«Ս-400» ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ
Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերը երէկ սկսան հասնիլ Թուրքիա։ Այս հրթիռային համակարգերուն յանձնումը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ աշխարհի մէջ։ Միջազգային լրատուամիջոցները այս իրադարձութիւնը հաղորդեցին որպէս հրատապ լուր։
Ռուսական երեք բեռնատար օդանաւերով հրթիռներու առաջին մասերը սկսան հասնիլ Թուրքիա։ Ըստ էութեան, ներկայիս հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու յարակից բաժինները կը փոխադրուին։ Բուն հրթիռները Թուրքիա պիտի հասնին ծովային ճանապարհով։ Մասնագէտներու կանխատեսումներով, հրթիռային համակարգերու յանձնման գործընթացը կրնայ շարունակուիլ մինչեւ յառաջիկայ աշուն։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ռուսական «Ս-400»ներու յանձնման կապակցութեամբ։ Հաշուի առնելով նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութիւնը՝ պետութեան ղեկավարը յայտնեց, որ բոլորը ականատես կ՚ըլլան Թուրքիոյ լրջութեան։ Ըստ Էրտողանի, առաջին շրջանին թէեւ կրնան որոշ ձայներ բարձրանալ, սակայն Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները անպայման կը վերադառնան իրենց բնականոն հունը։