«ԵՕԹԸ» ԹՈՒԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Երբ Աստուած Ադամը եւ Եւան օրհնեց եւ անոնց պատուիրեց որ երկիրը արդար սերունդով լեցնեն եւ երկրին տիրեն եւ ստորադաս կենդանի արարածներուն վրայ իշխանութիւն ունենան, այն ատեն Ան պատուէր չտուաւ որ «շաբաթ» եւ կամ հանգստեան օր մը պահեն։ Սատանային կատարած փորձութիւնը եւ Ադամի ու Եւայի մեղանչումը որեւէ կապ չունէին 24 ժամ տեւող «շաբաթ»ի օրէնք մը չպահուելուն հետ։
Եթէ Աստուած անոնց մեղանչելէն առաջ Եդեմի մէջ այդպիսի «օրէնք» մը տուած չէր, զանոնք որպէս մեղաւորներ Եդեմէն դուրս վտարելէն վերջ այդ տեսակ օրէնք մը տուած չէր կրնար ըլլալ։ Արդարեւ, Սուրբ Գիրքի մէջ որեւէ արձանագրութեան հանդիպիլ կարելի չէ թէ Ան այդպէս ըրաւ. (ԾՆՆԴ. Բ 15-17, Ա 28)։ Ուրեմն ի՞նչ կարելի է ըսել «եօթը» թուին մասին, որ միայն Ծննդոց գիրքին մէջ 61 անգամ կը պատահի։ Զոր օրինակ, Նոյ եւ իր ընտանիքը եւ կենդանիները «եօթը» օրուան շրջանի մը ատեն էր որ տապանը մտան։ «Եղաւ որ եօթը օրէն ետքը ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան» (ԾՆՆԴ. Է 1-10)։
Նոյի տապանը Արարատի վրայ հանգչեցաւ տարւոյն եօթներորդ ամսուն տասնեօթներորդ օրը։
Ջուրերուն քաշուելուն սպասելէն վերջ՝ Նոյ ագռաւ մը եւ աղաւնի մը արձակեց։
Աղաւնին վերադարձաւ. «Եւ եօթը օր ալ սպասեց, եւ նորէն աղաւնին տապանէն արձակեց, որ ա՛լ անոր չդարձաւ»։ Տապանին մէջ արեգակնային լման տարի մը փակուած մնալէ վերջ՝ Նոյ եւ իր ընտանիքը եւ կենդանիները տապանի պատսպարանէն դուրս եկան. (ԾՆՆԴ. Ը 14)։ Այս տեղեկութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Նոյ ժամանակը եօթը օրերէ բաղկացած շրջաններու բաժնած էր, բայց բնաւ չ՚ըսուիր, թէ ինքն ու իր ընտանիքը եօթներորդ օրը բծախնդիր կերպով շաբաթ-օրուան հանգիստ պահեցին՝ առանց որեւէ գործ ընելու։ Այս դէպքերէն անմիջապէս վերջ ըրած եւ ծիածանով խորհրդանշած յաւիտենական ուխտով՝ Աստուած որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ շաբաթ-օր մը պահելու մասին. եւ Նոյի եւ անոր որդիներուն աստուածային հրամանը կրկնած ատենն ալ՝ Ան «շաբաթ պահել»ու նկատմամբ որեւէ պատուէր չտուաւ։ Ատոր պատճառը այն չէր որ անոնք մինչեւ այդ ատեն «շաբաթի օրէնք»ը արդէն իսկ պահած ըլլալնուն համար այլեւս հարկ չկար օրէնքը կրկնելու. հապա՝ բացորոշ պատճառը այն էր, որ մինչեւ այդ ատեն շաբաթ պահելու այդպիսի որեւէ կարգադրութեան տակ դրուած չէր մարդ։
Ինչո՞ւ համար ԾՆՆԴՈՑ ԻԶ 4-5 համարները ապահով փաստեր չեն՝ թէ Աբրահամ շաբաթ-օրուան պատուիրանքին տակ էր։
ԾՆՆԴՈՑ ԻԶ 4-5 համարները չեն ապացուցաներ, թէ Աբրահամ շաբաթապահութեան օրէնքին տակ էր։
Աստուծմէ իրեն տրուած պատուէրներուն մէջ որեւէ բան ըսուած չէր «եօթներորդ օր»ը շաբաթ պահելու մասին։ Աստուած Իր հնազանդ եւ հաւատարիմ արարածներուն միշտ միեւնոյն պատուէրը չի տար. ոմանք պատուէր կը ստանան այսինչ բանը ընելու եւ ոմանք ալ չեն ստանար։ Միմիայն Աբրահամ էր, որ պատուէր ստացաւ իր սիրելի որդին իբր ողջակէզ մատուցանել. սակայն Աբրահամի ժամանակէն ի վեր Աստուծոյ ծառաներէն ուրիշ եւ ո՛չ մէկը այդպիսի պատուէր ստացած է։
Այս շեղումէն վերջ դառնանք դարձեալ եօթը թուին խորհուրդին։ Որովհետեւ սկիզբէն ի վեր եօթը թիւը եօթնեակ օրերուն թիւն էր, Սուրբ Գիրքի մէջ յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի, այնպէս որ եօթը ընդհանրապէս ցոյց կու տայ «ամբողջութիւն» կամ «կատարելութիւն»։ ԾՆՆԴ. Է։ Սուրբ անասուններէն եօթն եօթն առնուեցան տապան, այսինքն մաքուր անասուններէն եօթնական առնուեցան Նոյի տապանը։ Առատութեան եւ սովի տարիները Եգիպտոսի մէջ եօթն էին։ (ԾՆՆԴ. ԾԱ)։
Հրեաներու մօտ ո՛չ միայն ամէն եօթներորդ օր էր «շաբաթ», այսինքն՝ հանգստեան օր, այլեւ ամէն եօթներորդ տարի էր շաբաթ կամ «հանգստեան տարի», եւ եօթնիցս եօթը տարիէ ետք կու գար «Յոբելեան տարի»ն։
Բաղարջակերաց եւ տաղաւարահարաց տօները եօթը օր կը տեւէին, եւ զոհուելիք անասուններու շատերուն թիւը որոշուած էր ըլլալ եօթը։ Ոսկեղէն աշտանակը ունէր եօթը ճրագարան։ Եօթը քահանայ, իւրաքանչիւր եօթը փողով շրջապատեցին Երիքովի պարիսպը եօթը օր եւ եօթներորդ օրը՝ եօթնիցս եօթը անգամ շրջելէ ետք վերջապէս պաշարեցին։
Յայտնութեան գիրքին մէջ կը յիշուի եօթը եկեղեցի, եօթը աշտանակ, եօթը ոգի, եօթը աստղ, եօթը կնիք, եօթը փող, եօթը որոտում, եօթը անօթ, եօթը հարուած, եօթը հրեշտակ՝ որ կը թափէին այն եօթը հարուածները, եօթը շիշ։
Եօթը թիւը, Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚առնուի շատ անգամ իբր «ամբողջ թիւ» կամ իբրեւ «բովանդակութիւն» մը, ինչպէս են «տասնեակ» կամ «երկոտասանեակ»։ Այդպէս են (ՄԱՏԹ. ԺԲ 45). «Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ…», նաեւ՝ (Ա ԹԱԳ. Բ 5). «Ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ…»։ «Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ եւ եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի» (ՅՈԲ. Ե 19)։ «Ծոյլը՝ իր աչքերուն, խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ՚երեւնայ» (ԱՌԱԿ. ԻԶ 16), «Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, որովհետեւ անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ» (ԱՌԱԿ. ԻԶ 25)։ «Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն…» (ԵՍ. Դ 1)։ «Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ…» (ԵՐԵՄ. ԺԵ 9)։ Նոյնպէս՝ եօթն անգամ կամ եօթնապատիկ կը նշանակէ՝ շատ անգամ, առատապէս, լիուլի։
Իսկ «եօթանասուն անգամ եօթը» կը ցուցընէ եւս աւելի յաճախութիւն. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 22)։
Սուրբ Գիրքի բոլոր այս վկայութիւնները ցոյց կու տան եօթը թուին կարեւորութիւնը եւ իմաստը՝ որ իր մէջ կը բովանդակէ «խորհո՛ւրդ» մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024