ԲԱՐԻ ՕՐԻՆԱԿ ԸԼԼԱԼ

Մարդ էակը իր կեանքին ընթացք եւ ուղղութիւն տալու համար միշտ կը կարօտի ուղեցոյցի մը։ Այս ուղեցոյցը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ փորձառու մարդոց խօսքերը՝ խրատները։ Բայց խօսքէն աւելի ազդու է գործը, այսինքն օրինակը վստահութիւն ներշնչած անձերու, որոնք որպէս տիպար ուղղութիւն ցոյց կու տան մարդոց։ Եւ մարդ աւելի կը հետեւի տիպարներու քան խօսքերու։ Ընդհանրապէս մարդ կը գործադրէ այն՝ ի՛նչ որ կը տեսնէ, քան կը լսէ։ Այս կը նշանակէ, թէ խօսքէն աւելի ազդո՛ւ է գործը, այսինքն տիպարը, որ կը տպաւորէ մարդը։

Կրօնական ազատութեան եւ հասարակաց բարիքին պատշաճող յարգանքը կը պահանջէ հրապարակային օրինակ՝ որ պիտի ծառայէ բոլորին եւ իրենց աւանդութիւնները պահպանելու միջոց՝ որ պիտի նպաստէ մարդկային ընկերութեան հոգեւոր կեանքին։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անձ պէտք է զգոյշ ըլլայ «բարի օրինակ» ըլլալու ուրիշին եւ զգուշանայ նաեւ առանց անհրաժեշտութեան ուրիշին պարտադրելու ի՛նչ որ արգելք պիտի ըլլայ անոր հոգեւոր կեանքին աճման։ Այս իմաստով «բարի օրինակ» ըլլալ՝ պարտաւորութիւն մըն է մարդուս, որ պատասխանատու կը դարձնէ ուրիշին կեանքի ընթացքին։ Այն որ «բարի օրինակ» չ՚ըլլար ուրիշին, պատասխանատո՛ւ է անոր գործած չար արարքներուն։ Այս պատասխանատուութիւնը աւելի եւս կ՚աւելնայ, երբ տիպար ըլլալու հանգամանքը կու գայ անոր դիրքէն, զոր օրինակ, ծնողք, դաստիարակ, ուսուցիչ, եւ այլն։

Զոր օրինակ, եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու պարտականութիւնը կը մղէ քրիս-տոնեաները գործելու իբրեւ «Աւետարանի վկաներ» եւ Աւետարանէ բխող պարտաւորութիւններուն։ Այս վկայութիւնը փոխանցումն է հաւատքին՝ խօսքով եւ մանաւանդ գործո՛վ։ Վկայութիւնը, այսինքն գործով օրինակ ըլլալը արդարութեան արարք մըն է, որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը կամ կը ճանչցնէ զայն. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 16)։ Ուստի, հաւատացեալը պարտաւո՛ր է ցուցաբերել իր կեանքին օրինակով ամէն ճշմարտութիւն՝ որ պիտի հաստատէ խօսքին վկայութիւնը։ Աւանդութիւնը կը փոխանցէ ի՛նչ որ ընդունուած է ուսուցումներէ եւ ուսուցանողներու կեանքի օրինակէն։ Այս իմաստով, Յիսուս Իր ամբողջ կեանքով մեր տիպարը կը հանդիսանայ (ՀՌՈՄ. ԺԵ 5) եւ (ՓԻԼ. Բ 5)։ Ան որպէս կատարեալ մարդ, իր իսկ օրինակով կը հրաւիրէ մեզ Իրեն աշակերտելու եւ Իրեն հետեւելու։ Ան Իր ունայնացումով՝ Իրեն նմաններու օրինակը տուաւ մեզի, Իր աղօթքով՝ մեզ կը քաշէ աղօթքի (ՂՈՒԿ. ԺԱ 1), Իր աղքատութեամբ՝ կոչ կ՚ընէ ազատակամ ընդունելու չքաւորութիւնը եւ հալածանքները (ՄԱՏԹ. Ե 11-12)։ Քրիստոս այնպէս կը գործէ, որ Իր ապրածը մե՛նք ալ կարենանք Իր մէջ ապրիլ եւ Ինք ապրի զայն մեր մէջ։

Ուստի մենք կոչուած ենք Անոր հետ մէ՛կ ըլլալու այն կեանքը՝ զոր Յիսուս մեզի համար եւ իբրեւ մեր տիպարը Իր մարմինին մէջ ապրեցաւ, անոր մեզ հաղորդակից կը դարձնէ իբրեւ անդամները Իր Մարմինին։

«Մենք ապրինք Իր օրինակով՝ պարտինք շարունակել եւ մեր անձին մէջ իրականացնել Յիսուսի կեանքին գոյավիճակները եւ խորհուրդները եւ ստէպ Իրեն աղօթել, որպէսզի Ան զանոնք իրենց լրումին եւ կատարումին հասցնէ… Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին ծրագիրը ունի մեր եւ Եկեղեցւոյ մէջ մեր մասնակցութիւնը յառաջ բերելու եւ Իր խորհուրդներուն ծաւալումը եւ շարունակութիւնը իրականացնելու, շնորհքներով՝ զորս կ՚ուզէ հաղորդել մեզի եւ արդիւնքներով՝ զորս կ՚ուզէ գործել մեր մէջ այս խորհուրդներուն միջոցով։ Եւ այսպէս՝ զանոնք կատարել մեր մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհաննէս Էօտ։

Մարիամի եւ Յովսէփի Իր հնազանդութեամբ, ինչպէս նաեւ Նազարէթի մէջ Իր երկար տարիներու խոնարհ աշխատանքով, Յիսուս ընտանիքին եւ աշխատանքին ամէնօրեայ կեանքին մէջ իրագործուած սրբութեան օրինակը կու տայ մեզի՝ Իր իսկ կեանքով։

Յիսուս կոչ կ՚ընէ Իր աշակերտներուն, որ «առնեն իրենց Խաչը եւ Իրեն հետեւին», որովհետեւ «Ան Խաչը առաւ, չարչարուեցաւ մեր բոլորին համար, գծեց ուղին որ հետեւինք Իր քայլերուն» (Ա ՊԵՏ. Բ 21)։ Արդարեւ, Ան չուզեց որեւէ բան իր աշակերտներէն՝ որ Ինք օրինակը չէ եղած իր ուզածին՝ ինչպէս Խաչը առնել եւ հետեւիլ Իրեն…։

Ուստի մահով՝ Աստուած մարդը դէպի Իրեն կը կանչէ։ Այս պատճառով քրիստոնեան կարող է մահուան հանդէպ զգալ Պօղոս առաքեալի բաղձանքը. «Ես կը ցանկամ մեկնիլ եւ ըլլալ Քրիստոսի հետ» (ՓԻԼ. Ա 23), մարդ կրնայ նաեւ իր մահը Հօր հանդէպ հնազանդութեան եւ սիրոյ ներգործութեան մը վերածել, ըստ Քրիստոսի օրինակին։ Նաեւ դրամ հանգանակելու միշտ այժմէական սովորութիւնը կը ներշնչուի Քրիստոսի օրինակէն՝ որ աղքատացաւ մեզ հարստացնելու համար։ Եւ երբ Յիսուս կը պատուիրէ ներել նաեւ մեր թշնամիներուն, ասիկա չի մնար միայն խօսք, այլ Ինք ալ ներելով կենդանի օրինակ մը կ՚ըլլայ ներողամտութեան։ Ուրեմն մեր ճշմարիտ եւ «բարի օրինակ»ն է Յիսուս, որ Իր ամբողջ կեանքը եղաւ օրինակ մը՝ այն բոլորին համար որ պատուիրեց մարդոց…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 13, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019