ՆԿԱՐԱԳՐԻ ԽՈՐՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

Մարդ միշտ վստահելի մէկը կ՚ուզէ իր շուրջ, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ կոչուած է օգնելու իր նմանին։ Այս կը նշանակէ որ ո՛չ մէկը ինքնաբաւ է եւ միշտ ունի տկար եւ թերի կողմ մը, որ կրնայ ամբողջացնել ուրիշի մը օգնութեամբ, ինչ որ վստահութիւն կը պահանջէ։

Բայց պէտք է բծախնդիր ըլլալ վստահութեան հարցին մէջ, քանի որ մէկու մը վստահելու համար մարդուս նկարագիրը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Ուստի պէտք չէ՛ վստահիլ այն մարդոց, որոնք «նկարագրի խորք» չունին։

Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «նկարագրի խորք չունենալ»։

«Նկարագիր»ը անձին ի՛նքն է. անոր բարքը, վարքը, բարիի կամ չարի մէջ ուղղութիւնը, այն ինչ որ անձը կը կազմէ իր բոլոր երեսակներով։ Զոր օրինակ. նկարագրի խորք, ամուր նկարագիր ունի այն անձը՝ որուն մտածումը, խօսքը եւ գործը համապատասխան են։ Այս իմաստով մէկու մը վստահելու համար անոր նկարագիրը կարեւոր է, որ կ՚ենթադրէ «անկեղծութիւն»։ Կան մարդիկ, որոնք այսօր կը կենան սկզբունքի մը վրայ, անոր պաշտպանը կ՚ըլլան, վաղը՝ անակնկալօրէն կը դրժեի զայն. այսօր մարդասէր են, վաղը՝ մարդատեաց, եւ կամ այսօր քրիստոնեայ, վաղը՝ հեթանոս։ Այսպիսի մարդիկ այսօր պարկեշտ են, վաղը՝ խաբեբայ. այսօր կը սիրեն, վաղը կ՚ատեն… եւ ինչպէ՞ս վստահիլ այդպիսի մարդոց։ Կա՛ն դժբախտաբար ծանծաղամիտ մարդիկ… մանաւանդ նիւթապաշտ եւ շահամոլ ընկերութիւններու մէջ, որոնց բարոյականութիւնը վիճելի է։ Այսպէս, ահաւասիկ, մարդոց զգայնութիւնը չարին եւ բարիին մասին՝ նօսրացած է, այնպէս որ շատ յաճախ՝ ինչ որ «չար» է կ՚ընդունուի իբրեւ «բարի»։ Արդարեւ, սովորական է եղած լսել յաճախ սա խօսքը. «Բայց ինչո՞ւ մեղք ըլլայ աս…», եւ այս «ինչո՞ւ»ներուն ցանկը հետզհետէ կ՚երկարի. էապէս հերքում մարգարէներուն պատուիրաններուն եւ Աւետարանին։

Կարդա՛նք Քրիստոսի Աւետարանը, եւ ապա՝ «Աշխարհի աւետարան»ը, եւ պիտի տեսնենք թէ՝ երկուքին միջեւ որեւէ նմանութիւն կարելի՞ է գտնել թէ ո՛չ։

Նկարագրի խորք չունեցող մարդիկ, փոփոխամիտ մարդիկ, անվստահելի մարդի՜կ՝ թերեւս գեղ եւ հմայք ունին, արտաքնապէս հմայիչ, հրապուրիչ են, բայց ներքնապէս՝ տգեղ, հակակրելի եւ վանի՛չ. ինչո՞ւ, որովհետեւ նկարագիր չունի՛ն։ Նկարագրի խորք ունենալու համար մարդ պէտք է հաստատամիտ ըլլայ՝ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, իր հաւատալիքներուն, իր «ուղիղ»ներուն։

Ուստի մարդու մը իյնալուն պատճառը միայն արտաքին ազդեցութիւններ չեն, ի՛նքն է պատճառը իր իյնալուն։ Նոյնպէս, մարդը ի՛նքն է՝ մեծ մասամբ, պատասխանատու իր վիճակին։ Արդարեւ, մէկը որ հակակրանք ստեղծած է իր շրջանակին մէջ, ո՞վ է պատճառը. իր շուրջինները՞, թէ ի՛նք, եւ եթէ ան վստահելի է ճանչցուած, ո՞վ է անոր պատճառը։ Ուստի մարդ ի՛նք կը գծէ իր «ճակատագիր»ը՝ իր իսկ արարքներով, շարժուձեւերով եւ կեցուածքով։

Երբեմն ոմանք կ՚ըսեն. «Բնաւ բարեկամ չունիմ, ամէն ոք կը հեռանայ իմ քովէս…»։ Ինչո՞ւ արդեօք. բնաւ խորհած են անոնք, թէ կրնան ըլլալ նոյնինքն իրենք այդ հեռացումին, բարեկամներու անտարբերութեան իրենց նկատմամբ։ «Մա՛րդ զիս չի սիրեր…», կ՚ըսեն ոմանք։ Ինչո՞ւ արդեօք, բնաւ խորհա՞ծ են։

Մարդ կարգ մը բաները պէտք է ինք իրեն վրայ փնտռէ. այլապէս կեանքը անտանելի կ՚ըլլայ։

Ուրեմն լաւ մարդկային յարաբերութիւններ մշակելու առաջին պայմանն է՝ անկեղծութիւնը։ Բայց մէկը երբ անկեղծութիւն կը սպասէ ուրիշէն, պէտք է որ ի՛նք ալ անկեղծ ըլլայ։ Անկեղծութիւնը եւ հաստատամտութիւնը՝ որոնք «նկարագրի խորք ունենալ» կը նշանակեն, արժէք կը ստանան երբ փոխադարձ են։ Ոսկի օրէնք է. «Ի՛նչ որ կ՚ուզես որ ընեն քեզի, կամ ի՛նչպէս որ կ՚ուզես վարուին քեզի հետ ուրիշներ, դո՛ւն ալ անոնց այնպէս ըրէ, անոնց հետ այնպէս վարուէ՛»։ Կեանքի մէջ միակողմանի իրաւունք չկա՛յ, ինչպէս նաեւ միակողմանի պարտաւորութիւն ալ չկա՛յ. ամէն ինչ փոխադարձ է, արդէն հաւաքականութեան, ընկերութեան էութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ՝ մինչեւ իսկ անձնուիրութիւն, զոհողութիւն, որպէսզի երջանիկ ընկերութիւն մը կազմուի։

Մարդ երբ կը դիմադրէ գերազօր ուժի մը դէմ՝ անբաւական ուժով, միշտ իյնալու, կորսնցնելու դատապարտուած է. դիմադրութիւնը միշտ փրկարար չէ. յաճախ՝ կործանարա՛ր։ Նետուած քար մը կը կոտրէ ապակին, բայց ջուրին մէջ կը թաղուի, կը կորսուի, քանի որ քարին ուժը սահման մը ունի եւ ա՛յդքան է։ Չար խօսքերու դէմ ծայրայեղ զգայնութիւն՝ կ՚ենթադրէ դիմադրականութիւն մը, որ վնասակար կ՚ընծայէ չարութիւնը։

Ուստի, մի՛ ստեղծեր ճակատ, որպէսզի նետուած քարը չվիրաւորէ քեզ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 13, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 17, 2019