ՄԵ՜Ծ ՀԱՆԵԼՈՒԿ ՄԸ ԼՈՒԾԵՑԻ, ԷՎՐԵՔԱ՜…

Թէ նշանաւոր Արքիմետէսի «Էվրեքա» բացագանչութիւնը իրմէ ետք քանի՞ անգամ հնչած է՝ վստահաբար հաշիւը պահող չէ եղած, ու եթէ անունս ալ աւելնայ այդ ցանկին վրայ, վստահաբար մեծ գիտնականին հոգը պիտի չըլլայ։

Ըսեմ, թէ քանի մը օր առաջ ի՛նչ պատահեցաւ, որ ժպրհեցայ անունս արձանագրել այդ ցանկին վրայ։ Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանները կը հաղորդէին Տաւուշի շրջանին մէջ պատահած դէպքերու լուրերը՝ ապօրինի ծառահատում, ճամբաներու փակում, ոստիկանութեան միջամտութիւն, բախումներ, ձերբակալութիւններ եւ այլն։ Լրագրող մը Նախիջեւանէն ուղղակի հաղորդում կը կատարէր, կանգնած՝ շէնքի մը առջեւ, որուն ճակատին շատ յստակ արձանագրուած էր. ՀԻՎԱՆԴԱՆՈՑ. այսինքն՝ հիւանդանոց։ Հաղորդումի պահուն, երիտասարդ լրագրողը, ինչպէս նաեւ պաստառին վրայ երեւցող այլ պատասխանատուներ քանի մը անգամ արտասանեցին ՀՈՍՊԻՏԱԼ, ՀՈՍՊԻՏԱԼԱՑՈՒԱԾ եւ նման տարբերակներ։ Բնականաբար ուշքս կեդրոնացած էր լուրերուն բովանդակութեան վրայ, եւ յանկարծ… միտքիս մէջ փայլատակում մը զգացի եւ Արքիմետէսին արձագանգելով՝ բացագանչեցի. ԷՎՐԵՔԱ՜…

Մեծ հանելուկ մը լուծած էի. հանելուկ մը, որ տարիներէ ի վեր կը չարչրկէ զիս ու ինծի պէս յետամնաց հայորդիներ, որոնք դժգոհութեամբ եւ ընդվզումով կը լսեն հայրենի ժողովուրդին մէջ օր աւուր նոր բարձունքներ նուաճող՝ օտարաբանութիւններու ալիքը։ Համոզուեցայ, որ օտարաբանութեան յարողները ինչո՛ւ իրաւունք ունին եղեր, մինչդեռ ես ու ինծի-պէսներ կը յամենանք նախնադարուն մէջ։ Բացատրեմ, որպէսզի ամէն մարդ լուսաւոր-ւի եւ ազգովին որդեգրենք օտարաբանութիւնները, մուտք գործենք արդի դարաշրջան։

Խօսիմ քանի մը օրինակով. կանգ առնենք քանի մը շատ գործածուած բառերու վրայ եւ միասնաբար համրենք հետեւեալ բառերուն վանկերը.

Հոս-պի-տալ՝ 3 - հի-ւան-դա-նոց՝ 4

Հոս-պի-տա-լա-ցում՝ 5 - հի-ւան-դա-նոց փո-խա-դրել՝ 7

Պո-պու-լիզմ՝ 3 - ամ-բո-խա-վա-րու-թիւն՝ 5

(քաղաքական բեմին վրայ գործածուող նրբերանգը)

Մետ-իա՝ 2 - լը-րա-տու աղ-բիւր-ներ կամ մի-ջոց-ներ՝ 6

Կարելի է ցանկը երկարել, սակայն կարծեմ, սիրելի ընթերցող, յաջողեցար «բռնել» տրամաբանութիւնը։ Օտարաբանութեան դիմողները ո՛չ թէ հայերէնին դէմ են, հայերէն եզրերը չեն սիրեր, այլ կը հետեւին արդի աշխարհի… արագութեան եւ կարճ արտայայտուելու պատգամին։ Օտար բառերը աւելի կարճ են, մինչդեռ հայերէնի եզրերը երբեմն երկար են։

Չէ՞ որ մօտաւորապէս դար մը առաջ աբեղեանական ուղղագրութիւնը որդեգրելու համար ալ «խնայողութեան» նոյն ձախաւեր տրամաբանութիւնը գործածուած էր…

Չէ՞ որ նոյն այդ օրերուն, մինչեւ իսկ հանճարե՜ղ գիւտ մը եղած էր եւ հրապարակ նետուած էր լատինական տառերու որդեգրման գաղափարը, եւ այդ բոլորը՝ արդիականութեան եւ խնայողութեան պատճառաբանութիւններով։

Եթէ մաշտոցեան տառերու գերեզմանումը, իբրեւ սրբապղծութիւն՝ մերժուած էր, օտարաբանութեանց գործածութեան շարունակումը նման արգելքի դէմ չէր գտնուած եւ ահա, մեր մայր հայրենիքին մէջ նոր ծաղկում կ՚ապրի օր աւուր, պետական ամէն ան-պատասխանատու մարդոցմէ սկսեալ, մինչեւ լեզուագէտներ, մամուլ եւ անոնց ազդեցութեան տակ ինկող զանգուածները («խօսում ա, այցելում ա» գեղջկաբանութիւնը՝ այլ հարց)։ Որո՞ւ հոգը, թէ լեզուի տեսչութիւնը ի՛նչ կ՚ըսէ. որո՞ւ հոգը, թէ նման ախտերու պատասխանատուութիւնը կրող նախարարութիւններ եւ մինչեւ իսկ կաճառներ կը նախընտրեն անգործ մնալ եւ… «քաղաքականութիւն խաղալ»։

Եթէ համոզուեցաք, եկէ՛ք, միասնութեան կամքով գոչենք. ԷՎՐԵՔԱ՜…։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019