ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ԱՆԿԵՂԾ ՍԷՐԸ
«Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ.- Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.- Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 4-5)։
Արդարեւ, սէրը օրէնքին լման կատարումն է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8)։
Աստուած կ՚ուզէ որ Իրմէ ետք, պատուենք մեր ծնողները, որոնց կը պարտինք կեա՛նքը եւ որոնք փոխանցեցին մեզի ճանաչումը Աստուծոյ։ Ուստի պարտաւոր ենք պատուել եւ յարգել բոլոր անոնք, զորս Աստուած մեզի տուաւ մեր բարիքին համար եւ Իր Իշխանութեան գլուխը դրաւ։
Աստուած Արարիչ է եւ Ստեղծագործ, եւ ծնողներ կերպով մը գործակատարներն են Աստուծոյ եւ գործակիցները՝ որպէս որդեծնողներ, կեանք տուողներ։
«Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ. ասիկա է առաջին պատուիրանը, որուն կապուած է խոստումը՝ որպէսզի երկրի վրայ երջանկութիւն եւ երկար կեանք վայելես» (ԵՓԵՍ. Զ 2-3)։ Այս պատուիրանը կ՚ուղղուի յատկապէս զաւակներուն, նկատի առած անոնց յարաբերութիւնները իրենց հօր եւ մօր հետ, որովհետեւ այս առընչութիւնը ամենէն տիեզերակա՛նն է։ Ան կը հայի նաեւ ազգականական յարաբերութիւններուն՝ ընտանեկան խումբին անդամներուն միջեւ։ Ան կը պատուիրէ որ ծնողներուն, նաեւ պապերուն եւ նախահայրերուն սէր, պատիւ եւ երախտագիտութիւն ընծայուի։
Այս պատուիրանը կը պարունակէ եւ լռելեայն կը հասկնայ պարտականութիւնները ծնողներուն, եւ բոլոր անոնց որոնք ուրիշին կամ մարդոց հասարակութեան վրայ իշխանութիւն կը կիրարկեն։
«Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (ԵՓԵՍ. Զ 4)։
Այս պատուիրանին յարգանքը, հոգեւոր պտուղներուն հետ, կը հայթայթէ ժամանակաւոր պտուղներ երջանկութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան։ Իսկ այս պատ-ւիրանին ոչ պահպանումը, ընդհակառակը, հասարակութիւններուն եւ մարդկային անձերուն մեծ վնասներ կը հասցնէ։
Ամուսնութեամբ միացած այր-մարդ մը եւ կին-մարդ մը իրենց զաւակներուն հետ կը կազմեն «ընտանիք» մը։ Այն անձերը՝ որոնք նոյն տանիքին տակ՝ միասին կ՚ապրին։ Այս կարգավիճակը կը կանխէ ամէն ճանաչում հանրային իշխանութեան կողմէ. ան ինքզինք կը պարտադրէ անոր։ Ան պիտի նկատուի բաղդատութեան բնական եզր մը, որուն զօրութեամբ պէտք է գնահատուին ազգականութեան զանազան ձեւերը։ Ուստի Աստուած, ստեղծելով այր-մարդը եւ կին-մարդը, հիմնեց եւ հաստատեց «մարդկային ընտանիք»ը եւ օժտեց զայն իր հիմնական սահմանադրութեամբ։ Անոր անդամները արժանապատուութեամբ իրարու հաւասա՛ր անձեր են։ Իր անդամներուն եւ հասարակաց բարիքին համար, ընտանիքը ներքնապէս կը վայելէ պատասխանատուութիւններու, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու այլազանութիւն մը։
Արդարեւ, այս իմաստով քրիստոնեայ ընտանիքը հաղորդութիւն մըն է անձերու, դրոշմ եւ պատկեր է Հօր եւ Որդիին ունեցած հաղորդութեան Սուրբ Հոգիին մէջ։
Ընտանիքին փոխյարաբերութիւնները առաջ կը բերեն զգացումներու, գորովի եւ շահերու մօտիկութիւն մը, որ կը բխի մանաւանդ անձերուն փոխադարձ յարգանքէն։ Ընտանիքը «առանձնաշնորհեալ» հասարակութիւն մըն է. կոչուած ամոլներուն միջեւ իրականացնելու մտածումներու բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ ուշադիր գործակցութիւնը ծնողներուն՝ զաւակներուն կըր-թութեան կենսական հարցով։
Ծնողներու հանդէպ յարգանքը՝ «ծնողասիրութիւն»ը կը կայանայ «երախտագիտութեան» մէջ անոնց հանդէպ, որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց անկեղծ սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ հնարաւոր դարձուցին, որ անոնք մեծցան հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։ «Ամբողջ սրտովդ փառաւորէ՛ հայրդ եւ մի՛ մոռնար ցաւերը մօրդ։ Յիշէ՛ որ անոնք քեզ լոյսին բերին, դուն անոնց ըրածը ի՞նչպէս պիտի փոխադարձես» (ՍԻՐ. Է 28-30)։ Արդարեւ ծնողներուն սէրը անկեղծ է եւ բնական, եւ այդ անկեղծ սիրոյ հանդէպ զաւակներուն պարտականութիւնն է հնազանդիլ անոնց ամէն խնդրանքին՝ կատարուած՝ իր կամ ընտանիքին բարիքին համար։ «Որդինե՛ր, ամէն բանի մէջ հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ, ասիկա հաճելի է Տիրոջ» (ԿՈՂ. Գ 20)։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իմաստուն զաւակը կը սիրէ խրատուիլ, իսկ արհամարհոտ զաւակը՝ չ՚անսար յանդիմանութեան» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 1)։ Զաւակներ պարտին փոխարինել ծնողներու սէրը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 2, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024