պապին ալ այցելէք:
Շատ աւելի լաւ, ըսի, խորապէս շնորհակալ կ՚ըլլամ:
Եւ իրաւ, ամառը, օգոստոս ամսուն, առիթը ներկայացաւ Իտալիա մեկնելու եւ մեր արձակուրդը հոն անցընելու: Հայաստանը տակաւին պաշտօնապէս անկախ չէր, բայց անկախանալու շրջանն էր: Մեկնեցանք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յայտնի դէմքերէն մէկուն՝ հայագէտ Հայր Լեւոն Զեքիեանի գրաւոր հրաւէրով: Անոր հրաւէրով գացինք Վենետիկ: Ան ընդունեց մեզ, Վենետիկի մէջ քանի մը օր միասին անցուցինք, այցելեցինք նաեւ Ս. Ղազարը:
Վենետիկէն հեռաձայնով կապուեցանք Հռոմ՝ Կուչերոթթիի հետ եւ տեղեկացուցինք, որ կը ժամանենք Հռոմ:
Երբ լուր ուղարկեցին, որ մենք ժամանած ենք, անմիջապէս մեզ ուղեկցեցան ընդարձակ դահլիճ մը: Ես զրոյցի ընթացքին, ի միջի այլոց, յիշեցուցի անոր, որ մեզ խոստացած է արտօնութիւն՝ դիտելու Վատիկանի պատկերասրահը եւ հանդիպելու Պապին:
Այո, ըսաւ, կը յիշեմ այդ խոստումը, բայց դժբախտաբար յարմար ժամանակ չէք եկած: Ես ձեզ կարող եմ առաջնորդել Վատիկան, որպէսզի այցելէք պատկերա-սըրահը, բայց Պապին չեմ կրնար ներկայացնել, որովհետեւ այս շրջանին՝ օգոստոս ամսուն, ան սովորութիւն ունի հանգստանալու:
Խնդիր չէ, ըսինք, հակառակ որ կիները (մենք մեկնած էինք մեր կիներու ընկերակցութեամբ) ներքուստ դժգոհեցան, որովհետեւ ակնկալութիւն ունէին, որ Պապին կը հանդիպին: Կ՚երեւի զգաց այդ մարդը, եւ խօսակցութեան ընթացքին մեզի ըսաւ, որ քանի մը վայրկեան պէտք է դուրս ելլէ: Հինգ, տասը, տասնըհինգ-քսան վայրկեան անցաւ, չվերադարձաւ: Ի վերջոյ, մեզ տագնապեցնելու աստիճան ուշացումով, դուռը բացուեցաւ եւ ներս մտաւ: Երբ նայեցայ դէմքին, տեսայ, որ դրական արտայայտութիւն ունի եւ յայտնեց, որ ինքը բացակայած էր, որպէսզի առանձին սենեակէն Քաստելկանտոլֆոյի ամարանոցին հեռաձայնով կապուի կարտինալին հետ:
Կարտինալին ըսած է, թէ Հայաստանէն հիւրեր կան, հինգ Արեւելեան եկեղեցիներու յայտնի եկեղեցիներէն մէկուն ներկայացուցիչներն են եւ ցանկութիւն ունին անպայման Պապին հանդիպելու, արդեօք հնարաւոր չէ՞, բացառութեան կարգով, միջնորդել Պապին, որ ընդունի զանոնք: Չեմ գիտեր՝ ինչպէս լեզու բանեցուցած է, սակայն Պապը, երբ լսած է, պահ մը մտածելէ ետք ըսած է. ես շատ մեծ յարգանք ունիմ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ եկեղեցի, մանաւանդ հայերը շատ կը սիրեմ եւ որովհետեւ անոնք Հայաստանէն եկած են մինչեւ հոս եւ կ՚ուզեն հանդիպիլ՝ սիրով կ՚ընդունիմ:
Միշտ ըսած էինք, որ մենք պաշտօնական ներկայացուցիչներ չենք, այլ Էջմիածնի աշխատակիցներն ենք եւ ոչ-պաշտօնական անունով եկած ենք, այնուամենայնիւ, պէտք է ըսեմ, որ մեզ պաշտօնական մակարդակով ընդունեցին: Ներս մտանք եւ անակնկալի եկանք. լուսարձակներ դրուած էին, լուսանկարիչներ եւ նկարողներ պատրաստ էին նկարահանելու:
Ներս մտաւ Պապը, մօտեցաւ, յառաջացանք:
Բարի գալստեան եւ ողջոյնի խօսքեր ըսաւ մեզի: Խոնարհեցանք, օրհնեց:
Ես նախապէս պատրաստած էի ուղերձ մը՝ ֆրանսերէնով, որպէսզի այդ առիթով արտասանեմ: Հակառակ որ անպաշտօն այցելութիւն մըն էր, բայց Պապին առջեւն էինք: Սովորական մարդու մը առջեւ չես, չես կրնար ոտքդ ոտքիդ վրայ ծալել եւ՝ ինչպէ՞ս անցուցիք Ձեր ճանապարհը, հարցումով սկսիլ խօսակցութեան: Որքան ալ անպաշտօն ըլլայ՝ պաշտօնական է:
Նախ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնները փոխանցեցի, յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ բարեհաճեցաւ մեզ՝ Մայր Աթոռի սովորական աշխատակիցներս սիրայօժար ընդունիլ իր յարկին տակ, երրորդ, որ Իտալիան՝ որպէս Հայաստանի բարեկամ, լայնօրէն աջակցեցաւ մեզ հարուածած երկրաշարժի օրերուն եւ մանաւանդ ինքը՝ Պապը, Կիւմրիի մէջ, իր անձնական միջոցներով, դարմանատուն մը հիմնեց:
Երբ աւարտեցի, ցանկութիւն յայտնեց, որ իմ ելոյթը՝ ուղերձը, Վատիկանի ձայնասփիւռէն հեռարձակուի արտասահմանի մէջ: Նախ՝ հայ սփիւռքին համար արեւմտահայերէնով, երկրորդ՝ նաեւ զանազան եւրոպական լեզուներով:
Հանդիպումէն ետք ճաշկերոյթ տրուեցաւ:
Ահա այս էր երկրորդ անգամ Պապի հետ իմ հանդիպումս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ