ԱՐԱԲԿԻՐՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­րաբ­կիր­ցի հա­յոց ըն­տա­նե­կան ընթ­րի­քը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կած են Օն­նիկ Նալ­պանտ­ղա­զա­րօղ­լու եւ Ժը­նեւ Քիւրք­ճիւ Ա­նա­տոլ։ Ս. Զատ­կուան շրջա­նին զու­գա­դի­պած ճաշ­կե­րոյ­թը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է ա­րաբ­կիր­ցի­նե­րու մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Խոս­րով Քիւրք­ճի­ւօղ­լուի ջան­քե­րով մաս­նա­ւոր նուա­գա­խումբ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է շրջա­նի ե­րաժշ­տու­թե­նէն նմոյշ­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած են Պօ­ղոս Հե­ճի­նօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Այս­պէ­սով ա­րաբ­կիր­ցի­նե­րը տօ­նա­կան շրջա­նի հրճուան­քը ըմ­բոշխ­նած են ի­րա­րու հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015