ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու մեր համակրելի բարեկամ Երուանդ Զօրեանը, որ այս շաբաթավերջին իր մասնագիտական աշխատանքին վերաբերեալ համաժողովի մը մէջ դասախօսելու նպատակով կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Երուանդ Զօրեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ժրաջան անդամներէն մին է։ Բաց աստի, ան հիմնադիր-նախագահն է Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ), որ կը գործէ նոյնպէս ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։

Առաջին անգամ չէ որ Երուանդ Զօրեան կ՚այցելէ քաղաքս, սակայն այս անգամուան այցելութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ իրեն կ՚ընկերանայ իր դուստրը՝ Ալին Զօրեան։ Վերջերս Ալին Զօրեան աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը եւ համալսարանէն վկայուած՝ որպէս բժշկուհի։ Երուանդ Զօրեանին եւ Ալին Զօրեանին այցելութեան ընթացքին կ՚ընկերանար Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի սիւներէն Սարգիս Չավուշեան։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Երուանդ Զօրեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Հայկական համացանցային համալսարանի կատարելագործման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ ՀՀԿ ունի ահաւոր թիւով անհատ ուսանողներ։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին կայ շատ կարեւոր նորութիւն մը։ Արդարեւ, այս առցանց համալսարանին անհատներու առընթեր սկսած են հետեւիլ նաեւ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն հայկական վարժարաններ։ Ուստի, ՀՀՀ աստիճանաբար կը վերածուի հարթակի մը, որ ոչ միայն ունի ձգողականութիւն մը հայկական դպրոցներուն համար, այլ իր միջավայրին մէջ կը միացնէ, կը համախմբէ զանոնք։

Երուանդ Զօրեան յայտնեց, որ միշտ կը խրախուսեն Իսթանպուլէն ալ մասնակցութիւնը եւ յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսեն հնարաւորինս ներգրաւել նաեւ պոլսահայ վարժարանները։

Հարկ է նշել, որ Երուանդ Զօրեան եւ դուստրը՝ Ալին Զօրեան երէկ այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Իրենց կ՚ուղեկցէր նոյնպէս Սարգիս Չավուշեան։ Օրուան տեւողութեան Երուանդ Զօրեան այլ շարք մը հանդիպումներ ալ ունեցաւ մեր համայնքային շրջանակներէն ներս։

Զօրեանները վաղը հրաժեշտ պիտի առնեն քաղաքէս։ 

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019