ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՏԱՀՈԳ

Երէկ, Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւս մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի նախարարաց խորհուրդի նիստին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ժողովականները քննարկեցին արտաքին քաղաքականութեան համադրման, տարածքաշրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ հակազդելու հաւանական միջոցները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։

Իր ելոյթին մէջ Զօհրապ Մնացականեան շօշափեց բազմաբնոյթ խնդիրներ եւ այդ ամբողջին մէջ նաեւ քննադատութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ կապակցութեամբ։ Անդրադառնալով Սուրիոյ առկայ մարդասիրական իրավիճակին՝ ան ընդգծեց, որ սա շատ զգայուն հարց մըն է հայկական կողմին համար։ Հայաստան չէր կրնար չարձագանգել այն զրկանքներուն ու տառապանքներուն, որոնց միջոցաւ կ՚անցնի Սուրիոյ ժողովուրդը՝ ներառեալ մեծաքանակ հայ համայնքը։ «Մենք ուշադիր կը հետեւինք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի զարգացման, ինչպէս նաեւ այնտեղ առկայ գործընթացներուն Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան», շեշտեց Մնացականեան եւ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային որդեգրած միակողմանի դիրքորոշումը սպառնալիք մը կը համարուի Հայաստանի եւ ըստ այդմ ամբողջ ՀԱՊԿ-ի համար։

Նախարար Մնացականեան ՀԱՊԿ-ի պաշտօնակիցներուն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի վերջին զարգացումները՝ ընդգծելով խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Մնացականեան մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի սպառազինութիւններու վաճառքին մէջ ՀԱՊԿ-ի անդամ որոշ պետութիւններու ներգրաւուածութեան բերումով, ինչ որ բացասաբար կ՚ազդէ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի հեղինակութեան եւ թէ անոր համագործակցութեան միջավայրին վրայ։ «Կը յուսանք, թէ մեր մտահոգութիւնը լսելի է եւ կը ձեռնարկուին համապատասխան քայլեր ՀԱՊԿ-ի անդամ-պետութեան դէմ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման պատրանքի բացառման ուղղութեամբ», ըսաւ Պիշքեքի ժողովի ընթացքին նախարարը։

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019