ՊԱՅԹԻՒՆԱՎՏԱՆԳ ՎԻՃԱԿ…
Հակառակ Արաբական ծոցի զարգացումներուն, Միջին Արեւելքի գերխնդիրը Սուրիոյ տագնապն է…
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները նոր դրութիւն մը ստեղծեցին Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին մէջ։ Խօսքը Արաբական ծոցին մէջ ստեղծուած իրադրութեան մասին է, որ բաւական սրընթաց գործողութիւններով կ՚ընթանայ։ Այսպէս, Օմանի ծոցին մէջ տեղի ունեցած դէպքէն ետք, այս անգամ իրանեան ուժեր վար կ՚առնէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օդային ուժերուն պատկանող անօդաչու սարք մը, որ ըստ իրանեան աղբիւրներու, հատած էր Իրանի օդային տարածքը եւ այդ պատճառով ալ դարձած էր թիրախ «Յեղափոխութեան պահակներ»ու հակօդային հարուածներուն։ Դէպքը կը դառնար միջազգային լրահոսի գլխաւոր նիւթ, մանաւանդ, որ դէպքէն անմիջապէս ետք ամերիկեան հռետորաբանութիւնը կը հասնէր ծայրայեղ մակարդակի։ Դէպքին գիշերը Սպիտակ տան մօտիկ կանգնած լրասփիւռներ կ՚ակնարկէին ոչ միայն Իրանի դէմ կատարուելիք հաւանական հարուածի մը մասին, այլ նաեւ կը հաղորդէին, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս փուլին վճռական տեսակէտ ունի, հետեւաբար Իրանի դէմ հարուածը վստահաբար տեղի պիտի ունենայ։
Սակայն ինչպէս զանազան փուլերու, այս անգամ եւս Ամերիկա կը հրաժարէր Իրանը հարուածելու այլընտրանքէն եւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը ստանար նոր ձեւաչափ։
Տակաւին յստակ չէ, որ ինչ հունի կրնայ տանիլ այսօր առկայ լարուածութիւնը, սակայն մեծ թիւով վերլուծաբաններ կը հաւաստիացնեն, թէ շրջանին մէջ նոր եւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու սկիզբը կանխատեսելի չէ։ Կանխատեսելի չէ մի քանի պատճառաբանութիւններով եւ մի քանի կարեւոր հիմքերով, որոնց մասին կարելի է խօսիլ այլ առթիւ։
Ի դէպ, այս բոլոր զարգացումներուն պատճառով ալ, Միջին Արեւելքի թիւ մէկ համարուող Սուրիոյ խնդիրը կը մղուէր երկրորդ հորիզոնական եւ այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կը դառնային ոչ այնքան կարեւոր։
Թէ ի՞նչ կը կատարուի Սուրիոյ եւ յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, նաեւ այն մասին, թէ ինչպիսի՞ հունի մէջ է սուրիական տագնապը։ Այս մասին աւելի մանրամասն խօսեցայ Դամասկոսի հայ համայնքի աշխոյժ գործիչներէն՝ Սարգիս Պուռունսուզեանին հետ։
*
-Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Դամասկոսի մէջ:
-Բաղդատելով անցեալ տարիներուն, ներկայիս Դամասկոսի ընդհանուր վիճակը լաւ է: Շնորհիւ սուրիական բանակին, Դամասկոսի մէջ որեւէ ապահովական խնդիր չկայ. բան մը, որ վերջին հինգ-վեց տարիներուն մեր ամենամեծ մտահոգոթիւնն էր։ Բազմաթիւ լուրջ հարցեր եւս կային ծառացած Դամասկոսի ժողովուրդին առջեւ. ինչպէս՝ ելեկտրականութեան, ջուրի պակասը եւ վերջին շրջանի տագնապը՝ վառելանիւթի հարցը, որոնք յարաբերաբար լուծուած են։ Ելեկտրականութիւնը գրեթէ 24 ժամ ապահովուած է, նաեւ որոշ չափով՝ վառելանիւթը: Ներկայիս ամենամեծ հարցը տնտեսական տագնապն է: Դամասկոսի, ինպէս նաեւ ամբողջ Սուրիոյ ժողովուրդը, շատ մը տնտեսական հարցերէ կը տառապի։ Այս մէկը անմիջական արդիւնքն է այդ անարդար պաշարումին, որուն ենթարկուած է Սուրիան, նամանաւանդ Ամերիկայի կողմէ: Այսօր այդ տնտեսական ճնշումի եւ պաշարման գինը կը վճարէ Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովուրդը:
-Ի՞նչ է քաղաքին ընդհանուր մթնոլորտը, ի՞նչ են ընդհանուր խնդիրները, դժուարութիւնները եւ տագնապները:
-Մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածները ապահով վիճակի մը մէջ են, սակայն բացի այդ, մօտակայ՝ արեւմտեան եւ արեւելեան արուարձաններուն մէջ վերջին տարիներուն կը գտնուէին մեծ թիւով ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ իբրեւ արդիւնք անոնց դէմ տարուած ռազմական գործողութիւններուն, այդ շրջանները այսօր գրեթէ ամէն ինչէ զրկուած են, բոլոր ենթակառոյցները քանդուած են: Հետեւաբար, այդ արուարձաններու բնակչութեան մեծ մասը այսօր Դամասկոս ապաստանած է, ինչպէս նաեւ այլ նահանգներէ՝ Տարհայէն, Քունայթրայէն, նոյնիսկ Տէր Զօրի արեւելեան շրջաններէն մարդիկ եկած եւ կայք հաստատած են Դամասկոսի մէջ։ Այս իրավիճակն ալ պատճառ դարձած է քաղաքի մէջ սուր սղաճի, խիտ բնակչութեան, խճողումի, բնակարաններու վարձքի բարձրացման եւ այլն: Սակայն շնորհիւ առկայ խաղաղ իրավիճակին, այդ գիւղաքաղաքներու բնակչութեան մէկ մասը արդէն սկսած է տուն դառնալ, վերադառնալ իրենց գիւղերը եւ այս առընչութեամբ կառավարութիւնը բոլոր միջոցները կ՚ապահովէ, որպէսզի այդ մարդիկը վերադառնան իրենց տուները։ Իսկ տեղական իշխանութիւնները բոլոր միջոցներով կը փորձեն ժողովուրդին օգնել, որպէսզի վերաշինեն իրենց շրջանները, այս ուղղութեամբ ալ մեծ նախաձեռնութիւններ կան այդ շրջաններու վերաշինութեան համար:
-Կ՚ըսեն, որ Սուրիան հասած է պատերազմի վերջին արարին, որքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը եւ դուք ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:
-Ճիշդը եթէ կ՚ուզէք, ես քիչ մը վերապահ եմ այս գաղափարին կապակցութեամբ, թէ սա պատերազմի վերջին արարն է: Յարաբերաբար կրնանք ըսել, թէ հասած ենք վերջին արարին, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ կան երկու շատ լուրջ հարցեր, որոնք դեռ չեն լուծուած: Առաջինը՝ հարցն է Իտլիպ նահանգի, ուր մեծ թիւով ահաբեկչական խմբաւորումներ կեդրոնացած են եւ ամենավտանգաւորներէն համարուող՝ «Էլ-Նուսրա» խմբաւորումը, որ նոյնիսկ Ամերիկայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում: Այսինքն, այդ շրջանը ահաբեկիչներէն մաքրելը սուրիական բանակի ներկայիս առաջին առաքելութիւնն է եւ հիմնական թիրախը։ Երկրորդ կարեւոր խնդիրը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ է, ուր ամերիկեան բանակը ուղղակի կը միջամտէ եւ կը գործակցի քրտական ջոկատներուն հետ: Այս երկու հիմնական հարցերը շատ լուրջ խնդիրներ են եւ Սուրիան այս երկու շրջանները ազատագրելու համար շատ մեծ ռազմական կարելիութիւններու պէտք ունի: Ես չեմ ըսեր, որ ան չունի այդ կարելիութիւնը, բայց, ինչպէս գիտենք, որեւէ զինուորական գործողութիւն այսօր կարիք ունի շրջանային եւ միջազգային ուժերու քաղաքական որոշ յենարանի մը: Ուստի, սուրիական կառավարութիւնը այսօր ամէն ձեւով՝ թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքականօրէն, կը փորձէ այս երկու թիրախներուն հասնելու համար պէտք եղած մթնոլորտը ստեղծել:
Դարձեալ կը կրկնեմ, ես քիչ մը վերապահ եմ ըսելու, որ պատերազմը արդէն աւարտած է, մանաւանդ, որ նոյնիսկ վերոնշեալ երկու հարցերու լուծումէն ետք ալ, կայ սուրիական հարցի քաղաքական լուծման խնդիրը, ինչ որ դեռ ժամանակի կը կարօտի:
-Ինչպէս ըսիք, սուրիական բանակը մտադիր է Իտլիպը գրաւել եւ այդպէսով վերջ տալ ահաբեկիչներու գոյութեան։ Արդեօք այդ մէկը իրականութիւն կը դառնա՞յ յառաջիկայ օրերուն:
-Իտլիպի շրջանը մաքրագործելը, ինչպէս արդէն ըսի, իմ կարծիքով, միայն զինուորական կարելիութիւններէ կախեալ չէ, այլ հոն որոշ քաղաքական ծրագիր մը կամ առաքելութիւն մը պէտք է իրագործուի: Այդ առընչութեամբ երեք միջազգային եւ շրջանային ուժերն են, որ համագործակցաբար պիտի կարենան այդ գործողութեան ընդհանուր քաղաքական յենարանը ստեղծել. անոնք են՝ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը:
-Այսօր ի՞նչ են հայութեան խնդիրները Դամասկոսի մէջ: Ի՞նչ իրավիճակի մէջ է համայնքը, ի՞նչ դժուարութիւններ ունի հայութիւնը:
-Դամասկահայութիւնը, որպէս լիիրաւ համայնք, կը տառապի նոյն այն խնդիրներէն, որոնցմէ կը տառապի Դամասկոսի ամբողջ ժողովուրդը: Այսինքն, տնտեսական հարցերն են, որ մեր հայութեան որոշ մտահոգութիւն կը պատճառեն, ինչպէս նաեւ սղաճը, բնակարաններու սուղ վարձքերու հարցը եւ այլ խնդիրներ։ Որպէս հայութիւն, մենք կ՚ապրինք մեր խաղաղ կեանքը, համահաւասարապէս, Դամասկոսի բնակչութեան միւս բոլոր բաղադրիչներուն հետ։ Հայերը հիմնական բաղադրիչ մըն են, կը վայելեն այն բոլորը, ինչ որ կը վայելեն դամասկոսցիները եւ կը տառապին այն ամենէն, որոնցմէ կը տառապին միւսները: Մասնայատուկ հարց մը չկայ դամասկահայուն համար:
-Գիտենք, որ պատերազմի հետեւանքով մեծ թիւով դամասկահայեր ստիպուած եղան հեռանալ իրենց ծննդավայրէն, իրենց քաղաքէն: Այսօր պատերազմի վերջին փուլին, արդեօք յոյս կա՞յ, որ անոնք վերադառնան Դամասկոս:
-Մեծ յոյսեր ունիմ, որ դամասկահայերը դարձեալ իրենց ծննդավայրը կը դառնան, իրենց տուները կը դառնան: Պէտք չէ մոռնանք, որ դամասկահայութեան գրեթէ մեծ տոկոսը, որ ստիպուեցաւ գաղթել երկրէն, իր անշարժ գոյքերը չէ ծախած, դեռ հոս են: Յուսամ, թէ օր մը ետ տունդարձ մը ըլլայ դէպի Դամասկոս եւ դամասկահայութիւնը դարձեալ բարգաւաճի եւ վերադառնայ իր անցեալի փառքին։
-Իսկ եթէ համայնքը այսօրուան վիճակին մէջ մնայ, արդեօք պիտի կարենա՞յ գոյատեւել, իր ուժերը հաւաքել, վերանորոգուիլ եւ նայիլ ապագային:
-Ընդհանուր առմամբ ես միշտ լաւատես եղած եմ, նամանաւանդ ես, ինչպէս բոլոր հայերը, քրիստոնեայ ենք, եւ քրիստոնէութեան մէջ մենք միշտ յոյսի զաւակներ եղած ենք, մենք կը յենունք Աստուծոյ ողորմութեան, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը ամէն ինչէ վեր է: Ուստի, մեծ յոյսեր ունիմ, թէ պարագաները դարձեալ պիտի լաւանան, դարձեալ մենք պիտի բարգաւաճինք եւ վերանորոգուինք, շարունակելով այն բոլորը, որոնց սկսած էին մեր հայրերն ու մայրերը… եւ դարձեալ դամասկահայութիւնը իր պատմական դերը պիտի խաղայ այս քաղաքին մէջ, իբրեւ անբաժան բաղադրիչ մը Դամասկոսի հանրութեան եւ իբրեւ անբաժան մասնիկը սուրիահայութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան