ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՈՒԱԹ Է ՈՒՈՆՏԸՐՖՈՒԼ ՈՒՈՐԼՏ-ԼՈՒԻ ԱՐՄՍԹՐՈՆԿ – (WHAT A WONDERFUL WORLD – LUIS ARMSTRONG)

Լուի Արմսթրոնկի վերջին հիթը եղաւ «What a wonderful world» երգը, զոր ան կատարեց 66 տարեկան հասակին՝ մահէն չորս  տարի առաջ։ Երգի ճակատագիրը կրնար բացարձակապէս այլ ըլլալ, եթէ Թոնի Պեննըթ համաձայնէր կատարել զայն։ Թոնին հրաժարեցաւ կատարել, եւ Լուին իր ուրոյն ոճի մէջ մեկնաբանելով երգը, զայն դարձուց ճազի դասական նմոյշներէն մէկը։

1960-ականներու կէսերուն Լուին կը համարուէր կենդանի առասպել։ Ան հասցուցած էր երգել բազմաթիւ  երգեր, որոնք դարձած էին հիթեր եւ  հսկայական ներդրում ունէին ճազի կայացման գործին մէջ։ Ան նոր ու յայտնի խումբերու հետ կը մրցակցէր։ 1964 թուականին անոր Hello Dolly երգը Պիլպորտ Հաթ 100-ի առաջին տեղէն իջեցուց Պիտըլզ խումբը, որ տարբեր երգերով տասնչորս շաբաթ շարունակ առաջին տեղը կը զբաղեցնէր։

Երեք տարի անց արտադրող Պոպ Տիլըն ու երգահան Ճորճ Տէյվիտ Վայսն Արմսթրոնկին առաջարկեցին  երգել «What a wonderful world» երգը, ան նոյն ժամանակահատուածին զբաղած էր նոր հաւաքածոյի համար նիւթեր հաւաքելով։ Հեռաձայնային զրոյցի միջոցով Լուին համաձայնեցաւ կատարել  երգը եւ Տիլընն ու Վայսը մեկնեցան Լաս Վեկաս՝ արարելու երգը։ Աշխատանքի անցան գիշերուայ 2-ին եւ երգի վրայ աշխատեցան ամբողջ գիշերը։ Անոնց աշխատանքները կը խանգարէր ABC Records արուեստանոցի նախագահ  Լարի Նիւթընը, որուն կարծիքով, պէտք էր շարունակել  Hello Dolly երգի յաջողութիւնները եւ նոր երգը նոյնպէս պէտք էր կազմել նոյն ուրախ ոճի մէջ։ Ան բացարձակապէս դէմ էր նոր երգի թախծոտ գործիքաւորման եւ կատարման։ Ան այնքան աշխոյժ ու յամառօրէն կը միջամտէր, որ  երաժիշտները ստիպուեցան զինք դուրս հանել արուեստանոցէն։ Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ այդ ժամանակ ձայնագրութիւնները կը կատարուէին մէկ անգամէն եւ առանց  համակարգչային միջամտութիւններու, իւրաքաչիւր խանգարող բան կրնար կանգնեցնել աշխատանքները։ Մի քանի անգամ անոնք ստիպուած էին դադրեցնել ձայնագրութիւնը անցնող գնացքի պատճառով, մի քանի անգամ ալ՝ աղմկող ու միտնումնաւոր խանգարող Նիւթընի պատճառով։  Այնուամենայնիւ երգը ձայնագրուեցաւ եւ աշխատանքները աւարտին հասան լուսաբացի մօտ։

Երգը թողարկուեցաւ սինկըլ (մենակատար) տարբերակով՝ 1967 թուականին։ Լարի Նիւթըն վերջապէս հնարաւորութիւն ունեցաւ  իր ձեւով «վրէժ» լուծել անոնցմէ։ Երգի ձայնագրումէն ետք ան երկար ժամանակ կը հրաժարէր զայն հանել հրապարակային արտադրութեան եւ երգը ուղղակի կը մնար ABC Records  ձայնագրութեան արուեստանոցի պահեստային դարակներու մէջ։ 1968 թուականին «What a wonderful world»ը թողարկուեցաւ Բրիտանոյ մէջ եւ զբաղեցուց բրիտանական  հիթշքերթներու առաջին դիրքերը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջուայ նման Նիւթըն կը հրաժարէր զայն հանել հրարարակային արտադրութեան։

 Ամէն ինչ փոխուեցաւ, երբ  Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական իրավիճակը  սրեցաւ Վիեթնամի պատերազմի դէմ շարժումի եւ ցեղային խտրականնութիւններու պատճառով։ Մարդիկ կը կարծէին, որ Արմսթրոնկ  իր կատարումով կրնար լարուած իրավիճակները շտկել եւ յաճախ կը խնդրէին անոր երգել հաւաքներու եւ  բողոքի շարժումներու ժամանակ։ Լուի երբեք չէր մերժեր եւ հաճոյքով կ՚երգէր ամէն յարմար առիթի։

Հակառակ այս բոլորին, երգը բոլորի կողմէ չընդունուեցաւ։ Կային մարդիկ, որոնք Արմսթրոնկը կը մեղադրէին սպիտակներուն հաճոյանալու մէջ։ Առիթով մը ան այս բոլորի մասին ըսած է․ «Երիտասարդներ, ձեզմէ շատեր ինծի կ՚ըսեն. «Հէյ, թանկագին, ինչ կ՚ուզես ըսել այս ամէնով։ Ին՞չ հիասքանչ աշխարհ։  Չե՞ս տեսներ պատերազմը ամէնուր է։ Դուն անիկա զարմանալի՞ կը համարես»։  Լսեցէք ծերուկիս։ Ես կը կարծեմ, որ ոչ թէ աշխարհը վատ է, այլ այն բոլորը, ինչ որ մենք կ՚ընենք անոր հետ։ Եւ ես կ՚ուզեմ ըսել, որ աշխարհը կրնայ հիասքանչ ըլլալ, եթէ մենք անոր հնարաւորութիւն տանք։ Սէր, փոքրիկներս, սէր։ Ասոր մէջ է գաղտնիքը»։           

Երբ Արմսթրոնկ մահացաւ, երգը վերաթողարկեցին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ երգը իսկական հիթ դարձաւ միայն 1988 թուականին, երբ ցուցադրուեցաւ Պարի Լեւին-սընի «Բարի լոյս Վիեթնամ»  շարժապատկերը,  Ռոպին Ուիլիըմսի մասնակցութեամբ։ Շարժանկարին մէջ կենսուրախ երգը մեծ հակադրութիւն կը յառաջացնէ պատերազմական դաժան  տեսարաններուն հետ։ Շարժապատկերի յաջողութիւններէն ետք երգը նոր շունչ ստացաւ եւ կրկին վերաթողարկուեցաւ։

1999 թուականին երգը մտաւ  «Կրեմի»ի Փառքի սրահի երգերու շարքի մէջ։

Երգը անկասկած 20-րդ դարու լաւագոյն եւ ամենասիրուած երգերէն մէկն է, իսկ Լուի Արմսթրոնկը՝ դարու առասպելական կատարողներէն մէկը, որուն երգերը դեռ շատ երկար տասնեակ տարիներ պիտի շարունակեն մնալ հազարաւոր մարդոց սիրելի երգերը։              

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2019