ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Փաշինեան եւ Ռուհանի անդրադարձան վերջերս Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստին։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին ժողովի արդիւնքներուն համար եւ ընդգծեցին համաձայնութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ Իրան-Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Փաշինեան եւ Ռուհանի կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններու կապակցութեամբ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հասան Ռուհանի վերջերս Թեհրանի մէջ հիւրընկալած էր Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, որ վերոյիշեալ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակից հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր։ Այդ հանդիպման ընթացքին քննարկուած էին ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ռուհանի նշած էր, որ Թեհրան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու նպատակը կը հետապնդէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019