Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Պաքըրգիւղի վերընտրեալ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի տեւականացնէ մեր համայնքէն Յովհաննէս Կարապետեանի խորհրդականի պաշտօնը։ Անցեալ շրջանին Յովհաննէս Կարապետեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցէր Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին։ Այս շրջանին ան թէեւ չ՚անդամակցիր քաղաքապետական խորհուրդին, սակայն քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յարմար նկատած է զինքը պահել խորհրդականներու շարքին՝ փոքրամասնութիւններու պարագային։ Յովհաննէս Կարապետեան այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնային կապ հաստատելով փոխանցեց այս տեղեկութիւնը։
Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019