ՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐ ՄԱՐԻՆԱ ԿԷՕԶԻՒՔԻՒՉԻՒՔԵԱՆ. «ՄԵՐ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՁԱՅՆԸ ՀՆՉԵՑՆԵԼ»

Անշուշտ որ շատ ուշագրաւ եւ ուրախալի է, երբ կը խօսիս մէկու մը հետ, որ հակառակ Սուրիոյ պատերազմի մեծ արհաւիրքներուն, կարողացած ու յաջողած է իր արժանի տեղը գրաւել այն երկրին մէջ, ուր ան յայտնուած է որպէս փախստական-գաղթական։ Այդ անձնաւորութիւններէն է Մարինա Կէօզիւքիւչիւքեանը, որ շնորհիւ իր ձիրքերուն ու բաւական կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յաջողեցաւ ոչ միայն աշխատանք ճարել, այլ նաեւ դառնալ Ֆրանսայէն սփռուող «Ռատիօ Այբ» կայանի սիրուած ձայներէն մին։

Մարինա կը վկայէ, որ իրեն համար ամենէն առաջնային «բերդ»ը, հայ ընտանիքն է ու այդ ընտանիքը պահպանելէ անդին ալ կը փորձէ դրական մօտեցում մը ցուցաբերել իր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն մէջ։ Անոր համար այսօր «մեծ ընտանիք» հասկացողութիւնը «Ռատիօ Այբ»ի ընտանիքն է, ուր Մարինա կը փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել հայերէնով սփռուող իր յայտագրով նոր փայլ մը, հետաքրքրութիւն մը ստեղծել, որպէսզի մարդոց ականջներն ու հոգին լեցուին հայերէնով, հայերէն բառերով, հայերէն երաժշտութեամբ ու երգերով, մէկ խօսքով՝ հայկական հոգիով։

Մարինային հետ ծանօթութիւնս ընթացք առաւ համացանցի ճամբով ու այդ միջոցաւ ալ կարողացայ անոր հետ ամփոփ ու կը կարծեմ բաւական շահեկան այս հարցազրոյցը իրականութեան կոչել։

-Ինչպէ՞ս եղաւ, որ միացաք «Ռատիօ Այբ»ի ընտանիքին։

-2014 թուականի սկիզբն էր, երբ վերջնականապէս հաստատուցայ Վալանս, Ֆրանսա, եւ առաջին հարցումս եղաւ՝ ո՞ւր է Հայ մշակոյթի տունը։ Հալէպ ապրած շրջանիս յաճախած եմ Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկ։ Մէջս հայերէն սորվեցնելու առաքելութիւնը կա՛յ. նախքան Հալէպէն մեկնիլս, ուսուցիչս՝ Յակոբ Չոլաքեան, այդ պատասխանատուութիւնը դրաւ ուսերուս՝ երբ ըսաւ. «Պետրոսեա՛ն, դուն շատ բան կրնաս ընել դուրսը, հայերէն դասաւանդէ՛, մեծ վստահութիւն ունիմ քու հանդէպդ»: Այս մղումով նախ մնացայ Հայ օգնութեան միութեան, որպէս խաչուհի եւ ուսուցչուհի՝ հայկական միօրեայ դպրոցին, շատ չանցած հանդիպեցայ «Ռատիօ Այբ»ի տնօրէնին, որ իր կարգին ըսաւ. ««Ռատիօ Այբ»ը ձեզի նման աշխատակիցներու կարիք ունի։ Փափաքը ունի՞ք հաղորդավար դառնալու»: Անմիջապէս համաձայնեցայ եւ առաջին յայտագիրս եղաւ «Հալէպի ձայնը», որու ընթացքին կը ներկայացնէի Սուրիոյ պատերազմի լուրերը եւ Հալէպի գրողներու օրագրութիւնները, մտորումները, յուշագրութիւնները եւ այլն։ Երկրորդ յայտագիրս, որ մինչեւ այսօր կը վարեմ՝ «Համով հոտով» ճաշատեսակներու յայտագիրն է, ուր կը ներկայացնեմ սննդագիտական նիւթեր եւ հայկական ու համաշխարհային խոհանոցէն բաղադրատոմսեր։ Յառաջիկայ ծրագրիս մէջ պիտի ներկայացնեմ նաեւ հայկական գաւառական ճաշատեսակներ։ Ասոնց կողքին նաեւ կը հետեւիմ հայկական երգարուեստի նորութիւններուն։

-Որպէս հալէպահայ, ի՞նչ խնդիրներով ստիպուած եղաք տեղափոխուիլ Ֆրանսա։

-2012 թուականի կէսին էր, երբ Հալէպի խնդիրները սկսած էին, որոշեցինք ընտանիքով մեկնիլ Յորդանան, որովհետեւ հօրս գործատեղին այդտեղ էր եւ Սուրիա երթալ-գալու դժուարութիւն եւ մեծ վտանգ կար։ Որպէսզի ընտանիքը բաժան չըլլայ, մնացինք մէկուկէս տարի, որմէ ետք՝ 2014 թուականի սկիզբը տեղափոխուեցանք Ֆրանսա բնակութիւն հաստատելու, մեր բոլոր հարազատներուն քով։

-«Ռատիօ Այբ»ը քանի՞ ժամով կը սփռուի։ Ունկնդիրներուն թիւը որքա՞ն է, ի՞նչ են յայտագրերը:

-«Ռատիօ Այբ»ը հայկական սփիւռքի երկրորդ ռատիօկայանն է, սակայն առաջինն է, որպէս 24 ժամ եթեր հեռարձակուող ձայնասփիւռ։ Ֆրանսայի Տրոմ-Արտէշ նահանգներուն մէջ կը հեռասփռուի 97.8 FM ալիքով, իսկ առցանց կարելի է լսել www.radioa.net կայքէջով եւ TuneIn ծրագրով։

«Ռատիօ Այբ»ի յայտագրերը բազմաոճ են։ Ունինք պատմական, գրական, հոգեբանական, մանկական, կնոջական, մարզական եւ եկեղեցական յայտագրեր, իսկ քաղաքական նիւթերով ունինք «carte sur table»ը, որ տեղի կ՚ունենայ Փարիզի «ԱՅԲ FM»ի միջոցով։

-Դուք հաղորդավարութեամբ կը զբաղիք։ Արդեօք հետաքննական լրագրական նիւթեր կը պատրաստէ՞ք ֆրանսահայութեան մասին։

-Ներկայիս միայն հաղորդավարութեամբ կը զբաղիմ, սակայն լրագրութիւնը յառաջիկայի ծրագիրներուս մէջ է։ Ֆրանսահայութեան շուրջ հետաքննական լրագրութիւն չեմ կատարեր, բայց վալանսահայութեան մասին ծրագիր մը ունինք գործակցիս՝ Սիւզան Փեհլիվանեանի մտայղացումով, որ կը կոչուի «Իմ հայրենիքն իմ ամրոցն է»։ Այս ծրագիրը պատրաստման մէջ է եւ շուտով պիտի հեռարձակենք։

-Իսկ ի՞նչ է Վալանսի «Ռատիօ Այբ»ի հիմնական առաքելութիւնը։

-«Ռատիօ Այբ»ը միութենական կանոնագրով ձայնասփիւռ մըն է։ Նիւթական շահեր չի հետապնդեր։ Ձայնասփիւռի գլխաւոր առաքելութիւնն է հայկական օճախներուն մէջ հնչեցնել մայրենի լեզուն, երգն ու երաժշտութիւը եւ տարածել հայկական մշակոյթը լայն առումով։ Մեր հաղորդումները արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով են եւ ուղղուած՝ բոլորին։ Ունինք պատմական՝ «Դարերի միջով», գրական՝ «Հայ գրականութեան ոսկեայ էջեր», «Արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն», «Համով-հոտով» յայտագիրը, հայկական երգարուեստի նոր եւ լաւագոյն տասը երգերու «Լաւագոյն տասնեակ»ը, հոգեբանական վերլուծումներ, կնոջական, մանկական եւ այսպէս…:

Յառաջիկայ ծրագիրներուս մաս կը կազմէ պատմական հայրենիքի մասին՝ «Գանձարան» յայտագիրը, նաե՛ւ աշխարհի մեծագոյն փիլիսոփաները հայերէնով ներկայացնելը մեր ունկնդիրներուն։

-Կը լսենք, որ ֆրանսահայութեան թիւը 300 հազարէն 500 հազարի կը հասնի։ Ճի՞շդ է։ Որքանո՞վ ազդեցիկ է ֆրանսահայութիւնը։

-Այո՛, ճիշդ է։ Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ բնակութիւն հաստատած է 450-500 հազար հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը ծնած են այստեղ։ Ֆրանսահայերը առաւելաբար կեդրոնացած են Փարիզ, Մարսէյլ, Լիոն, Վալանս, Նիս, Քանն եւ այլ քաղաքներ։ Աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն հայ ազգային-աւանդական ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ կուսակցութիւններու տեղական մարմինները, ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Թէքէեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ֆրանսայի մասնաճիւղը, Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը, «Նոր սերունդ» երիտասարդական պատանեկան միութիւնը, Ֆրանս-հայկական գիտական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Ֆրանս-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը եւ այսպէս շարքը երկար է։ Ֆրանսայի մէջ կայ շուրջ 500 հայկական կազմակերպութիւն։ Կրնամ ըսել, որ մենք՝ հայերս, սիրուած ազգ ենք Ֆրանսայի մէջ։ Հայերը իրենց աշխատասիրութեամբ, արուեստով ու տաղանդով վաստակած են ֆրանսացիներուն սէրն ու յարգանքը։

-Ինչպէ՞ս կը գտնէք Ֆրանսայի հայութեան ապագան, գիտնալով, որ այսօր հայախօսութեան լուրջ տագնապ մը կայ Ֆրանսայի մէջ։

-Գիտէ՛ք, հայապահպանումը շատ մեծ պատասխանատուութիւն է իւրաքանչիւր հայու ուսերուն եւ այդ կը սկսի ընկերութեան ամենափոքր օղակէն՝ ընտանիքէն։ Հայապահպանումը, բնականաբար, միայն հայախօսութեամբ չի սահմանուիր։ Այդ սակայն ըսել չէ, որ լեզուն կարեւոր չէ. ո՛չ։ Հայապահպանումը կրնամ նմանցնել կշիռքի, որուն մէկ նժարին վրայ կայ լեզուն, միւս նժարին վրայ՝ ազգային գիտակցութիւնն ու սէրը՝ հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ։ Սէրը ամենէն դժուար բացուող դռներու բանալին է։ Հայ երեխան նախ պիտի սիրէ իր ազգը, մշակոյթը եւ պատկանելիութիւն պիտի զգայ։ Սիրելը կը շեշտեմ, քանի որ երբ ստիպողաբար սորվի, որոշ տարիքէ մը ետք պիտի խրտչի։ Եւ այս բոլորը ընտանիքը, դպրոցը եւ միութիւնները պէտք է սիրով սերմանեն փոքրիկին սրտին եւ հոգիին մէջ, որպէսզի երբ գիտակից ըլլայ, նախ հպարտ հայ ըլլայ, համարձակութեամբ խօսի հայերէն եւ ամենակարեւորը, սիրելով գործէ ազգին եւ հայրենիքին համար։ Ուրեմն, երբ այս գիտակցութեամբ մօտենանք հայապահպանութեան հարցին, այն ատեն կրնամ ըսել, թէ ֆրանսահայութեան ապագան լուսաւոր եւ խոստմնալից կ՚ըլլայ, այլապէս՝ ո՛չ։

Բարեբախտաբար, 2020 թուականին Վալանսի մէջ հայկական ամենօրեայ դպրոց պիտի ունենանք, սակայն, ինչպէս ըսի, հայերէն սորվելու համար որքան կարեւոր է հայ դպրոցը, այնքան ալ կարեւոր է հայաշունչ ընտանիքը։ Երբ զաւակ մը տան մէջ հայերէն խօսի եւ իր մտքի լեզուն հայերէնը ըլլայ, այսինքն՝ հայերէն մտածէ, այն ատեն է որ հանգիստ, առանց կմկմալու հայերէնով կ՚արտայայտուի եւ հայախօսութեան տագնապ ալ չենք ունենար։ Այնքան ատեն, որ ֆրանսական լեզուն եւ մշակոյթը իշխած է տուներուն մէջ, հայախօսութեան տագնապ պիտի ըլլայ մի՛շտ։ Շահան Շահնուր տակաւին 1929 թուականին խօսած է լեզուի նահանջի մասին՝ «Նահանջը առանց երգի» վէպով։ Կ՚արժէ յիշել՝ «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2019