ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ
Ամերիկեան միակ լրատուն, որ առանց պիտակաւորման ու ծաղրանքի կը մեկնաբանէր ԱՄՆ-ի Գործադիր իշխանութեան ու նախագահ Թրամփի իրագործումները, Fox News-ն էր։ Արդէն մօտ երկու ամիս է, որ այս լրատուն շրջադարձ կատարած է, մեծ տեղ կը յատկացնէ ԱՄՆ-ի նախագահութեան դեմոկրատ թեկնածուներուն, եւ ստացած է հակա-Թրամփ ուղղուածութիւն։ Ուրիշ խօսքով՝ նախագահ Թրամփ հիմա յայտնուած է տեղեկատուական ամբողջական շրջափակման մէջ՝ բացի պաշտօնական հաղորդագրումներէն։
Ես չեմ կրնար մեկնաբանել այս ընթացքը։ Բայց, հաստատ կրնամ ըսել, որ հակա-Թրամփ այս հզօր գրոհի մէջ կարեւոր դեր ունին հարցախոյզները։ Գրեմ անձնական փորձիս մասին։
Ես միացայ թէ՛ Տանըլտ Թրամփի՝ 2020 թուականի նախագահական ընտրապայքարի հարցախոյզին, թէ՛ դեմոկրատներու միատեղ հարցախոյզին։ Կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ պատասխանեցի հարցումներուն։ Դեմոկրատներու կողմէն ամէն օր առցանց կը ստանայի եօթ-ութ հարցախոյզ։ Թրամփի կողմէ՝ մէկ կամ երկու։ Հարցումներուն պատրաստման ձեւն ու անոնց մօտեցումը յոյժ մասնագիտական էր։ Յատկապէս դեմոկրատներու հարցումները թիրախ դարձուցած էին առաւելաբար Տանըլտ Թրամփի չընտրուիլը, քան թէ իրենց առաջարկուող ծրագրերը։ Բնականաբար, կային մի քանի հարցումներ, որոնց միջոցով դեմոկրատները կը հետաքրքրուէին մարդոց ակնկալինքներով, բայց անոնք գլխաւորաբար կ՚ուզէին իմանալ մարդոց վերաբերումը գործող նախագահին հանդէպ։ Բնականաբար, ես յետոյ դադարեցուցի երկու կողմերու հարցախոյզները։
Գրեմ ուրիշ թիւ մը, եւ խօսքը ամփոփեմ։
Նախագահ Թրամփ մինչեւ մէկ շաբաթ առաջ կրցաւ աւելի քան 105 միլիոն տոլար գումար հաւաքել նախագահական ընտրարշաւին համար։ Ասիկա աննախադէպ ու մեծ գումար է։ Մինչեւ հիմա չէ հրապարակուած դեմոկրատ թեկնածուներու համար հաւաքուած գումարի մասին զեկոյց։ Այս մէկը կրնայ, որպէս փաստ ծառայել, որ այդ գումարները նկատառելի չեն։ Նախկին նախագահ Պարաք Օպաման իր երկրորդ շրջանի նախագահութեան ընտրարշաւին համար, կրցաւ գոյացնել 51 կամ 54 միլիոն տոլար։ Հիմա ստոյգ չեմ յիշեր։ Ասիկա հաւաքուած գումարի հանրագումարն էր, մինչդեռ կը շարունակուի թէ՛ նախագահ Թրամփի, թէ՛ դեմոկրատ թեկնածուներուն դրամահաւաքը։
Կան շատ ուրիշ հետաքրքրական տուեալներ։ ԱՄՆ-ի մէջ ընդունուած են քարոզարշաւի տարբեր ձեւեր․ ցուցանակներէն, որմազդերէն բացի, ընդունուած է արտադրել թեկնածուի պատկերով իրեր եւ հագուստ։ Կ՚ուզեմ հետաքրքրական ուրիշ թիւ մը տեղեկացնել։ Արդէն սկսած են արտադրուիլ ԱՄՆ-ի դրօշակով ու TRUMP-2020 գրութամբ կարմիր գլխարկներ։ Մինչեւ հիմա միլիոնաւոր գլխարկներ արտադրուած են, եւ կ՚առաքուին անոնց, որոնք առցանց կը պատուիրեն։ Եւ այդ գործարանը, պարզապէս, չի հասցներ արագ սպասարկել բոլորին, եւ առաքումները կ՚ուշանան։ Ասիկա եւս ուրիշ փաստ է՝ տիրող վիճակը նկարագրելու համար։
Ես այս ամէնը կը գրեմ, որպէս իրավիճակի նկարագրութիւն։ Նախկին ընտրութիւններուն ես ո՛չ Հիլըրի Քլինթընին եւ ոչ ալ Տանըլտ Թրամփին քուէարկեցի։ Ինծի համար չկան կատարեալներ, չկան անթերի մարդիկ, եւ ամէն ինչ համեմատական է։ Այո՛, ամէն ինչ համեմատական է։ Գուցէ ձեզի զարմանալի թուի, բայց ես դեռ կ՚ապրիմ ծննդավայրովս, կ՚ապրիմ Հայաստանով, եւ ինծի համար շատ կարեւոր է ԱՄՆ-ի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնները այդ երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի նկատմամբ։ Ես կը հաւատամ, որ դասական պատերազմ տեղի պիտի չունենայ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ։ ԱՄՆ-ի համար Պարսից Ծոցը կորսնցուցած է իր կարեւորութիւնը։ ԱՄՆ-ը արդէն ինքնաբաւ է քարիւղի եւ կազի առումով, եւ արդէն դարձած է այդ ուժանիւթերը արտածող երկիր։ Ապագային ինչ իշխանութիւն ալ ըլլայ ԱՄՆ-ի մէջ, այդ նախկին կարեւոր շրջափուլը անցած է, անիկա մնացած է անցեալի մէջ, եւ հիմա իրավիճակները բոլորովին ուրիշ են։ Կը սխալին բոլոր այն վերլուծաբանները, որոնք քաղաքական աշխարհին կը նային Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք տիրող իրավիճակներու համայնապատկերին մէջ եւ այն ժամանակուայ չափանիշերով, կամ՝ 1960-ականներէն ետք ձեւաւորուող քաղաքականութիւններու նկատառումներով։ Այդպիսի վերլուծաբաններ, որոնց թիւը քիչ չէ, մնացած են նախորդ դարու երկրորդ կիսուն, եւ համաքայլ չեն նոր իրավիճակներուն հետ։
ԱՄՆ-ի համար ի՞նչ կարեւոր է ռազմական ներկայութիւն ըլլալ ըսենք Աֆղանիստանի մէջ։ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուէր ամերիկեան զօրքերը դուրս հանել Աֆղանիստանէն, բայց անոր ռազմական խորհրդատուները ուրիշ մեկնաբանութիւն ունեցան։ Անոնք համարեցին, որ դեռ ժամանակը չէ։ Ամերիկացիները բոլորովին հետաքրքրուած չեն աֆղաններով ու անոնց թայֆայական բախումներով։ Ինչո՞ւ այդտեղ զինուոր պիտի զոհուի։ Ռազմական փորձագէտները նշեցին, որ զօրքը դուրս հանելու պարագային, այդ տարածքը կը դառնայ որոշ առումով «Հարվըրտ» համալսարան՝ ծայրայեղականներ մարզելու իմաստով։ ԱՄՆ-ը միայն ու միայն իր ապահովական նկատառումներով, եւ որոշ չափով նաեւ աշխարհի մէջ ծայրայեղականները կանխելու համար, դեռ կը շարունակէ ռազմական ներկայութիւն ըլլալ Աֆղանիստանի մէջ։ Կը յիշէ՞ք սեպտեմբեր 11-ը․․․ Եւ, երբ Միացեալ Նահանգները հաստատեց հեռակայ իր ներկայութիւնն ու տիրապետութիւնը այդ շրջանին մէջ, ալ անիմաստ է զինուորներ ունենալ այդտեղ։ Հարցը ունի շատ մանրամասնութիւններ։ Կը տեսնէք, ինչքա՜ն է փոխուած է աշխարհը, ու հիմա բոլորովին ուրիշ իրականութիւններ եւ հիմնահարցեր կան։ ԱՄՆ-ը հիմա կը պատրաստուի նուաճել Մարս մոլորակը․․․
Ուրիշ փակագիծ մըն ալ բանամ, եւ ըսեմ, որ ես ԵՐԲԵՔ պիտի չքուէարկեմ անոնց, որոնք իմ ապրած ու սիրած տարածքաշրջանի մէջ Արաբական գարուններ բերին, ու անոր նախորդեց ու յաջորդեց ուրիշ զարգացումներ։ Ատիկա բացառուած է։ Իսկ Թրամփը․․․ Իսկապէս կը դժուարանամ հիմա կողմնորոշուիլ։ Ես բոլորովին բացասական կը համարեմ Տանըլտ Թրամփը տեղեկատուական շրջափակման ենթարկելը, եւ կողմնակցութիւնս կը յայտնեմ մամուլի ազատութեան եւ արդար լրահոսքին։ Չեմ կարծեր հիմա այն դարն է, երբ հնարաւոր ըլլայ որդեգրել երկարատեւ նման շրջափակումներ։ Հաղորդակցական արդի միջոցները կը բացառեն այդ մէկը։ Եւ այս հարցով ալ կը սխալին դեմոկրատները։ Ես անոնց խորհուրդ կու տայի աւելի սառն եւ կշռադատուած մօտենան իրականութիւններուն։ Հապճեպ որոշումները նոյնքան վտանգաւոր են։ Ես նաեւ չեմ կրնար երկրորդել Թրամփի բոլոր քայլերը Իրանի նկատմամբ։ Դեռ ժամանակ կայ աւելին իմանալու եւ խորանալու՝ կողմնորոշուելու համար ԱՄՆ-ի ապագայ նախագահական ընտրութիւններուն։
Վերադառնանք հարցախոյզներուն. վերոնշեալները, եւ այն բոլորը, որ մենք չենք գիտնար հարցախոյզներու արդիւնքներէն, այսինքն՝ ճշգրիտ արդիւնքները, ցոյց կու տան, որ տագնապի մէջ են դեմոկրատները։ Ես այս ամէնը կ՚արձանագրեմ որպէս իրավիճակի նկարագրութիւն։ Լուրերու կապակցութեամբ գրառումները արդէն ամբողջութեամբ դարձած են հակա-Թրամփ։ Կը զգացուի, որ զօրաշարժի ենթարկուած են շատ կառոյցներ։ Իսկ աւարտը՞․․․ Չաճապարենք, սպասենք քիչ մըն ալ, եւ ամէն ինչ պարզ կը դառնայ։
Հետաքրքրական աշխարհ է քաղաքական աշխարհը։
ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան