ԿԵԱՆՔԸ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ Է

«Կեանքը կրթութիւն է», ըսած է հեղինակաւոր կենսաբան մը։ Արդարեւ, կեանքը «ցաւի դպրոց» մըն է, որ կրնայ երկար ժամանակ տեւել եւ կամ կարճ, բայց անպայմա՛ն նիւթը ցաւ եւ վիշտ եղող դպրոց մը՝ կրթարան մը։ Ուստի կեանքը «կեա՛նք» ընողը ցաւեր եւ վիշտեր են, որոնք կը կրթեն, կը կատարելագործեն մարդը՝ որ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ կը հասնի, կը հասուննայ, կը ձեւաւորուի։

Երանի՜ թէ չըլլային ցաւ եւ վիշտ. բայց պահ մը անկեղծօրէն խորհիլ կ՚արժէ, թէ կեանքի մէջ եթէ չըլլային ցաւ եւ վիշտ, կեանքը կարելի պիտի ըլլա՞ր իրապէս «կեանք» անուանել, քանի որ ան պիտի ըլլար միօրինակ, անիմաստ եւ աննպատակ ընթացք մը միայն՝ ուր պիտի տիրէր անորոշութիւն եւ ուրեմն խառնակ վիճակ, անկազմակերպ գոյութիւն, այսինքն՝ քաո՛ս։

Մա՛րդ կ՚ապրի «նպատակ»ի մը համար, եւ նպատակին հասնիլն ալ դիւրին չէ՝ աշխատանք եւ երբեմն տանջանք կը պահանջէ. այն՝ ի՛նչ որ կ՚ըսուի ցաւ եւ վիշտ, նեղութիւններ, դժուարութիւններ, արգելքներ եւ երբեմն մութ, երբեմն խաւար՝ անբաղձալի եւ անփափաքելի՛։

Բայց, սիրելի՜ բարեկամներ, ճաշերու համ եւ ճաշակ տուող, կերակուրներու համը աւելցնողները ընդհանրապէս համեմներն են, որոնց մեծամասնութիւնը կծու, թթու, այրող են, եւ կերակուրին ճաշակը կ՚աւելնայ այդ համեմներուն միջոցով։ Եւ ահաւասիկ, կեանքն ալ այդպէս է, ցաւերը եւ վիշտերը իմաստ կու տան անոր, կարծես առիթ կու տան շարժման, ցաւերու եւ վիշտերու դէմ պայքար մղելու եւ այդ եռանդով՝ ձգտումով եւ աշխուժութեամբ ապրելու կեանքը, փոխանակ զայն միօրինակ, միակերպ եւ ձանձրացուցիչ աննպատակ եւ անիմաստ ընթացք մը նկատելու։ Եւ ուրեմն «կեանքը կրթութիւն մըն է» եւ այս իմաստով «կրթութիւն» ուրիշ բան չի նշանակեր, բայց միայն «ներքին անտեսանելի փոփոխութիւններու եւ աստիճանական զարգացման մէջէն անցնելով բարձրագոյն գոյավիճակի մը հասնիլ»։ Քարը միայն դուրսի ազդեցութիւններու ենթակայ է, ներսէն չի փոխուիր, չի շարժիր. իսկ ծառը անիմանալի, անբացատրելի բան մը ունի իր մէջ. կեա՛նք, որ կ՚աճի, կը բարեշրջի, կը բողբոջի եւ պտուղ կ՚արտադրէ։ Այս արդիւնքը յառաջ բերելու եւ իր գոյութեան նպատակին ծառայելու համար ծառը պէտք ունի ինչպէս արեւին շողերուն եւ ցօղին շունչին, նո՛յնպէս ալ անձրեւի տարափին եւ հովին հարուածներուն։ Անոնց ազդեցութեան տակ է որ տկար ծիլը կը ծառանայ, արմատ կը կապէ, գետնէն վեր կ՚ելլէ եւ ի վերջոյ համեղ պտուղը դուրս կու տայ։ Պտուղ տալն է ծառին վերնագոյն կոչումը եւ ծառը կը հասնի իր նպատակին…։

Եւ ընտիր պողպատն ալ կը պատրաստուի ջրդեղուած երկաթը հարուածելով՝ ծեծելով եւ որքան շատ եւ զօրաւոր ծեծուի ան, այնքան ամուր պողպատ ձեռք կը ձգուի։ Եւ այս կը նշանակէ որ կարգ մը գործողութիւններ որքան ալ «ծանր» ըլլան, արդիւնքը այնքան լաւ կ՚ըլլայ։

«Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն», կ՚ըսէ Յիսուս (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։

Ահաւասիկ այս պատուէրն ալ ցոյց կու տայ դժուարութիւններով, նեղութիւններով ձեռք ձգուած արդիւնքին կարեւորութիւնը եւ երանելիութիւնը։ Դժուարութիւններ, նեղութիւններ՝ ցաւեր եւ վիշտեր են որ կեանքին իմաստ կու տան եւ անոր նպատակը կ՚որոշեն։ «Կեանքը կրթութիւն է», քանի որ կեանքը անվերջ պայքար մըն է, այդ պայքարն է, որ կը կրթէ եւ կ՚անդրադարձնէ, որ կեանքը իմաստ մը, նպատակ մը եւ պատճառ մը ունի եւ այն ատեն է, որ կեանքը տանելի եւ նոյնիսկ համ եւ ճաշակ կը ստանայ։

Արդարեւ կեանքը իր ամենալայն առումով կը նշանակէ ներքնապէս փոխուելու ընթացք մը եւ դարձեալ այս իմաստով կրթութիւնն ալ ներսէն փոխուելու, կեանքի ուժերը դուրս բերելու, նկարագրի մարդը արտադրելու եւ պտուղ տալու՝ անձնուիրութեան, սրբութեան, առաքինութեան, քաջասրտութեան, ծառայութեան պտուղներ տալու բարձր վիճակ մը եւ շարժում մըն է, որուն նպատակն է սրտերու ուրախութիւն, կեանքերու փրկութիւն, մարդասիրութի՛ւն։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է «կեանքի կրթութիւն»ը, որ մարդ կ՚ապրի ո՛չ թէ ունենայ, գիտնայ կամ վայելէ, այլ որպէսզի կրթուի՛, այսինքն «մա՛րդ ըլլայ», ազնուական, անձնանուէր, առաքինի մարդ։ Կեանքի այս կրթութեան համար սակայն անհրաժեշտ է ուսանիլ ցաւի եւ վիշտի դպրոցին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 29, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2019