ԲԱՐՁՐ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Գիտութիւններու մեքենաներով, նիւթով միայն զբաղած այս դարու մարդոց մէջ յաճախ կ՚անտեսուին եւ կ՚արհամարհուին բարձր զգացումները որպէս զգայնապաշտութիւն, գեղեցիկին եւ բարիին սէրը, բարեսրտութիւն, բարոյական արժէքներ եւ կրօնք։ Կ՚ուզեն միա՛յն «իրապաշտ», «գործնական», «շահաբեր» ուսում տալ տղոց, որպէս թէ մարդ անհատը միայն նիւթ, միայն ուղեղ ըլլար։
Բայց սա անուրանալի է, թէ զգացումներն ալ մարդկային կեանքի մէկ մասն են։ Տղուն մարմինը եւ միտքը երբ դպրոց կ՚ընդունուին, ընդունելու է նաեւ անոր զգացումները։ Եւ ընդունելէ վերջ թէ՛ զգացումներն ալ մշակութեան եւ կրթութեան առարկայ պէտք է դառնան եւ թէ աշխատելու է զանոնք ուղղել ազնիւ նպատակներու։
Այս ուղղութեամբ պէտք է տալ ճաշակը գեղարուեստին, նկարով, երաժշտութեամբ, գրականութեամբ։ Տղուն կարեկցութիւններուն զգացումը ուղղել դէպի իր հասունութեան սահմանին մէջ կատարուելիք ծառայութիւնները։ Միսթիք հակումները ուղղել դէպի կրօնասիրութիւն, բարոյականութիւն։ Եւ ահաւասիկ, այս քանի մը կեդրոնական ուղղութիւններու մէջ կարելի են դասաւորուիլ մարդկային նկարագրին բոլոր գիծերը եւ բովանդակութիւնը, որոնք արժէք եւ պատիւ կու տան անհատին. գիտական ոգի, ճշմարտութեան գիտակցութիւն, վստահելիութիւն, ձեռներէցութիւն, մարդասիրութիւն, բարձրագոյն իտէալներու հետապնդում, եւ այլն։ Բարոյական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը կարելի չէ անտեսել, քանի որ մարդ որքան ֆիզիքական էութիւն մը, նոյնքան հոգեկան ներաշխարհ մը ունեցող ամբողջութիւն մըն է։ Յաճախ կ՚ըսենք, մարդ մարմին-միտք եւ հոգիէ բաղկացած էութիւն մըն է եւ մարդը «անձ» ընողն ալ այս յատկութիւնն է։ Եւ ուրեմն այս իմաստով «բարոյական դաստիարակութիւն»ը երբեք պերճանք մը չէ՛։
Բարոյական դաստիարակութիւնը վերացական գործ մը չէ. ան կ՚ուսուցուի որոշ ծրագրով, ինչպէս թուաբանութիւնը եւ ուրիշ դասեր։ Ուրեմն կարելի չէ բարոյական դաստիարակութիւնը իրագործել միայն միջավայրի ներշնչումով՝ օրինակներու ազդեցութեամբ։ Արդարեւ տղան բարոյական ուսումը իր ընտանիքի, իր միջավայրի մթնոլորտին մէջէն պիտի շնչէ։ Բայց կարելի է միանգամայն «ուսուցանել բարոյականութիւն»ն ալ, քանի որ ան հիմնուած է իրական եւ դրական սկզբունքներու վրայ, եւ այս կը նշանակէ, թէ ան դրութեան մը, եղանակի մը կը հետեւի։ Ան կ՚ուսուցուի ծրագրով մը։ Եւ մանաւանդ ան կախում ունի իմացականութեան ուղիղ մշակումէն։ Ուստի «բարձր նկարագիր» եւ «բարձր մտածողութիւն» միշտ համընթաց են։
Պարզ տրամաբանութեամբ, եթէ բարոյականութիւնը ուսուցանելի չէ, ապա ուրեմն չկա՛յ «բարոյականութիւն» ըսուած բանը։ Բայց անուրանալի է, բացայայտ է, որ կա՛յ ան, եւ է այնքան իրական ո՛րքան քաղաքակրթութեան յօրինած եւ մարդկութեան պարտադրած մեքենան։ Արդարեւ, բարոյականութիւնը կարելի է տեսնել կեանքի ընդհանուր փորձառութեան մէջ խտացած, կալուած մը կազմած, գեղեցկօրէն բիւրեղացած գրականութեան ընդհանրապէս գեղարուեստի եւ նաեւ հանրային ծառայութեան նուիրուած հաստատութիւններու մէջ։ Բարոյականութիւնը կը գտնուի ամէն մարդասիրական գործի մէջ որպէս արժէք։
Եւ ուրեմն, այս բոլորին ետին, դաստիարակին պէտք եղածն է «ճշմարիտ հաւատք բարոյական սկզբունքներու» եւ հաստատ համոզում գաղափարական ճշմարտութիւններու եւ ընկերային ստուգանիշերու իրականութեան վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով անոնց։
Սա իրականութիւն մըն է, թէ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ եւ որոշ ճիգով կարելի է յաջողիլ տղու մը գիր կամ գիտութիւն սորվեցնել։ Բայց անգիտակցօրէն, ընդհանրապէս անհաւատ եւ անվստահ կը մնանք՝ երբ խնդիրը բարոյական արժէքներու՝ բարոյական ուժերու եւ սկզբունքներու եւ բարոյական ուսուցման գայ։
Ճիշդ է, որ կը հաւատանք բարոյական ուժերու եւ սկզբունքներու, բայց անոնք մեզի համար յաճախ իրականութիւններու վրայ կախուած վերացական արժէքներ կը թուին, որպէս թէ իրենք իրենցմով գոյացած եւ իրենք իրենցմով տեւող, անկախ կեանքի առօրեայ անցքերէն։ Այնքան «բարոյական», այնքան «աննիւթ» կը թուին, որպէս թէ երբեք որեւէ կապ չունենային մեր այս «կաւէ աշխարհին ընթացքին» հետ։
Բիւզանդ Եղիաեան իր «Բարոյական դաստիարակութիւն դպրոցին մէջ» խորագրով ուսումնասիրութեան մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Կարեւոր են բարոյական սկզբունքները, եւ կարեւոր է որ բարոյական սկզբունքները, ընկերային չափանիշները, գերնիւթական ճշմարտութիւնները վերածուին անհատական եւ առօրեայ կեանքի։ Իմաստասէր-դաստիարակ Ճոն Տիուին դրած է անկիւնաքար մը բարոյական ուսուցման մէջ.- Պէտք է բացարձակօրէն ճանչնանք որ բարոյական սկզբունքներ այնքան իրական են, եւ նոյն իմաստով իրական, որքան միւս ուժերը եւ ներգոհ են ընկերային կեանքի եւ անհատական հոգեկան մեքանիզմին մէջ։ Եթէ այս իրականութիւններու մասին մեր հաւատքը գործօն է, մենք ունինք այն որ պէտք է՝ մեր մանկավարժական սիստեմով յառաջ բերելու այն բոլորը որ կը պարունակէ օգտակարը»։
Ուստի դաստիարակը որ այս ստուգութեամբ ներշնչուած կ՚աշխատի՝ կրնայ շարունակ տալ բարոյական իմաստ ուսման բոլոր ճիւղերուն, ուսուցման բոլոր գործելակերպերուն, դպրոցական կեանքի բոլոր դէպքերուն։ Արդարեւ, պէտք է նկատի ունենալ որ բարոյականը անհրաժեշտ է ամէն մարզի, ամէն միջավայրի աշխատութեան մէջ, որպէսզի անոնք հասնին իրենց նպատակին ուղիղ կերպով։ Բարոյականը պէտք է ամբողջ կեանքի համար, քանի որ ան մարդուս մէջ կը ստեղծէ «անձնական պատասխանատուութիւններու զգացում», ի՛նչ որ մարդուս արժանապատուութի՛ւնն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 7, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024