ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՄՇՏԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ

Անգարայի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն միջեւ շփումները անընդհատ կը շարունակուին Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերջին օրերուն մայրաքաղաքի մէջ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ, որուն կ՚ընկերանար Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին։ Երէկ, Լաւրենտիեւ եւ Վերշինին ընդունուեցան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Լաւրենտիեւ օր մը առաջ ալ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուած էր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի կողմէ։  

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019