Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այս կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պիտի ձեռնադրէ երեք նոր եպիսկոպոս։ Նորին Սրբութեան ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում պիտի ստանան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեան, Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ (Վիեննա) Տ. Տիրան Վրդ. Պետրոսեան։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք միաբաններու ծառայած թեմերէն հոգեւոր ու աշխարհիկ պատասխանատուներ եւ ուխտաւորներ եւս ներկայ պիտի գտնուին շաբաթավերջի ձեռնադրութեան։
Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019