ՀՈԳԵՒՈՐ ԳԱՆՁԱՐԱՆ

Ո՛չ մէկ մշակ, որչափ ալ հնարամիտ եւ փորձառու ըլլայ կամ աշխատասէր, ժրաջան, կրնայ հունձք արտադրել, եթէ դաշտը խոպան է եւ հողը ամուլ։ Արդարեւ, լաւ պտուղ ձեռք ձգելու համար որքան կարեւոր է որակաւոր հունտը կամ սերմը, նո՛յնքան անհրաժեշտ է հողը, դաշտը՝ որ պէտք է ըլլայ բերրի, արգասաբե՛ր։

«Լաւ ծառը լաւ պտուղ կու տայ, իսկ գէշ ծառը՝ գէշ պտուղ։ Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի կրնար տալ եւ ոչ ալ գէշ ծառը՝ լաւ պտուղ։ Այն ատեն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի։ Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (ՄԱՏԹ. Է 17-20)։

«Սերմանող մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն հատիկներէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը եւ թռչունները եկան եւ կերան զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս բուսան. բայց երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն։ Ականջ ունեցողը թող լսէ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 1-9)։

«Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք. իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 33)։

«Եւ տեսնելով ժողովուրդի բազմութիւնը, գթաց անոնց, որովհետեւ յոգնած էին եւ ցրուած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ Այն ատեն իր աշակերտներուն ըսաւ.- Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ Հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ ղրկէ» (ՄԱՏԹ. Թ 36-38)։ Այս բոլոր համարներէն կը հասկնանք, թէ հունձքի մը առատ կամ քիչ ըլլալը չէ՛ որ կ՚որոշէ անոր որակը, այլ մշակներու թիւը, անոնց հմտութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ հոգեւոր եւ մտաւոր մակարդակը։ Բայց ինչպէս ըսինք, ո՛չ մէկ մշակ, որքան ալ փորձառու, հմտալից, հնարամիտ ըլլայ, կամ ջանասէր, կրնայ հունձք արտադրել, եթէ դաշտը խոպան է, հողը անբերրի։ Եւ անշուշտ անհրաժեշտ է, որ սերմն ալ լաւ, որակաւոր ըլլայ, որպէսզի բերրի հողին մէջ լաւ հունձք տայ…։

Արդարեւ, ինչպէս բնութեան մէջ, ընկերային եւ հանրային կեանքի մէջ ալ նո՛յնն է պարագան։

Հանրային կեանքի մէջ մեծ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի առաջնորդի մը կամ ղեկավարի մը անձնաւորութիւնը։ Արդարեւ, մարդ իր բոլոր յատկութիւններով ամբողջ մըն է՝ մարմնապէս, հոգեպէս եւ մտապէ՛ս։ Եւ կարելի չէ այս երեսակները անջատապէս՝ զատ զատ կամ առանձին նկատի առնել, քանի որ անոնք միասին կը կազմեն մարդուն «նկարագիր»ը՝ որ մարդը ի՛նքն է, անձը եւ ինքնութի՛ւնը։

Ահաւասիկ որեւէ մարզի մէջ պաշտօն ստանձնող մէկու մէ ինչպէս հմտութիւնը, գիտութիւնը, փորձառութիւնը կարեւոր է, նո՛յնքան անհրաժեշտ է անոր ընդհանուր նկարագիրը, բարոյականը, համոզումները, հաւատալիքները, որոնց մաս կը կազմեն նաեւ անոր անցեալը։ Ինչպէս ըսինք, «անձ»ը ամբողջ մըն է, որքան միտքը, նոյնքան սիրտը, գիտութիւնը ե՛ւ բարոյականը։ Ուստի որեւէ պաշտօնի աթոռը շա՜տ բան կը պարտի պաշտօնակալի ընդհանուր էութեան, անոր մտքին, հոգիին, մարմնական առողջութեան, կենցաղագիտութեան, հմտութեան, հեռատեսութեան, վարքուբարքին, զարգացումին, օրինապահութեան, նկարագրին՝ որոնք ամբողջ մը կը կազմեն եւ «անձ»ը կը ներկայացնեն։ Անշուշտ ղեկավար մը, որ ստանձնած է պաշտօն մը, պէտք ունի նաեւ նիւթական բաւարար միջոցներու, որպէսզի յաջողի մեքենականութիւնը լարելու եւ վարելու։ Ան պէտք ունի նաեւ բարոյական աջակցութեան, որպէսզի պաշտօնը կարենայ կատարել անթերի եւ արդիւնաւոր կերպով։

Հոգեւորականի պաշտօնն ալ առաջնակարգ պարտականութիւնն է Եկեղեցին դարձնել իրապէս մտաւոր եւ հոգեւոր գարձարանի մը։ Եկեղեցին անցեալի մէջ կատարած է այս կենսական դերը, եւ այսօր կը կարօտի նո՛ր ուժերու, եւ մանաւանդ նոր գործելակերպերու՝ մեթոտներու, օրուան պահանջումներուն համեմատ, անշուշտ առանց հեռանալու էականէն։

Հին աւանդութիւններու հանդէպ պէտք է երկիւղած յարգանք՝ որչափ այդ զգացումը չի վերածուիր «մոլեռանդ պաշտամունք»ի։

Անէացումի կը դատապարտուին այն կենդանական եւ ընկերային գոյացութիւնները, որոնք կը մեղանչեն յառաջդիմութեան եւ բարեփոխութեան բնական օրէնքին դէմ։ Արդարեւ նոր պայմաններ կը պարտադրեն ձեւական նոր սպասարկութիւն, եթէ կ՚ուզենք պահպանել էական վարդապետութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 4, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019