ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։ Փառատօնը ներկայ շաբթուան ողջ տեւողութեան գեղարուեստական աշխարհի ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ու վերածուեցաւ շարժանկարի իսկական յաղթանակի մը։ Այսօր արդէն յայտնի կը դառնան այս տարուան դափնեկիրները եւ տեղի կ՚ունենայ մրցանակաբաշխման արարողութիւն։
Մինչ այդ, երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան փառատօնի մասնակիցներուն ի պատիւ սարքեց ընդունելութիւն մը։ Արուեստագէտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան նախագահական ապարանքին մէջ։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան ողջունեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը, որոնց հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց։ Արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն տեսակէտէ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Հայաստանի մասնագիտական զանազան կազմակերպութիւններ մրցանակներ յանձնեցին «Ոսկէ ծիրան»ի լաւագոյն մասնակիցներուն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի կ՚ունենայ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։