ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ՄՈԼԵԳՆԱԾ (OBSESSED) ԿԻՆԸ…
Թանիա Ռիքարտօ 30-ամեայ ամուսնալուծուած կին մըն է, որ կ՚ապրի Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին շրջակայքը։ Անոր կեանքին երազն էր նմանիլ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Իշխանուհի Մեկըն Մարքըլի…
Առ քեզի ցնորական երազ՝ որուն իրականացման համար ան ծախսած է 30 հազար տոլար եւ ենթարկուած ութ գեղագիտական գործողութեանց, որ տեւած է վեց ժամ։
Թանիայի գեղագիտական վիրաբոյժն է Հիւսթընէն Տքթ. Ֆրենքլին Ռոզ։ Թանիային բարեկամները իրեն ըսած են, որ դուն խենթ ես՝ որ նմանօրինակ ոչ-անհրաժեշտ գործողութեանց կ՚ենթարկես ինքզինքդ, վասն մոլեգնութեան։ Իսկ ան պատասխանած է, թէ երբեք հոգը չէ, միայն թէ նմանի Բրիտանիոյ Սասեքսի իշխանուհիին!
Գիտենք, որ Անգլիոյ իշխանուհի Մեկըն Մարքըլի հայրը ճերմակամորթ է, իսկ մայրը՝ սեւամորթ։ Թանիան ալ Սասեքսի իշխանուհիին նման սերած է երկցեղ (biracial) ծնողներէ։ Թերեւս այս է բուն պատճառը, որ ան կ՚ուզէ նմանիլ իր հիացմունքի առարկայ իշխանուհիին…
Թանիայի հարազատներն ու բարեկամներու սեղմ շրջանակը զինք այպանած են անտեղի գործողութեանց ենթարկուելուն համար։ Սակայն իր ընկերը (boyfriend) Մայքըլ Տանքըն՝ ոչ թէ միայն քաջալերած է զինք, այլեւ համբոյրով մը առաջնորդած է զինք դէպի գործողութեան սենեակը եւ իրեն մաղթած է յաջողութիւն։
Առ քեզի երկու չափ՝ երկու կշիռի եզակի երեւոյթ մը, ուր մարդիկ չեն վարանիր իրենց կարծիքը յայտնելու՝ երբ գտնուին հակամարտ (controversial) իրավիճակի մը դէմ յանդիման։ Ըստ իս, մոլեգնած այս կնկան ցնորքը պէտք չէ իսկ նիւթ դառնայ լրատուական միջոցներուն՝ որպէսզի նմանօրինակ դէպքեր չընդհանրանան մեր ընկերային այլապէս բարդ կեանքերուն մէջ եւ վերջ։
Որո՞ւն հոգը, որ կին մը կ՚ուզէ նմանիլ իշխանուհիի մը, որ կ՚ապրի իրմէ մղոններ անդին՝ ովկիանոսին միւս կողմը!
ԽԵԼԱԳԱՐ ՎԱՐՈՐԴԸ…
Այս դէպքը պատահած է Ֆլորիտա նահանգի Լէյքլընտ քաղաքին մէջ։ Լէոնարտ Օլսըն 70 տարեկան մարդ մըն է, որ իր «Քատիլաք» տիպի ինքնաշարժով ժամական 100 մղոն արագութեամբ կը սուրար ազատուղիին վրայ, երբ ոստիկանները ձերբակալեցին զինք։
Առաւել, կարծես վերոյիշեալ արագութիւնը բաւարար չէր, ան իր ինքնաշարժը ինքնավար դրութեան մէջ (cruise control) դնելէ ետք, ինքնաշարժի երդիքի պատուհանէն (sunroof) դուրս ցցուած եւ թեւերը լայն պարզած կ՚ընթանար ուախ-զուարթ։
Այս վարմունքով, կարծես ան կ՚ուզէր նմանիլ «Թիթանիք» ֆիլմի այն պատկերին, ուր սիրահարուած աղջիկն ու մանչը նաւուն յառաջամասին իրենց թեւերը լայն պարզած՝ ուրախ ժամանակ մը կ՚անցընէին, չէ՞ք խորհիր!
Երբ մեր հերոսը ձերբակալուելով ոստիկանատուն կ՚առաջնորդուի, ան կ՚աղաչէ զինք հարցաքննող ոստիկանին, որպէսզի զինք իր տունը չտանի, այլ կը նախընտրէ բանտ երթալ։ Այսպիսի խնդրանքի մը առաջին անգամ ըլլալով հանդիպելուն, ոստիկանը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ։
Եւ ահա հերոսին անկեղծ պատասխանը։ Ան կ՚ըսէ, թէ զզուած է կնոջմէն, որ զինք կը գործածէ որպէս ծառայ… Արդեօք առանձի՞ն է Պրն. Օլսըն իր այս իրավիճակին մէջ, շատ կը կասկածիմ։
Սակայն մարդիկ քաջութիւնը չունին ազատօրէն արտայայտուելու իրենց տառապանքին մասին եւ կը նախընտրեն լուռ անցնիլ, ալեկոծութիւն չստեղծելու համար՝ իրենց ընտանեկան յարկին տակ։ Այս կացութիւնը ես պիտի որակէի որպէս «լուռ ցաւեր», որ վստահ եմ վարակած է մեզմէ շատերը։
Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ երբ ոստիկանութիւնը վերջապէս կը կասեցնէ արագ սուրացող ինքնաշարժը, անոր արագութիւնը արդէն նուազելով հասած էր 40-ի, ինչ որ աւելի դիւրին է ղեկավարելը։
Բարեբախտութիւնը այս տարօրինակ դէպքին այն է, որ այդ ինքնաշարժը արագ սուրալով՝ որեւէ արկածի չէ հանդիպած եւ որեւէ վնաս չէ հասած մէկու մը! Կարծես, ամէն չարիքի ետին՝ բարիք մը կայ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ