ՇԱՆԹ ՔԵՇԻՇԵԱՆ. «ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՆՇԱՆ Է»

Ի զուր չէ ըսուած, որ մայրաքաղաքը երկրի մը իսկական հայելին է։ Հոն է, որ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ գործընթացները պատրաստող դէպքեր ու հոն է նաեւ, որ կը վճռուի երկրի իրական ճակատագիրը։ Վերջին ամիսներուն Դամասկոսի մէջ կարեւոր դէպքեր արձանագրուեցան։ Խօսքը յատկապէս մէկէ աւելի արաբական դեսպանատուներու վերաբացման մասին է, որ քաղաքական առումով ալ կարեւոր եւ ուղենշային իրադարձութիւն կը համարուի։

Չմոռնանք, որ Դամասկոսի մէջ գոյութիւն ունի հայկական պատմական համայնք մը, որ հակառակ պատերազմի ամբողջ թոհուբոհին, շարունակեց իր կեանքը եւ այսօր ալ վառ յոյսերով կը նայի ապագային։

Դամասկոսի վերջին զարգացումները, մայրաքաղաքի ընդհանուր իրավիճակն ու հայկական համայնքի առօրեան փորձեցի ամփոփել դամասկահայ գործիչ՝ Շանթ Քեշիշեանի հետ իմ կատարած հարցազրոյցով։

*

-Ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէր Դամասկոսի մէջ տօնական օրերուն եւ ինչպէ՞ս պատրաստուեցաք նշելու տօնական օրերը:

-Դամասկոսի մէջ ներկայիս կը տիրէ խաղաղ վիճակ: Անցնող ապրիլ ամիսէն սկսեալ քաղաքի ապահովական իրավիճակը աստիճանաբար կը լաւանայ: Անշուշտ այս կապուած է Դամասկոսի շուրջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ եղած շրջաններու ազատագրումով, որ ինչպէս գիտէք, յաջորդաբար տեղի ունեցաւ, նախ զինուորական գործողութիւններով, ապա համաձայնութիւններով, որոնց հիման վրայ զինեալները յանձնեցին տարածքները ու շատեր մեկնեցան տակաւին զինեալներու հակակշռին տակ գտնուող Իտլիպ նահանգը:

Քրիստոնէական տօները Դամասկոսի մէջ ալ զգալի կերպով կը նշուին, անշուշտ շնորհիւ պետութեան քաղաքականութեան, որ կը յարգէ փոքրամասնութիւններու կրօնական տօներն ու աւանդութիւնները: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով քրիստոնէական եւ մահմետական տօները նշուեցան առանց հրասանդերու, ռումբերու ու պայթումներու։ Քաղաքին մէջ տիրող տօնական մթնոլորտը զգալի էր: Փողոցները զարդարուած էին ու լուսաւորուած, մանաւանդ քրիս-տոնէաբնակ շրջանները: Տօնական զարդարանքները անգամ մը եւս երեւցան տուներու լուսամուտերէն: Ապպասիին հրապարակը, որ ամենավտանգաւորներէն մէկն էր ու կը գտնուի Ժոպար ու Այն Դարմա գիւղաքաղաքներուն շատ մօտիկ, ուր տեղի ունեցած էին ահաւոր մարտեր ու բազմաթիւ անգամներ հրապարակը թիրախ դարձած էր ռմբակոծումներու, այս տարի այնտեղ զետեղուած էր հսկայ տօնածառ մը, որուն բացումը կատարուեցաւ մեծ շուքով: Այսպէս էր այս տարուան տօնական վիճակը: Պապ Թումայի ամայացած թաղերն ու շուկաները, անգամ մը եւս խճողուած էին եւ ոչ միայն շրջանի բնակիչներով, այլ ամէն տեղէ եկած սուրիացիներով, որոնք կ՚ուզէին վայելել տօնական մթնոլորտը։

Նշեմ, որ անցնող օրերուն կազմակերպուեցան քանի մը սկաուտական տողանցքներ, որոնք շրջեցան Պապ Թումայի, Քասսահի եւ այլ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ: Տեղի ունեցան Ս. ծննդեան նուիրուած երգչախմբային համերգներ, մանաւանդ նշանաւոր Ալ Ֆարահ (Յոյն կաթողիկէ) երգչախումբին կողմէ։ Ի դէպ, ըսեմ նաեւ, որ այս երգչախումբը Սուրիոյ պատերազմի ամենատագնապալի օրերուն ալ շարունակեց իր գործունէութիւնը, տալով նահատակներ, որոնք զոհուեցան երգչախումբի փորձի երթալու ճամբուն վրայ:

Իսկ հայկական առումով, ներկայ ապահով վիճակը խթանեց միութիւններու գործունէութիւնները: Տեղի ունեցան երկու շատ յաջող Ս. ծննդեան նուիրուած տօնավաճառներ, մին՝ կազմակերպութեամբ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղին, միւսը՝ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան Տիկնանց վարչութեան: Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանին վայելող «Երազ» մանկապատանեկան երգչախումբը նոյնպէս տօներու նուիրուած ելոյթ մ՚ունեցաւ եւ այսպէս տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:

-Արդեօք քաղաքի ապահովական վիճակը կայո՞ւն է։ Ընդհանրապէս քաղաքին մէջ տեղաշարժը, մարդոց կեանքը, առօրեայ գործերը սահուն կ՚ընթանա՞ն, թէ՞ որոշ սահմանափակումներ կան տակաւին։

-Դամասկոսի մէջ ապահովական վիճակը կրնանք համարել կայուն: Անցնող քանի մը ամիսներուն ապահովական առումով յատկանշական որեւէ խախտում չնկատուեցաւ: Ապահովական վիճակի բարելաւումով ալ քաղաքին մէջ տեղաշարժը դարձաւ աւելի հեզասահ: Տագնապի օրերուն քաղաքին մէջ տեղակայուած էին բազմաթիւ անցարգելներ, որոնք շատ խիստ ստուգումներ կը կատարէին: Բազմաթիւ փողոցներ, հրապարակներ ամբողջովին փակ էին, որուն պատճառով ալ սահմանափակուած էր մարդոց տեղաշարժը: Պետական շէնքերու շուրջ զետեղուած էին հսկայ պարիսպներ: Այս ամէնը այսօր աստիճանաբար կը վերանան, անցարգելները շատ նուազեցան ու քաղաքի գրեթէ բոլոր փողոցներն ու պողոտաները բաց են: Անշուշտ այս ամէնը քաղաքին մասին է, սակայն ազատագրուած շրջաններ մուտքն ու ելքը տակաւին սահմանափակուած է: Բանակը պարբերաբար կը յայտարարէ, որ պիտի վերացնէ վտանգաւոր համարուող գետնանցքներն ու զինեալներուն թողած խրամատերը: Այդ շրջաններէն շատերը տակաւին անմարդաբնակ են, բազմաթիւ փլած շէնքերով, որոնց վերաշինութիւնն ու վերակերտումը մեծ աշխատանքներու, ծրագիրներու ու ջանքերու կը կարօտի:

Քաղաքին մէջ զգալի աշխուժութիւն կը տիրէ: Շատ մը վաճառատուներ վերանորոգուած են, մարդոց գործերը կ՚ընթանան բնականոն կերպով: Անշուշտ որ պատերազմի պատճառած վնասները շատ են ու դիւրաւ չեն սպիանար: Շատեր կորսնցուցած են հարազատներ, տուն-տեղ, աշխատանք, քաղաքին մէջ տակաւին կ՚ապրին բազմաթիւ գաղթականներ: Երկրի տնտեսական վիճակն ալ անշուշտ մեծ անկում ապրած է: Սուրիական դրամանիշի անկումը, կրկնուող վառելանիւթի տագնապները մանաւանդ ձմրան պաղ օրերուն, ելեկտրականութեան ընդհատումներու վերադարձը, մարդոց եկամուտներու անբաւարարութիւնը շատ ցաւալի խնդիրներ են, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին բազմաթիւ դամասկաբնակներ: Այդուհանդերձ կրնանք հաստատել, որ Դամասկոսի մէջ վիճակը էապէս փոխուած է դէպի լաւը: Վստահաբար այլ քաղաքներ եւս ներկայիս կը գտնուին աւելի տանելի պայմաններու մէջ, ինչպէս՝ Լաթաքիա, Հոմս, Թարթուս, Հալէպ եւ այլն: Անշուշտ այս բոլորը կապուած է ընդհանուր ապահովական իրավիճակի բարելաւման հետ, որուն նաեւ կը յաջորդեն քաղաքական բարելաւումի նշաններ: Յորդանանի հետ սահմանի բացումը, Արաբական Էմիրութիւններու ու Պահրէյնի տարիներէ ի վեր փակ դեսպանատուներու վերաբացումը ցուցանիշներ են իրավիճակի մեղմացման ու Սուրիոյ հանդէպ թշնամական կեցուածքներու աստիճանաբար վերացման:

-Վերջին շրջանին Իսրայէլ քանիերորդ անգամն է, որ կը հարուածէ Դամասկոսը եւ զանազան թիրախներու կ՚ուղղէ իր հրթիռները, սական յստակ տուեալներ կը պակսին, թէ ի՞նչ կը կատարուի իսկապէս Դամասկոսի մէջ, ի՞նչ տեղեկութիւն կրնաք տալ այդ մասին:

-Իսրայէլի ոտնձգութիւնները Սուրիոյ հանդէպ բազմաթիւ անգամներ կրկնուեցան տագնապի անցող տարիներուն եւ աւելի առաջ: Թիրախները սովորաբար, ինչպէս կը տեղեկացնէ Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը, կ՚ըլլան քաղաքին շուրջ տեղակայուած զինուորական ստորաբաժանումներ եւ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի շուրջ գտնուող որոշ կառոյցներ: Նախապէս հարուածուեցան Դամասկոսի մօտ գտնուող գիտահետազօտական կեդրոններ, նոյնպէս Լաթաքիոյ եւ այլ քաղաքներու շուրջ գտնուող կեդրոններ:

Իսրայէլ ոչ մէկ անգամ Դամասկոս քաղաքի կեդրոնական մասը հարուածեց, սակայն արուարձաններն ու շրջակայքը ենթարկուեցան նման հարուածներու: Վերջերս կատարուած հրթիռային յարձակումի ժամանակ, ինչպէս նախորդ անգամները, լսուեցան հզօր պայթումներ, պարզ աչքով տեսանելի էին նաեւ սուրիական հակաօդային համակարգի հրթիռները, որոնք արձակուեցան ու ըստ պետական տուեալներուն, յաջողութեամբ դէմ դրին ու վար առին բազմաթիւ հրէական հրթիռներ: Այս հրթիռային յարձակումներուն հետեւանքով Դամասկոսի մէջ կեանքի բնականոն ընթացքը չխանգարուեցաւ: Ափսոս, սակայն, որ այս անարդար յարձակումներու պատճառաւ կը նահատակուին զինուորներ, կը վիրաւորուին շատերը ու նիւթական վնասներ կ՚արձանագրուին:

-Գիտենք, որ դուք աշխոյժ անդամներէն էք Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքին։ Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքին կապակցութեամբ։

-Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ համայնքը ունի հայախօս զաւակներ, ինչպէս նաեւ արաբախօսներ՝ որոնք թիւով աւելի շատ են: Տագնապի տարիներէն առաջ բաւականին աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ կաթողիկէ միութիւնը, տանելով մշակութային ու դաստիարակչական աշխատանք: Ինչպէս գիտէք, Սուրիոյ տագնապի հետեւանքով յառաջացաւ գաղթի ալիք մը, որ բաւականին նօսրացուց հայութեան թիւը թէ՛ Հալէպի եւ թէ Դամասկոսի մէջ ու ամէն տեղ, որուն պատճառով Հայ կաթողիկէ համայնքի հայախօս հատուածը, որ արդէն փոքրաթիւ էր, մեծապէս տուժեց: Հայ կաթողիկէ միութիւնը կորսնցուց իր գործօն տարրերու եւ երիտասարդներու մեծ տոկոսը: Այդպէս ըլլալով հանդերձ, միութիւնը շարունակեց ու կը շարունակէ գործել եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Տիկնանց վարչութիւնը ունի աշխոյժ գործունէութիւն, իսկ ներկայիս վերահաստատուած ապահովութիւնը բազմաթիւ կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ վերակազմակերպելու համար գործունէութիւնը՝ միութեան, որ այս տարի կը բոլորէ իր 75-ամեակը:

Ինչ կը վերաբերի համայնքի եկեղեցական կառոյցին, ան պատերազմի տարիներուն գործեց ու ներկայիս ալ կը գործէ անխափան, գլխաւորութեամբ համայնքի առաջնորդ Արհի. Տ. Յովսէփ Եպսկ. Առնաութեանի, որ պաշտօնի վրայ է 1997 թուականէն ի վեր: 2010 թուականէն ի վեր համայնքի ժողովրդապետն է Գերապ. Գէորգ Վրդ. Պահէեան, որ նոյնպէս կը վարէ դպրոցներու տնօրինութիւնը:

Համայնքը ունի դպրոց, որ կը գործէ եկեղեցւոյ կից, նախակրթարանի՝ «Փարոս» վարժարան եւ երկրորդական եւ միջնակարգ՝ «Լոյս» ճեմարան, բաժիններով: Դպրոցը ունի մեծ թիւով աշակերտութիւն ու այս տարի ապահովական վիճակի բարելաւումով շատ լաւ տարեշրջան մը կը բոլորէ, ափսոս որ հայ աշակերտները մեծամասնութիւն չեն կազմեր, բայց անոնք ունին իրենց հայերէն լեզուի դասապահերը: Պատերազմի տարիներուն բազում անգամներ դպրոցն ու եկեղեցին թիրախ դարձան հրասանդերու, ունենալով նահատակ մը ու վիրաւորներ: Համայնքն ու Հայ կաթողիկէ միութիւնը աշխոյժ մասնակցութիւն ունին գաղութային կեանքին մէջ, լաւագոյն յարաբերութիւններ ունենալով հայոց թեմի առաջնորդութեան ու ներկայ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանին հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններուն հետ անխտիր: Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող «Ամինեան» սրահը գաղութ մշակութային գործունէութիւններու նախընտրուած վայրն է:

Այս է ընդհանուր պատկերը համայնքին, իսկ արաբախօս տարրը, նոյնպէս կապուած է եկեղեցւոյ: Շատեր մեծապէս կը հետաքրքրուին հայկական հարցերով ու հայութեամբ:

Նշեմ, որ համայնքի մեծագոյն բարերարները եղած են Քուտսի ընտանիքի անդամները, որոնք 1950-ական թուականներուն գնած են տարածքը, ինչպէս նաեւ շինել տուած են դպրոցի շէնքը, «Ամինեան» սրահն ու եկեղեցւոյ կից միւս շինութիւնները ու համայնքին նուիրած: Համայնքէն ներս նաեւ ներկայութիւն են Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրերը, որոնք ունին իրենց վանքը, նոյնպէս «Ծաղկանց» մանկապարտէզը, Պապ Թումա շրջանին մէջ, եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու:

Յոյսով ենք, որ ամբողջ Սուրիան շուտով կը վերագտնէ լիակատար խաղաղութիւն ու կարելի կ՚ըլլայ վերականգնել այն ինչ, որ պատերազմի տարիներուն կորսնցուցինք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019