ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
Հարցում.- Ի՞նչ է Ս. Երրորդութիւնը։
Պատասխան.- Ս. Երրորդութիւնը մարդկային միտքին համար իր ամբողջութեան մէջ հասկնալի չէ: Քրիստոնէական կրօնքը «Երրորդութիւն» ըսելով կը հասկնայ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Ս. Հոգի Աստուած՝ երեք անձեր, սակայն մէ՛կ բնութիւն, մէ՛կ զօրութիւն եւ մէ՛կ Աստուածութիւն: Ս. Երրորդութիւնը մարդկային միտքին համար իր ամբողջութեան մէջ հասկնալի չէ։ Ան «Խորհուրդ» կը կոչուի։
Հ.- Ի՞նչ են Հին եւ Նոր կտակարանները։
Պ.- Հին կամ Նոր կտակարաններ կամ Հին ուխտ եւ Նոր ուխտ։ Երկուքը միասին կը կազմեն Աստուածաշունչ Մատեանը։ Հեղինակներն են Մարգարէները, Առաքեալները եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած մարդիկ, որոնք Ս. Հոգիի ներշնչականութեամբ գրի առին Աստուածաշունչը։ Հին ուխտը, նախաքրիստոնէական շրջանի պատմութիւնն է, սկսեալ մարդու ստեղծագործութենէն հասնելով մինչեւ Քրիստոսի ծննդեան նախօրեակը։ Իսկ Նոր ուխտը քրիստոնէութեան պատմութիւնն է, որ կը պարունակէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին վերաբերող երեւոյթներն ու պատումները՝ Ծնունդը, Մկրտութիւնը, եռամեայ քարոզութիւնը, կատարած հրաշագործութիւնները, ուսուցումները, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Թաղումը, Յարութիւնը եւ Երկինք համբառնալը։ Այս ամբողջը կը գտնենք առաջին չորս Աւետարաններուն մէջ, որոնցմէ ետք կայ նաեւ «Գործք եռաքելոց» գիրքը, որուն մէջ նկարագրուած է առաքեալներուն կատարած քարոզութիւնը եւ գործերը։ Իսկ միւս բաժինը Առաքեալներուն նամակներն են, ուղարկուած զանազան շրջաններու հաւատացեալներուն եւ տարբեր-տարբեր անձնաւորութիւններու: Անոնք կը պարունակեն ուսուցումներ, թելադրութիւններ, յանդիմանութիւններ եւ ազդարարութիւններ՝ կայուն մնալու ճշմարիտ հաւատքին մէջ։
Հ.- Ի՞նչ է Աւետարանը եւ որո՞նք են աւետարանիչները։
Պ.- Աւետարանը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին, գործունէութեան եւ ուսուցումներուն ամբողջութիւնն է։ Չորս Աւետարաններ կան Նոր կտակարանին մէջ՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասու եւ Յովհաննու։ Առաջին երեքը համատեսական կը կոչուին, որովհետեւ պարունակութեամբ գրեթէ նոյնանման են, իսկ Յովհաննէսի աւետարանը առաւելաբար կը խօսի Քրիստոսի Աստուածութեան մասին։ Իսկ աւետարանիչները աւետարաններուն անունները կրող անձնաւորութիւններուն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի հեղինակութիւնն են՝ Ս. Հոգիին ներշնչականութեամբ:
Հ.- Առաքելական քանի՞ նամակներ կան։
Պ.- Առաքելական քսանմէկ նամակներ կան։ Տասնչորսը նամակներ են ուղղուած որոշ շրջաններու բնակիչներուն, օրինակ՝ կորնթացիներուն, թեսաղոնիկեցիներուն եւ այլն, եւ անհատներու, օրինակ՝ Տիմոթէոսի, Փիլիմոնի եւ այլն։ Իսկ մնացեալ եօթն կը կոչուին ընդհանրական նամակներ, որոնք կը պատկանին առաքեալներուն եւ ուղղուած են բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, օրինակ՝ Ընդհանրական նամակ Յակոբոս առաքեալի եւ այլն։
Հ.- Ի՞նչ է խորհուրդը։
Պ.- Խորհուրդ կը կոչուին այն ծիսական սրբազան արարողութիւնները, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս։ Ինչպէս նաեւ խորհուրդ կ՚ըսենք Եկեղեցւոյ վարդապետութիւններուն՝ Ս. Երրորդութեան, մարդեղութեան, հոգիի անմահութեան եւ այլն։ Այլ խօսքով, եկեղեցական հասկացողութեամբ խորհուրդ կը կոչուին այն բաները, որոնք մեր մարդկային միտքէն վեր կը մնան եւ չենք կրնար անոնց բացատրութիւն տալ։
Հ.- Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին քանի՞ խորհուրդ ունի եւ ի՞նչ կու տան մեզի։
Պ.- Եօթը խորհուրդներ.
ա.- Մկրտութիւն. մեզ կը սրբէ Ադամի գործած նախնական մեղքէն եւ մեզ Աստուծոյ որդիներ կ՚ընէ։
բ.- Դրոշմ. Ս. Հոգիին շնորհքները կը պարգեւէ մեզի ու Քրիստոսի զինուորներ կը դարձնէ։
գ.- Հաղորդութիւն (կամ Ս. Պատարագ). Աստուծոյ հետ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդն է, որով կ՚ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը մեր մէջ ու կը ճաշակենք Անոր քաւիչ ու փրկարար Ս. Մարմինն ու Արիւնը։
դ.- Ապաշխարութիւն. կը մաքրէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը վերահաստատէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ։
ե.- Ձեռնադրութիւն. մարդիկը Աստուծոյ պաշտօնեայ եւ քահանայ կը դարձնէ ու Քրիստոսի փոխանորդներն ու յաջորդները կը կարգէ։
զ.- Ամուսնութիւն (կամ Ս. Պսակ). այր եւ կին իրարու կը միացնէ սիրով, երջանիկ ապրելու այս կեանքին մէջ եւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը շարունակելու համար։
է.- Հիւանդաց կարգ. մեզի հոգեւոր ուժ եւ կարողութիւն կու տայ՝ բուժուելու համար մեր ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն։
Հ.- Ի՞նչ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ունի «Հաւատամք»ը քրիստոնեայի կեանքին մէջ։
Պ.- «Հաւատամք»ը համաքրիստոնէական Եկեղեցւոյ դաւանանքն է, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, իւրաքանչիւր կիրակի օր Ս. Խորաններէն կ՚արտասանուի, Ս. Խորանի սպասարկողներուն եւ հաւատացեալներուն կողմէ միասնաբար։ Հաւատամք կամ Նիկիական Հաւատամք, քրիստոնեայ անհատին հաւատքի դաւանութիւնն է, ուր ամփոփուած է Ս. Երրորդութեան ուղղափառ վարդապետութիւնը եւ մարդ արարածին հաւատալիքները։ Քրիստոնեան հաւատամքը ըսելով կը դաւանի Ս. Երրորդութիւնը, կը դաւանի Քրիստոսի աշխարհ գալը, մարդեղանալը, չարչարուիլը, թաղուիլը եւ այլն։ Տակաւին «Հաւատամքը քրիստոնէական կրօնի հաւատալիքներուն բանաձեւն է, եւ կամ առաջին քրիստոնէականն է, որուն մէջ բանաձեւուած են քրիստոնէութեան հաւատալիքները»։ Այս հանգանակը գրուած է 325-ին, Նիկիոյ մէջ գումարուած Տիեզերական առաջին ժողովին ընթացքին, եւ իր վերջնական ձեւը ստացած է 381-ին, Եփեսոսի մէջ գումարուած Տիեզերական երկրորդ ժողովին։
Հ.- Ի՞նչ կը նշանակէ Խաչակնքել։
Պ.- «Խաչակնքել կը նշանակէ.
ա. Վահան դնել չարին ներգործութիւններուն դէմ։
բ.- Յիշել մեր Փրկչին Խաչին վրայ մահանալը, մարդոց փրկութեան համար։
գ.- Խաչակնքելով Աստուծոյ օգնութիւնն ու ողորմութիւնը կը խնդրենք» (Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանց)։
Հ.- Եկեղեցւոյ հայրերը խաչակնքելու մասին խօսա՞ծ են:
Պ.- Այո՛: Ահաւասիկ մի քանի օրինակներ.
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Աղօթքին հետ խաչակնքէ, եւ այդ ատեն սատանաները չեն մօտենար քեզի, որովհետեւ իրենց դէմ զինուած կ՚ըլլաս»:
«Խաչակնքէ՛։ Ըսէ՛ այս է միակ զէնքս։ Այս է միակ դեղս եւ ասկէ զատ ուրիշ բան չեմ գիտեր»։
«Երբ կը խաչակնքես, խաչին ամբողջ իմաստը պատկերացուր, որպէսզի բարկութիւնդ ու միւս մոլութիւններդ մարին։ Երբ կը խաչակնքես, թող որ դէմքիդ վրայ կենդանի վստահութիւն արտայայտուի, իսկ հոգիդ ազատագրուի, եւ ո՛չ թէ միայն մատներով Խաչին նշանը պատկերէ, այլ՝ ատոր թող նախորդէ սիրտին բարեհաճութիւնը եւ լեցուն հաւատքը։ Եթէ այդպէս պատկերես դէմքիդ Խաչին նշանը, ապա ո՛չ մէկ չար զօրութիւն կրնայ մօտենալ քեզի՝ տեսնելով այդ զէնքը, որով ան խոցուած ու մահացու վէրք ստացած է։ Որովհետեւ, ինչպէս մենք վախով կը նայինք այն գործիքներուն, որով մահապատիժի կ՚ենթարկուին յանցագործները, ապա պատկերացուր, ինչպէս սատանան ու դեւերը՝ այդ զէնքը տեսնելով, որով Քրիստոս Տէրը ցրուեց անոնց զօրութիւնը եւ սատանային գլուխը կտրեց»:
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետը այսպէս կը գրէ. «Հետեւաբար, Քրիստոսի Խաչին համար չամչնանք։ Եթէ ոեւէ մէկը ծածկաբար կը խաչակնքէ, դուն Խաչին կնիքը բացայայտօրէն ճակատիդ վրայ դրոշմէ, որպէսզի դեւերը, թագաւորական նշանը տեսնելով, դողալով՝ հեռու փախչին։ Խաչակնքէ՛ կերած ատեն, խաչակնքէ՛ երբ կը խմես, երբ կը նստիս, երբ կը քնանաս, երբ կ՚արթննաս, երբ կը խօսիս, երբ կը քալես։ Մէկ խօսքով, ամէն տեղ եւ մի՛շտ խաչակնքէ։ Որովհետեւ, այստեղ խաչուածը, հիմա, վերը՝ երկինքին մէջ է»:
Ս. Օգոստինոս կը գրէ. «Եթէ խաչին նշանը չօգտագործենք, կա՛մ հաւատացեալին ճակատին, կա՛մ ջուրին վրայ, որմէ կը վերածնուինք, կա՛մ օծումի ժամանակ, կա՛մ Ս. Զոհին վրայ, որ մենք կ՚ուտենք ու կ՚ապրինք, ապա ամէն ինչ անպտուղ է»:
Հ.- Ինչո՞ւ յատուկ արարողութիւններով կը պատուենք Քրիստոսի Խաչը։
Պ.- Որովհետեւ, Խաչը մեր փրկութեան միջոցն է։ Եթէ Քրիստոս չխաչուէր, մարդկութիւնը չարին գերութենէն չէր ազատեր. այս պատճառով յատուկ արարողութիւններով կը պատուենք Քրիստոսի Խաչը, եւ անոր ընդմէջէն Աստուծոյ Որդիին կ՚երկրպագենք:
Հ.- Եկեղեցւոյ հայրերը ի՞նչ գրած են Քրիստոսի խաչին մասին:
Պ.- Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ այսպէս կը գրէ. «Խաչին պատճառով դեւերը այլեւս սարսափելի չեն եւ արհամարհանքի արժանի են։ Անով մահը այլեւս մահ չէ, այլ՝ երկարատեւ քուն, եւ մեր վրայ իշխող ամէն զօրութիւն ոտնահարուած է։ Խաչը անցեալին դատապարտութեան գործիք կ՚անուանուէր, իսկ հիմա ցանկալի եւ գովելի դարձած է ան։ Անցեալին խայտառակութեան եւ տանջանքի առարկայ էր խաչը, իսկ հիմա փառքի ու պատիւի առարկայ դարձած է։ Իսկ թէ խաչը իսկապէս փառաւոր է, լսէ՛ Յիսուս Քրիստոսին, որ կ՚ըսէ. «Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով, որ ունէի Քու հետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ» (Յհ 17.5)՝ Խաչը փառք անուանելով։ Խաչը մեր փրկութեան գլուխն է, Խաչը բազմաթիւ բարութիւններու պատճառն է։ Անոր միջոցաւ մենք, որ մերժուած ու անփառունակ էինք, հիմա որդիներու շարքին մէջ ընդունուած ենք։ Անոր միջոցաւ մենք մոլութիւններէն դուրս գալով, ճշմարտութիւնը ճանչցանք։ Մենք, որ անցեալին փայտին ու քարին կ՚երկրպագէինք, հիմա խաչով մեր Արարիչը ճանչցանք։ Անոր միջոցաւ մենք՝ մեղքի ստրուկներս, ճշմարտութեան ազատութեան դարձանք։ Եւ վերջապէս, Խաչով երկիրը երկինք դարձաւ»:
Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս կը գրէ. «Դուն ես մեր պահապանը ցերեկ եւ գիշեր, կեցած եւ գացած ատեն, քնանալու եւ արթննալու ատեն։ Դուն կենդանիներուն եւ մեռելներուն պահապանն ես. քու զօրութեանդ ապաւինելով եւ քեզ փափաքելով, քու ձեւդ քառակերպելով կը նշանակենք քարերու եւ փայտերու վրայ եւ ամբողջ տարրական գոյացութիւններուն վրայ կանգնեցնելով կը կառուցանենք եւ կ՚երկրպագենք աստուածանման Ս. Նշանիդ։ Դուն, երկինքէն երեւելով զօրացուցիր Ս. Կոստանդիանոսը։ Դուն, աշխարհի վախճանին պիտի գաս արփիափայլ ճառագայթներով՝ ահ պատճառելով թշնամիներուն եւ պարծանք՝ հաւատացեալ երկրպագուներուդ։ Բարեբանեալ ես, ո՜վ Ս. Նշան անպարտելի, որովհետեւ յաջորդ գալուստիդ արեգակի ճառագայթներուն պիտի յաղթես»:
Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ. «Խաչը շալկել չգիտցող մարդուն ուսերուն վրայ մեղքին ընկճող բեռն է որ կապարի նման կը ծանրանայ։ Խաչակրութեան՝ զոհողութեան յանձնառումին մէջ պատիւ կայ, այսինքն՝ «արհամարհանքը ամօթ»ին։ Խաչը իր ուսին վրայ կամաւորապէս վերցնող անձը սիրոյ ուշխք մըն է մարդկային կեանքին մէջ։ Խաչին մէջ չարչարանք, ամօթ տեսնող անձը, կեանքի գնացքին իսկ մէջ անշարժ գերեզման մըն է…»:
Լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեան կը գրէ. «Ու ժողովուրդը մեր, գերուած խորհուրդէն Քրիստոսի խաչելութեան, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ գերազանցօրէն ժողովուրդն է խաչին, զոհագործումին ու պատարագումին՝ շատ ըսուած է, պիտի միշտ ըսուի եւ երբեք բաւարար չըսուի։ Տասնվեց դարերու շարունակական խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը մեզ զսպանակած են Աստուծոյ հանդէպ, աստուածայինին հանդէպ, խաչին հանդէպ մեր աշխարհ մը սէրէն, մեր այրող բայց չհատնող սէրէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այն խոր յարգանքը, պաշտամունքի հասնող մեծարանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ Խաչին։ Ու այսօր, Խաչվերացի, այսինքն՝ խաչի պանծացումի մեծ տօնին, որուն պատմականը կամովին զանց ըրինք, մեր սիրտին ամենէն խորունկ ակունքէն կ՚աղօթենք եւ կ՚աղաչենք՝ Տէր Յիսուս Փրկիչ, Քու Խաչդ պահապան ըլլայ երկրագունդիս վրայ ցանուցիր մեր ժողովուրդին, իր թեւերուն տակ համահաւաքէ բեկորեալ նշխարներն անոր հայրենի մեր սեփական երկրին վրայ, խաղաղ ազատութեան մէջ պահպանէ ամբողջն ի մի՝ մինչեւ կատարածն աշխարհի, եւ ապաւէն ըլլայ մեզի երբ լուսաւոր ամպերու մէջէն յայտնուիս Հօր Աստուծոյ փառքով, այն ատեն «ամօթով չմնանք Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ՝ որպէս Լոյսի Որդիներ՝ Քու աջ կողմդ բերկրինք»»:
Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Պիշոյ Քամէլ կը գրէ. «Տէր իմ Յիսուս... Պարգեւէ՛ ինծի Խաչիդ զօրութեան իմացումն ու ըմբռնումը, եւ երբ աշխարհի նեղութեան եւ անոր սկզբունքներուն դէմ ըլլամ, զգացո՛ւր ինծի, որ պարտուած չեմ, այլ՝ խաչիդ զօրութեամբ յաղթած եմ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ