ԱՐՑԱԽԻ ԱՂԱՄԱՆԸ

-Արցախի աղաման է, արի՛, քուրօ ճան, չե՞ս ուզում առնես:

Գառնիի մուտքին մօտ, կրպակի մը սեղանին ետին կեցած կը կանչէր զիս ծախողը: Ականջիս հաճելի թուեցաւ «Արցախի աղաման»ը. մօտէն դիտեցի հայկական աղամանը, որ հայ կնոջ կերպարը կը ներկայացնէր, աւանդական հագուստ-կապուստով, գլուխը ծածկուած, վիզին ուլունքներ շարած, հայկական խոշոր աչքերով, ձեռքերը միացուցած ու իրանին վրայ մեծ ու կլոր բացուածք մը, ուր, հաւանաբար, կը լեցուի աղը:

-Էս մի հատն է մնացել կաւից սարքած, էս էլ ունեմ, որ էլի կաւից է, բայց պղնձով է ձուլուած:

Շարունակեց ծախողը հետաքրքրութիւնս նկատելով ու ուրիշ մը ցոյց տալով, որ նախորդին պղնձագոյն փայլքով կրկնօրինակն էր:

Բազմաթիւ անգամներ շրջած եմ Վերնիսաժի մէջ, թերեւս հոն ալ գտնուին այս աղամաններէն, բայց՝ չեմ նկատած.

-Ինչո՞ւ Արցախի աղաման,- հարցուցի իսկոյն ծախողին:

-Չգիտեմ, քո՛ւրօ ճան, էնպէս են ասում,- պատասխանեց:

Գիտենք, որ աղը ժայռին՝ քարին ու հողին պէս պաշտամունքի առարկայ էր մեր նախահայրերուն մօտ: Անոր սնունդին պարգեւած կարեւոր դերէն է որ կու գայ այս պաշտամունքը: Յովհաննէս Մանդակունին տեղ մը կը գրէ աղին մասին՝ «Արդ յորժամ ի խտիրս եւ ի հմայս երեւի ի դիւթութիւնս…, ի շարժակամս բժժանաց, հմայից, դիւթաց, յորս կոչեն զդեւս յաղ, յերկաթ…, որով պղծեն եւ կորուսանեն զոգիս հնազանդելոցն», ուր ան կը յանդիմանէ մարդիկը աղով, ածուխով ու երկաթով՝ սատանայական յուռութներով դիւթելու համար:

Աղի պաշտամունքը կ՚աղերսեն նաեւ մարդկային պտղաբերութեան. աղը անբաժան էր Անահիտ դիցուհիէն, աղն ու Անահիտ դիցուհին կը մարմնաւորէին մայրն ու մանչ մանուկը, որուն արտայայտութիւնը կը տեսնենք աղամանի առաջին օրինակներուն մէջ՝ կինը աղամանին պատկերը՝ Անահիտ դիցուհին էր, աղը՝ իրանին մէջ՝ այսինքն պտղաբերութեան վայրը, կը պահուէր: Հաւանաբար, հին հայերը աղը նաեւ Անահիտ դիցուհիին պարգեւը համարած են: Հին սովորութեան մը համաձայն աղը կը ցանուէր նորածինին վրայ կամ տունը չար ոգիներէ մաքրելու համար կը գործածուէր:

Բայց ինչո՞ւ Արցախի աղաման...

Կ՚արժէ պրպտել եւ գտնել այս արտայայտութեան աղբիւը: Համացանցը թերեւս կարենայ օգտակար ըլլալ: Ու... էջեր կը յաջորդեն իրարու, աղամաններու, աղաքսակներու պատկերներ կը տողանցեն աչքերուս դէմ, հին ու նոր բրուտագործութեան նմոյշներ կ՚երեւին, նոր բրուտներ նաեւ, որոնք կը շարունակեն հինին աւանդը... ու՝ «Հայկական աղամաններ» վերնագիրը կը ցոլայ. գիրք մը, ուր կարելի է գտնել փնտռտուքիս պատասխանը, ահա թէ ինչո՛ւ կը սիրեմ համացանցը:

Գիրքին առաջին էջին վրայ՝ «Վ. Հ. Բդոյան, Երեւան, 1986» կը կարդամ: Ծանօթ չէ հեղինակը:

Ընդարձակ բովանդակութեամբ այս գիրքը ուսումնասիրութիւն մըն է հայկական աղամաններուն մասին, որ կը սկսի աղամաններու տարածման վայրերու քարտէսով մը: Գլուխներով կը բացատրէ աղամաններու գոյութեան, ծնունդին, զարգացման ընթացքին մասին, դարերու հոսանքին հետ անոր ենթարկուած փոփոխութիւններուն մասին տեղեկութիւններ կու տայ: Նախ կին բրուտները, տուներու մէջ, աղաման-արձանիկները կը շինէին, իսկ այրերը՝ աղաքսակները, ապա հետզհետէ կաւէ աղամաններու դպրոցներ բացուած են, ուր աղամաններու շինութիւնը զարգացած է:

Գիրքին առաջին գլուխին՝ «Կաւէ աղամանների ոճական դպրոցները» մէջ իսկ կը գտնեմ հարցիս պատասխանը. հայ բրուտներու ոճը կը տարածուի հինգ տարբեր դպրոցներու մէջ՝ Արարատեան ոճի դպրոց, Վասպուրական-ապարանային ոճի դպրոց, Պարսկահայկական-բագրեւանդեան ոճի դպրոց, Մակու-Գառնիի ոճի դպրոց եւ Արցախեան ոճի դպրոց: Գտայ մարդուն ակնարկած կոչումին աղբիւրը, ոճերուն տարբերութիւնները հետաքրքրական են, սակայն այս փոքրիկ արձանիկները շատ աւելի հետաքրքրական պատումներ պահած են իրենց ետին:

Ինչպէս որ վերը նշեցի աղամաններուն Անահիտ դիցուհիին հետ առընչութեան մասին, արձանիկներուն վրայի մանրամասնութիւնները նաեւ խորհրդանշաններ են: Կնոջ վիզին կախուած ուլունքները, օրինակ, Անահիտ դիցուհիին ստացած նուէրները կը խորհրդանշեն: Կարգ մը արձանիկներու գլխուն վրայ քանդակուած ճիւղերը բուսականութեան հովանաւորին կ՚առընչուին, մահիկը՝ բերքի հովանաւորին, իսկ երբեմն գլխու հատուածին զետեղուած խաչը՝ աստուածուհիին բնորոշ յատկանիշ մը ըլլալու է, երբեմն հանդիպող վեցթեւեան աստղը ցոյց կու տայ արական եւ իգական սեռերու զուգորդումը:

Ուրեմն աղամանը առանձին երեւոյթ մըն էր, որուն միջոցաւ կը քօղարկուէր նաեւ կանացիութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ հեթանոսութիւնը: Հեղինակը «ծպտում» բառը կը գործածէ, եւ աստուածուհիին ծպտումը կատարեալ դարձնելու համար արձան-կուռքը պէտք է մեծարուէր ուրիշ անունով, թերեւս քրիստոնէական բովանդակութեամբ անունով մը: Վերջ ի վերջոյ, քրիստոնէութեան մուտքով, անիկա քօղարկուեցաւ Մարիամի անունով, որմէ ետք աւելի համարձակօրէն կը քանդակուէին արձանիկին արտայայտութիւնները, զարդերը, կանացիութիւնը: Քօղարկուեցաւ, այո՛, բայց իր պատեանին մէջ հարիւրամեակներ պահեց Անահիտի պաշտամունքը:

Ժողովուրդին լեզուն է այս, որքա՜ն հզօր, նոր կրօնքի հարկադրաբար ընդունման հետեւանքով ծպտուած կը պաշտէին հինը:

Հզօր է նաեւ Անահիտ դիցուհին, որուն պաշտամունքը առ այսօր կը շարունակուի ու ծէսեր, արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան Գառնիի տաճարին մէջ, ուր քուրմը արարողութեան իւրաքանչիւր հատուածի աւարտին, սուրը ձեռքին կը գոչէ՝ «Փա՜ռք Անահիտին», հանրութեան պատասխանը չ՚ուշանար հարկաւ՝ «Փա՜ռք»...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019