Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն։ Այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին դպրոցէն՝ մինչ տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան։ Երեկոյթի ընթացքին շրջանաւարտները ունեցան հաճելի ժամանց, մինչ ոգեւորութեամբ հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։
Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019