ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Երէկ, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Պաթումի 16-րդ միջազգային համաժողովը, որ նուիրուած էր Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանին եւ վերջին տասնամեակին արձանագրուած ձեռքբերումներու ամփոփման։ Համաժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ այս հարթակը օգտագործեց բուռն քննադատութիւններ հասցէագրելու համար Թուրքիոյ։ Համաժողովի բացման ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, վարչապետ Մամուքա Պախթածէ եւ Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի։ Տոնալտ Թուսքի ելոյթը խորագրուած էր՝ «Եւրոպան նոր տասնամեակի նախաշեմին»։
Զօհրապ Մնացականեանի ելոյթը տեղի ունեցաւ համաժողովի երրորդ նստաշրջանին, որու նիւթն էր՝ «Արեւելեան գործընկերութիւնը՝ որպէս ժողովրդավարական փոխակերպման գործօն»։ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու անվտանգութեան մարտահրաւէրներու համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց. «Հայաստանի համար Թուրքիան կը հանդիսանայ անվտանգութեան սպառնալիք։ Արդէն քսանեօթ տարիէ ի վեր Թուրքիա կը մերժէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակման քաղաքականութիւնը, որ կ՚ուղեկցուի արդարութեան ժխտողականութեամբ. սա անվտանգութեան սպառնալիք է մեզի համար»։
Զօհրապ Մնացականեան ելոյթին մէջ յոյս յայտնեց նաեւ, թէ ընդհանուր եւրոպական արժէքները չեն ստորադասուիր նոր գործընկերներու, նոր հնարաւորութիւններու, տեսակաւորութեան ուղիներ փնտռելու ճանապարհին եւ ԵՄ անսասան կ՚ըլլայ զանոնք պահպանելու իր սկզբունքային դիրքորոշման մէջ։